Ո՞վ էր տվել ռմբակոծման հրաման


Ո՞վ էր տվել ռմբակոծման հրաման

  • 24-05-2012 14:32:49   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
 ՈՒԼՈՒՏԷՐԷԻ ՌՄԲԱԿՈԾՄԱՆ ՀՐԱՀԱՆԳԸ ՏՐՈՒԵՐ Է ՕԴԱՅԻՆ ՈՒԺԵՐՈՒ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐՆԵՐՈՒՆ ԿՈՂՄԷ Ներքին Նախարար Շահին Եւ Փոխ Կուսակցապետ Չէլիք Բացատրութիւններ Տուին Այս Մասին ... Թուրքիոյ մէջ տակաւին չէ մոռցուած ու դիւրաւ պիտի չմոռցուի Ուլուտէրէի սպանդը, որուն սխալմամբ զոհ գացին 34 հայրենակիցներ։ Անոնք ահաբեկիչ կարծուած էին, հակառակ որ պարզապէս կարգ մը փախստական ապրանքներ Թուրքիա բերել աշխատող հայրենակիցներ էին։ Մինչեւ այսօր յստակ պատասխան չէր ստացուած այն մասին թէ ո՞վ տուած էր ռմբակոծելու հրահանգը։ Ընդդիմութեան կողմէ այս կապակցութեամբ ուղղուած հարցումին վերջապէս երէկ պատասխան մը եկաւ Ներքին Նախարար Իտրիս Նաիմ Շահինէն, որ ըսաւ որ Ուլուտէրէի ռմբակոծման հրահանգը տրուած էր Օդային Ուժերու հրամանատարներուն կողմէ, որոնք նայած էին օդէն քաշուած նկարներուն ու ահաբեկիչ կարծած էին նկարին մէջ տեսնուող բազմութեան անդամները։ Ներքին Նախարարը այս յայտարարութիւնը ըրաւ Էն-Թի-Վի հեռատեսիլէն իրեն հետ կատարուած զրոյցի ընթացքին։ Ներքին Նախարարը ընդունեց որ 28 Դեկտեմբերին պատահածը աղէտ մըն էր եւ ասիկա արձանագրուեցաւ ապահովութեան ուժերու փորձառութեան տետրակին մէջ։ Ասկէ վերջ ապահովութեան ուժերը աւելի ուշադիր պիտի ըլլան իրենց որոշումներուն մէջ։ Երբ հարցուեցաւ թէ ո՞վ տուած էր ռմբակոծման հրահանգը, Ներքին Նախարարը ըսաւ. »Այնպէս կþերեւի որ այդ հրահանգը տրուեցաւ լուսանկարուած տեսարաններուն նայող հրամանատարներուն կողմէ«։ Այս »Այնպէս կþերեւի« նախադասութիւնը անշուշտ քիչ մը մտածել կուտայ այն մասին թէ Նախարարին պատասխանը հիմնուած է ենթադրութեան վրայ կամ թէ կը խուսափի աւելի յստակ պատասխան մը տալէ։ Բայց Ներքին Նախարարը աւելցուց որ ռմբակոծուած ու սպաննուած այդ հայրենակիցները ահաբեկիչ չէին, սակայն մաքսանենգներ էին, փախստական ապրանք կը բերէին երկիր, եւ եթէ ողջ ձերբակալուած ըլլային, պիտի դատուէին, պիտի պատժուէին։ Եւ մաքսանենգները միայն անոնք չէին։ Մեծ թիւով մաքսանենգներ կան հոն, Հիւսիսային Իրաքի այդ շրջանին մէջ որ կը գտնուի Գանտիլի ահաբեկչական կազմակերպութեան հակակշռին տակ։ Այնուհետեւ Ներքին Նախարարը ունեցաւ արտայայտութիւններ որոնք թերեւս կþարտասանուէին Ուլուտէրէի ողբերգութեան մեղքը թեթեւցնելու թաքուն նպատակով։ Ան ըսաւ որ ՓՔՔ-ին դրամական աղբիւրներէն մէկն ալ նմանօրինակ մաքսանենգներն են ու սպաննուած այս հայրենակիցները պարզապէս ահաբեկչական կազմակերպութեան »Ֆիկիւրան«ներն էին։ Ուստի պէտք է հարցաքննել այն միւսները որոնք գլխաւոր դերը կը խաղան։ Նմանօրինակ յայտարարութիւն մըն ալ եկաւ Ա-Գէ-Փէի փոխ կուսակցապետ Հիւսէյին Չէլիքէն, որ իր սարքած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ որ Ուլուտէրէն ռմբակոծելու հրահանգը տրուեցաւ շահագրգիռ հրամանատարներուն կողմէ։ Ճի՞շդ հրահանգ էր, թէ սխալ, այդ հարցը պիտի քննարկուի եւ կառավարութիւնը բացարձակապէս պիտի չքօղարկէ իրականութիւնները։ Ինչպէս նախապէս Վարչապետ Էրտողանն ալ ըսած էր, Ուլուտէրէի թղթածրարը պիտի չկորսուի Անգարայի մութ մթիջանցքներուն մէջ։ Չէլիք ընդունեց որ այս հարցին քննարկումը երկար տեւեց, բայց ատիկա բնական նկատեց ու խստիւ մերժեց նաեւ Ճէ-Հէ-Փէի Կուսակցապետ Քըլըճտարօղլուի այն ամբաստանութիւնը թէ կառավարութիւնը, արեան գումար վճարելով կը ջանայ լռեցնել զոհերուն տառապեալ մայրերը։ «Մ»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը