Ձերբակալվածները հայեր են և վրացիներ


Ձերբակալվածները հայեր են և վրացիներ

  • 15-06-2012 12:59:56   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը

Ֆրանսական ոստիկանութիւնը, անցեալ շաբաթ, ծաւալուն գործողութեամբ մը, գողերու հսկայ ցանցի մը 21 անդամները ձերբակալած է Լիմոժի եւ Փարիզեան շրջանին մէջ: Ասոնք մեծ մասամբ Վրաստանի Քութայիսի շրջանէն Վրացիներ են, բայց անոնց մէջ կան նաեւ Հայեր: Գողերը վերջին քանի մը ամիսներու ընթացքին ամբողջ Ֆրանսայի տարածքին 150էն 200 կողոպուտ կատարած են: Կը «գործէին» յատկապէս Գորէզ, Գրէօզ, Հօթ-Վիէն, Ալիէ, Շարանթ, Տորտոնեը, Ժիրոնտ եւ Վիէն նահանգներուն մէջ, բայց միշտ ալ կը վերադառնային Լիմոժ՝ որպէս կեդրոն բայց նաեւ որպէս բնակավայր: Ապա, իրենց գողօնը՝ գլխաւորաբար գոհարեղէններ, կը տանէին Պելճիքա, ուր կը վաճառէին գոհարավաճառի մը: «ՆՅ»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը