Հայաստանի Հանրապետության դեսպանը՝ Ֆրանսիայում


Հայաստանի Հանրապետության դեսպանը՝ Ֆրանսիայում

  • 16-06-2012 14:24:31   |   |  Քաղաքական

Ֆրանսացի ծերակուտականը անգամ մը եւս հաւաստած է պատժելիութեան նոր բանաձեւի մը նախաձեռնութեան մասին Գլամարի ծերակուտական-քաղաքապետ, Ծերակոյտի Ֆրանսա-Հայաստան Բարեկամութեան խումբի նախագահ Ֆիլիփ Քալթընպախ համացանցային հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Յունիս 13ին, Ծերակոյտի շէնքին մէջ ընդունած է Հայաստանի դեսպան՝ Վիգէն Չիտեչեանը: “Իրեն վերստին յիշեցուցի, թէ որքան կարեւոր է ինծի համար 1915ի Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին պահպանումը՝ ժխտողական յարձակումներէ: Այս կամքը, զոր կը բաժնէ նաեւ Հանրապետութեան նոր նախագահը, ի մօտոյ նիւթը պիտի դառնայ օրէնսդրական նոր միջոցառումի մը քննարկման՝ օրէնքով ճանաչում գտած ցեղասպանութիւններու ժխտումին պատժելիութիւնը նախատեսող օրինագծին անցեալ ձմեռ Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ մերժումէն ետք: Ժխտողականութիւնը երբեք տեղ պիտի չունենայ Ֆրանսական հանրապետութեան հողին վրայ”, կ?ըսէ ծերակուտականը հաղորդագրութեան մէջ ու կը շարունակէ. “Իրեն տեղեկացուցի նաեւ, որ յառաջիկայ Նոյեմբերին, Բարեկամութեան խումբի անդամ ծերակուտական իմ միւս ընկերներուս հետ՝ հաճոյքը պիտի ունենամ ընդունելու Հայաստանի Ազգային Ժողովի խորհրդարանականներու պատուիրակութիւն մը”: «ՆՅ»
  -   Քաղաքական