Մի քանի տողով...


Մի քանի տողով...

  • 16-06-2012 14:27:05   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
ՖՐԱՆՍԱՅԻ Հանրապետութեան ներկայի եւ նախկին նախագահները՝ Հոլանտ եւ Սարքոզի, միասնաբար ներկայ գտնուեցան՝ Փարիզի մէջ, Յունիս 14ին կատարուած ֆրանսացի չորս զինուորներու յուղարկաւորութեան: Այս զինուորականները անցեալ շաբաթավերջին, Աֆղանիստանի մէջ զոհ գացած էին ոճրափորձի մը: Միւս կողմէ, Փէնթակոն յայտարարած է, թէ ամերիկեան բանակը՝ Աֆղանիստան իր միջամտութենէն ի վեր՝ 2001ին, 2000 զոհ տուած է: ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ կը ճգնի ու կը ճգնի, բայց չի յաջողիր տեսնել փապուղիին ելքը: Հակառակ բոլոր ջանքերուն ու ճապկումներուն, երկրին տնտեսական կացութիւնը որեւէ բարելաւում չ?արձանագրեր: «Քաթիմերինի» օրաթերթը Յունիս 13ին կը գրէր, թէ պետական գանձին մէջ գտնուող գումարները հազիւ պիտի բաւեն պաշտօնեաներու աշխատավարձքերը դիմագրաւելու մինչեւ Յուլիս 20: ԹՈՒՆՈՒԶԻ նախկին բռնատէրը՝ Պէն Ալի, Յունիս 13ին, երկրին զինուորական դատարանին կողմէ ցկեանս բանտարկութեան բանտարկուեցաւ: Այս վճիռը արձակուեցաւ ի բացակայութեան Պէն Ալիի, քանի ան ապաստանած է Սաուտական Արաբիա, որ մինչ այսօր մերժած է ընթացք տալ ենթական վերադարձնելու դիմումներուն: ԱՈՒՆԿ ՍԱՆ ՍՈՒ ՔԻ, պիրմանացի ծանօթ այլախոհ կինը, որ աւելի քան 20 տարի առաջ արժանացած էր Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակին եւ միշտ հալածանքներու ենթարկուած՝ իր երկրին իշխանութիւններուն կողմէ, վերջապէս Յունիս 16ին, Օսլոյի մէջ պիտի կարենայ իր շնորհակալութեան ուղերձը արտասանել: Նշենք, որ Աունկ Սան Սու Քի, որ ներկայիս երեսփոխան ընտրուած է, այն ատեն իր բնակարանին մէջ արգելափակուած կը պահուէր զինուորական վարչակարգին կողմէ: Այդ պայմաններուն մէջ, իր ընտանիքը հարկադրուած էր երթալու ու ստանալու իր մրցանակը: ԻՐԱՔԻ մէջ ահաբեկչութիւնը կրկին գլուխը ցցած է. Յունիս 13ին գործուած են յաջորդական ոճրափորձեր որոնք այլապէս արիւնալի եղած են: Ընդհանուր հաշուեկշռով՝ կար 72 մեռեալ եւ աւելի քան 250 վիրաւոր: Իրարու յաջորդած շուրջ 40 արարքներու թիրախն էր շիի համայնքը, որ կը պատրաստուէր Պաղտատի մէջ յուղարկաւորել բարձրաստիճան կրօնաւոր մը: Առայժմ արարքները ստանձնող չէր եղած, բայց գրեթէ ստոյգ կը նկատուէր ծայրայեղ սուննիներու եւ ալ-Քաիտայի պատասխանատւութիւնը: ԵՒՐՕ 2012ի ֆութպոլի մրցաշարքին առաջին մեծ անակնկալը եկաւ Հոլանտայէն, Բ. խմբակին մէջ: Ան, որ Բաժակին յաւակնորդներէն կը նկատուէր, Յուլիս 13ին, Խարկովի մէջ Գերմանիայէն կրած (1-2) իր պարտութենէն ետք գրեթէ կը հեռանայ մրցաշարքէն, բացի եթէ մաթեմաթիքական չնչին հաւանականութիւն մը իր օգնութեան հասնի: Այս յաղթանակով Գերմանիա կ?անցնի քառորդ աւարտականներու փուլին: Այս խմբակին միւս մրցումին՝ Փորթուկալ 3-2 պարտութեան մատնեց Դանիան՝ Լվովի մէջ, վստահ քայլ մը նետելով դէպի քառորդ աւարտական: Այս խմբակին մէջ, Գերմանիա 6 միաւորով առաջատար է, Փորթուկալ եւ Դանիա 3ական միաւոր ունին, Հոլանտա՝ 0: Յուլիս 14ին, Գ. խմբակին ի հաշիւ մրցումներուն, Փոզնանի մէջ, Իտալիա եւ Խրուաթիա 1-1 հաւասար մնացին: Միւս մրցումին ալ, Կտանսկի մէջ, Սպանիա՝ 4-0 արդիւնքով ճզմեց Իռլանտան, որ դուրս կը մնայ մրցաշարքէն. Սպանիա 4 միաւոր ունի, Խրուաթիա՝ 4 եւ Իտալիա՝ 2: Վերջին մրցումները ճակատագրական պիտի ըլլան: «ՆՅ»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը