Թուրքիայի պատմության գաղտնիքները լույս աշխարհ պետք է գան


Թուրքիայի պատմության գաղտնիքները լույս աշխարհ պետք է գան

  • 15-06-2012 12:57:24   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Թրքական «Աքշամ» օրաթերթին մէջ, Սոնէր Արըքանօղլուի ստորագրութեամբ լոյս տեսած լրատւութեան մը մէջ կ?ըսուի, թէ Թուրքիոյ պատմութեան գաղտնիքները լոյս աշխարհ պիտի գան: Լրագրողը կը գրէ, թէ Ապահովութեան սպասարկութիւնը՝ Դիւաններու ազգային վարչութեան փոխանցած է բոլոր այն դիւանները, որոնք լրացուցած են 50 տարին: Ասոնց վերադասաւորման, ցանկագրման եւ թուայնացման ընթացքին, ըստ լրագրողին՝ փոշիներուն տակէն բաւական մեծ թիւով խորհուրդներու բացայայտումները պիտի ժայթքին: Աւելի քան 250 միլիոն փաստաթուղթեր պարունակող 500 հազար թղթածրարներէն դուրս պիտի գան Նազըմ Հիքմէթի մասին արձանագրութիւններէն մինչեւ Տէրսիմի դէպքերուն վերաբերողները՝ անցնելով մշուշապատ մնացած, խորհրդաւոր բազմաթիւ այլ պարագաներու առընչուող փաստաթուղթեր: Արըքանօղլու կը գրէ, թէ անոնց մէջ կը գտնուին յատկապէս Տէրսիմի դէպքերուն մասին՝ ոստիկանութեան կողմէ գրի առնուած այն արձանագրութիւնները, որոնք զատ գլուխ մը կը կազմեն՝ «Հայերէնով ծիսակատարութիւն» խորագրով: Այդ արձանագրութիւններէն կը պարզուի, որ ապստամբութենէն առաջ Տէրսիմի մէջ մեծ թիւ կը կազմէին հայերէնով ծէս կատարողները: Անոնցմէ կը պարզուի նաեւ, որ այդ մասին ոստիկանութիւնը հետախուզական մանրազնին ցանկագրութիւններ կատարած է: «ՆՅ»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը