Ի՞նչպես պետք է լուծել քրդական հարցը


Ի՞նչպես պետք է լուծել քրդական հարցը

  • 08-06-2012 15:25:19   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Պէ-Տէ-Փէի Համանախագահ Սէլահատտին Տէմիրթաշ երէկ վերապահութիւն յայտնեց Էրտողանի ու Քըլըճտարօղլուի միջեւ քրտական հարցի կապակցութեամբ կայացած հանդիպման մասին։ Տէմիրթաշ պնդեց որ այս կերպով նիւթը 2-3 օրուան մէջ յանկարծ մտաւ տարբեր հունի մը մէջ եւ լուծման տարբեր եղանակ մը փնտռելու հասկացողութիւն մը ծնունդ առաւ, մինչեւ որ այս տեսակէտը չյստականայ, մենք այս հանդիպումէն մեծ արդիւնքի մը չենք կրնար սպասել, ըսաւ Տէմիրթաշ։ Երկու Կուսակցապետները տեսակցեցան իրարու հետ, բայց այդ տեսակցութենէն առաջ ու վերջը կատարուած յայտարարութիւնները ցոյց տուին որ գլուխները պղտոր են եւ կþուզեն պղտորել նաեւ ուրիշներուն միտքը։ Երկու կուսակցութենէն ալ չկրցանք լսել յստակ բացատրւթիւն մը։ Օրինակ, Վարչապետը կþըսէ որ քրտական հարց մը գոյութիւն չունի։ Ասիկա Մէ-Հէ-Փէ կուսակցութեան ալ ըսածն է։ Իսկ Ճէ-Հէ-Փէ, Խորհրդարանի Նախագահութեան ղրկուած գրութեան մէջ Քրտական հարցի մը մասին կը խօսէր։ Հիմա եթէ երկու կուսակցութիւնները համաձայնեցան հասարակաց յանձնախումբ մը կազմելու մասին եւ եթէ վարչապետն ալ սկսաւ ըսել որ Քրտական հարց գոյութիւն չունի, կը նշանակէ որ միտքերու շփոթութիւն մը կայ։ Իսկ եթէ Ճէ-Հէ-Փէ կը մտածէ որ պէտք է զօրակցի Ա-Գէ-Փէի քաղաքականութեան, չենք հասկնար թէ ասկէ աւելի ի՞նչպէս կրնան զօրակցիլ արդէն։ Տէմիրթաշ ըսաւ որ ծայր աստիճան սխալ է այս խնդրին լուծումը թողուլ Մէ-Հէ-Փէի վերջնական վէթոյին։ Եթէ Մէ-Հէ-Փէ չըլլայ, այս երկրին մէջ խաղաղութիւն պիտի չհաստատուի՞, մինչեւ որ Մէ-Հէ-Փէ »Այո« ըսէ, այս երկրին մէջ արիւնահոսութիւնը պիտի շարունակուի՞։ Յայտնի է որ երկու կուսակցապետները իրենց հաւաքոյթի ընթացքին լուծում չփնտռեցին։ Խաղաղութեան որոնում չկայ, կայ պարզապէս Ա-Գէ-Փէին զօրակցելու հրաւէր մը։ Մինչդեռ կարեւորը սա է. Ճէ-Հէ-Փէ ի՞նչպէս կը նայի այն առաջարկին ըստ որու ապահովութեան ուժերու բոլոր գործողութինները պէտք է դադրին ու ՓՔՔ-ն ալ բացարձակապէս պէտք է վերջացնէ զինեալ յարձակումները։ Տէմիրթաշ հարցուց որ մարդիկ ի՞նչպէս կրնան Քրտական հարցին լուծում գտնել եթէ իրենց բացատրագիրներուն մէջ մէկ անգամ իսկ Քիւրտ անունը չեն յիշեր։ Ըստ Տէմիրթաշի, երկու կուսակցութիւններու համաձայնութիւնը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի նոր միջոցներ որոնել։ Մինչդեռ, եթէ լուծում կը սպասուի, պայման է որ այս խնդրին դերակատարները կանխաւ ընդունին որ նեցուկ կը կանգնին Քիւրտ ժողովուրդին մարդկային, խղճմտանքային եւ քաղաքական բոլոր ազատութիւններուն: «Մ»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը