ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Ուրբաթ, 8 Իւնիս 2012, երեկոյէան ժամը 7.00-ին, հանդիսապետութէամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ կազմակերպութէամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կ'աթողիկոսութէան Դպրեվանքին, Անթիլիասի Մայրավանքի ?Կիլիկիա? Թանգարանին մէջ, տեղի ունեցաւ հայ գիրքի տպագրութէան 500-ամէակին նուիրուած ՀԱՅ ՀՆԱՏԻՊ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ԵՒ ՄԱՄՈՒԼԻ Ցուցահանդէսը:
Ցուցահանդէսին ներկայ գտնուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կ'աթողիկոսութէան միաբան հայրեր, հոգեւորականներ, Դպրեվանքի սաներ եւ լիբանանահայ մտաւորականներ ու գրասէրներ£
Բացման խօսքը արտասանեց Դպրեվանքի Դ. Ընծայարանի սաներէն Բարշ. Միքայէլ Աւ. Սրկ. Սարգիսէան եւ հայ հնատիպ գիրքին եւ մամուլին եզակիութէան մասին խօսեցաւ մատենագէտ Ժիրայր Դանիէլէան:
Իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետը, որ ըսաւ. ?Այս ցուցահանդէսը երկու կէտ լուսարձակի տակ կը բերէ. առաջին, մեծարել Եակոբ Մեղապարտը եւ հայ գրականութէան բոլոր ժամանակներու գրիչները, դպիրները, հոգեւորականները, հրատարակիչներն ու ընթերցողները. երկրորդ, յիշել եւ յիշեցնել մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ հայ գիրքը անտէր պէտք չէ մնայ: Գիրքը եւս մարդուն նման կը խօսի, կը զգայ, կու լայ եւ կը հրճուի?£ Վեհափառ Հայրապետը յիշեց, թէ մի քանի օրեր առաջ ֆրանսերէն թերթին մէջ կարդացած էր ֆրանսացի գրողին մասին ուր կÿըսուէր թէ ?մի՛ ձգէք որ գիրքերը լան?: Նոյնը կրկնելով Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. ?Մի՛ ձգէք որ այս գիրքերը լան: Այս գիրքերը փոշիներու մէջ պէտք չէ թաղուած մնան: Անոնք պէտք է բացուին, հրատարակուին, կարդացուին, այլ խօսքով կ'էանք առնեն, որպէսցի մեր կէանքին որակ, իմաստ ու նպատակ տան?: Ապա, գնահատելէ ետք ցուցահանդէսը կազմակերպած Դպրեվանքը եւ այս առթիւ աշխատանք տարած միաբաններէ եւ աշխարհականներէ բաղկացած եանձնախումբը, Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը եզրափակեց, հաստատելով. ?Այսպիսի ձեռնարկներ կարեւոր են մեր կէանքին մէջ մեր ժողովուրդի զաւակներուն ուշադրութէան եանձնելու համար հայ մշակոյթին եւ մեր հոգեմտաւոր արժէքներուն կենսական դերն ու տեղը մեր հաւաքական կէանքին մէջ:
Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ Երկուշաբթի, 18 Իւնիս 2012 եւ բաց պիտի ըլլայ առաւօտէան ժամը 10.00-էն երեկոյէան ժամը 8.00-ը: Եայտնենք, որ այս առիթով հրատարակուեցաւ Կիլիկիոյ Կ'աթողիկոսութէան մատենադարանի հնատիպներու ցանկը ու բաժնուեցաւ ներկաներուն: