Լիոնի քաղաքապետարանում բացվել է Արցախի մշակույթին նվիրված ցուցահանդես


Լիոնի քաղաքապետարանում բացվել է Արցախի մշակույթին նվիրված ցուցահանդես

  • 19-06-2012 10:34:12   |   |  Մշակոյթ

Օրերս, Լիոնի քաղաքապետարանին մէջ Արցախի մշակոյթին նուիրուած ցուցահանդէս մը բացուած է: «Նափոլէոն Պիւլլիւքեան» հիմնադրամին հետ գործակցաբար՝ հայկական տպագրութեան 500ամեակին առթիւ կազմակերպուած այս նախաձեռնութեան բացման արարողութեան ներկայ եղած է Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեան: Նշեալ ցուցահանդէսով հետապնդած նպատակն է՝ ծանօթացնել այն կարեւոր դերը, զոր խաղացած է Արցախ՝ Կովկասի մէջ հայ մշակոյթի պահպանման եւ տարածման գործին մէջ: Այս առթիւ կատարուած է նաեւ «Արցախ՝ հայկական արուեստներու եւ աւանդութիւններու այգին» գիրքին ներկայացումը, եւ տրուած է բանախօսութիւն մը՝ բացատրելու համար Արցախի, յատկապէս իր պատմական մայրաքաղաքին՝ Շուշիի դերը որպէս մշակութային եւ մտաւորական օճախ՝ Կովկասի մէջ: ՆՅ
  -   Մշակոյթ