ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ. Իսրայէլ Լաւ Պատճառ Մը Ունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ. Իսրայէլ Լաւ Պատճառ Մը Ունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու

  • 23-06-2012 22:41:42   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ
12 Յունիսին Իսրայէլի խորհրդարանին՝ Քնեսեթի մէջ գումարուեցաւ «պատմական նիստ մը», որուն ընթացքին «եօթը տարբեր քաղաքական կուսակցութիւններու ճնշող մեծամասնութիւնը համաձայն գտնուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու» հարցին, գրած է Երուսաղէմի մէջ Ողջակիզումի եւ ցեղասպանութեան հարցերով հիմնարկի գործադիր տնօրէն դոկտոր Իսրայէլ Չարնին։ Ան զգուշաւոր նախատեսութիւն մը կատարեց այն մասին, որ Քնեսեթը արդէն աւարտեց իր բոլոր օրէնսդրական գործընթացները, որոնք պիտի առաջնորդեն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման։ Թէեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ընդունումը ողջունելի է, բայց եւ այնպէս Իսրայէլ այս մէկը շատոնց պէտք է կատարած ըլլար։ Իրականութեան մէջ հրէական պետութիւնը պէտք է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնող առաջին պետութիւնը ըլլար՝ Ողջակիզումի (Շոահ) ահաւոր ժառանգութեան պատճառով։ Ո՞վ պէտք է կարեկցանք տածէ ցեղասպանութեան զոհերուն նկատմամբ, եթէ ոչ անոնք, որոնք նոյնանման ճակատագիրի ենթարկուած են։ Քնեսեթի անդամ Նինօ Ապեսածէ նիստին ընթացքին նկատել տուաւ, որ՝ «Մենք ալ զոհեր տուած ազգ ենք, ուստի իրաւունք չունինք չմիանալու զոհուած ուրիշ ժողովուրդի մը դատին»։ Քնեսեթի ազդեցիկ այլ անդամներէն մէկը, Լիքուտ կուսակցութեան ներկայացուցիչներէն Զէեւ Էլքին յայտնած է. «Մենք աշխարհի մէջ ապրող վերջին ազգերէն ենք, որ տակաւին չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Ասիկա մեր բարոյական պարտականութիւնն է, զոր ցարդ չենք կատարած»։ Դոկտոր Չարնի կը գրէ, թէ 12 Յունիսի նիստին ընթացքին Քնեսեթի նախագահ Ռեւին Ռիվլին «հաստատակամ եւ ոգեշնչող կերպով» խօսած է՝ «խոր համոզումով անդրադառնալով հրեաներուն ու Իսրայէլի կողմէ ուշացած ճանաչման հրամայականին»։ Նախագահ Ռեւին յայտարարած է, որ կարիք չկայ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը կրկին քուէարկութեան դնելու, քանի որ խորհրդարանը նախորդ տարի միաձայնութեամբ թեր քուէարկած էր ճանաչման։ Դոկտոր Չարնի բացատրեց, որ ի տարբերութիւն Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին, Քնեսեթի որոշումները լիագումար նիստին ընթացքին կ՛արծարծուին, նախքան յանձնաժողովներէն մէկուն կողմէ քննարկուիլը։ Հայոց Ցեղասպանութեան որոշման յաջորդ հանգրուանը Կրթական յանձնաժողովն է, որմէ ետք անիկա կրկին կ՛ուղարկուի Քնեսեթ՝ վերջնական քուէարկութեան համար։ Միայն այն ատեն կարելի է ըսել, որ Քնեսեթը պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ 12 Յունիսի նիստին ընթացքին անսպասելի զարգացումներէն մէկը բնապահպանութեան նախարար Կիլատ Էրտանի կատարած հաստատումն էր. ան յայտարարեց, որ պաշտօնապէս կը խօսի կառավարութեան անունով։ Ան յստակօրէն հաստատեց, որ Իսրայէլ որոշած է ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Աւելի՛ն. նախարար Էրտան շեշտեց. «Իսրայէլի պետութիւնը երբեք չէ ուրացած զայն, ընդհակառակն, մենք կ՛ողբանք (Հայոց) Ցեղասպանութիւնը»։ Այս մէկը անակնկալ հաստատում էր, որովհետեւ բոլորին համար յստակ է, որ թրքական ճնշումի տակ Իսրայէլ մնայուն կերպով մերժած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը։ Այնուամենայնիւ, հակառակ Իսրայէլի պետութեան ժխտողական կեցուածքին, 24 Ապրիլ 2000ին արդարադատութեան նախարար Եուսի Պէյլինն ու կրթութեան նախարար Եուսի Սարիտը ճանչցան Հայոց Ցեղասպանութիւնը, մինչ կառավարութիւնը փութաց պահանջելու, որ անոնք հրաժարին իրենց հաստատումներէն։ Պէյլին Ցեղասպանութիւնը ճանչցած է նաեւ 1994ին, երբ արտաքին գործոց փոխ նախարար էր։ Այն իրողութիւնը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ քննարկումներ տեղի կ՛ունենան այնպիսի հանգրուանի մը, երբ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի յարաբերութիւններ վատթարացման ընթացքի մէջ են, անհանգստացնող հարցադրումներ կ՛առաջադրէ Իսրայէլի իսկական նպատակներուն մասին։ Բարոյապէս մերժելի պիտի ըլլայ տեսնել, թէ ազգի մը հաւաքական սպանդը կ՛օգտագործուի քաղաքական կոշտ հաշիւներու։ Այնուամենայիւ, պէտք է գիտակցիլ, թէ միջազգային յարաբերութիւնները հազուադէպօրէն խարսխուած կ՛ըլլան բարոյական սկզբունքներու վրայ։ Եթէ գոյութիւն չունենային տնտեսական եւ քաղաքական նկատառումները, ամբողջ աշխարհը վաղուց ճանչցած կ՛ըլլար Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Թէեւ քննադատները կրնան գոհ չըլլալ այն իրողութենէն, որ Իսրայէլ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը կը քննարկէ այնպիսի ժամանակ, երբ Թուրքիոյ հետ գժտութիւններ կան, բայց եւ այնպէս, ըստ ինծի, մեծագոյն սխալը այն է, որ այսքան տարիէ ի վեր Իսրայէլ ճիշդ քայլը չէ առած։ Նոյնիսկ հիմա, երբ ջանքեր ի գործ կը դրուին Իսրայէլի կողմէ՝ անցեալի սխալները սրբագրելու եւ ճշմարտութիւնը ընդունելու, Իսրայէլի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ մտահոգ են, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի արծարծումը կրնայ աւելի եւս սրել Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները։ Քնեսեթի անդամ Արնէհ Էլտատ մերժեց այդ առարկութիւնները՝ մատնանշելով ընդդիմախօսներուն անտրամաբանական դիրքորոշումը. «Քանի մը տարի առաջ, մարդիկ կ՛ըսէին, որ չենք կրնար այդ մասին խօսիլ՝ նկատի ունենալով Թուրքիոյ հետ լաւ յարաբերութիւնները։ Ներկայիս մարդիկ կ՛ըսեն, որ չենք կրնար այդ մասին խօսիլ՝ նկատի ունենալով Թուրքիոյ հետ վատ յարաբերութիւնները»։ Էլտատ աւելցուց, որ երբ մարդիկ չեն կամենար բարոյական եւ ցեղային հարցեր բարձրացնել, միշտ ալ կը շեշտեն, որ նման հարցերու շուրջ քննարկումներ կատարելու ժամանակը չէ։ Այնուամենայնիւ, կայ կարմիր գիծ մը, զոր ոչ մէկ հայ պէտք է շրջանցէ. Իսրայէլի պաշտօնատարներ կը փորձեն Հայաստանէն եւ հայերէն քաղաքական զիջումներ ձեռք բերել՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման փոխարէն։ Նման պահանջներ կտրականապէս պէտք է մերժուին, մանաւանդ որ հայերը ոչինչ կը պարտին Իսրայէլի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար, որովհետեւ անիկա համայն աշխարհին կողմէ ճանչցուած պատմական իրողութիւն է։ Իսրայէլ պէտք է ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պարզ այն պատճառով, որ այդ մէկը ճիշդ քայլ մըն է, զոր պէտք է առնէ՝ արտացոլացնելով աշխարհասփիւռ առաքինի հրեաներուն զգացումները։ ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Թարգմանեց՝ ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
  -   Յօդուածներ