Հայոց լեզվի ուսուցման ծրագրեր՝ Նարեկացի կենտրոնի կողմից
02-07-2012 13:21:58 | | Գիտութիւն եւ տեխնոլոգիաներ
Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակը 2012 Յունիս 28-ին փորձառական շրջանի համար ներկայացուց հայոց լեզուի ուսուցման երկու առանձին ծրագիրներ, առաջինը` հայ կաթողիկէ վարժարաններու մանկապարտէզներուն, երկրորդը` նախակրթարաններու Ա.էն Դ. դասարաններուն մէջ կիրարկուելու համար:
Ծրագիրները ներկայացուեցան Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու եւ հայոց լեզուի ուսուցիչներու հաւաքին, որ կայացաւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ, հրաւէրով Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնին եւ նախագահութեամբ Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Արհ. հայր Յովհաննէս եպս. Թեյրուզեանի:
Հաւաքի բացման խօսք առաւ Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակի վարիչ Վարդան Թաշճեան: Ան ներկայացուց ծրագիրներու կազմութեան պայմաններն ու ընթացքը, ինչպէս նաեւ ծրագիրներու բովանդակութեան նկարագրականը` կառոյցի եւ օգտագործուած մեթոտաբանութեան տեսակէտէն: Ապա խօսք առաւ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի տնօրէն հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան: Ան խօսեցաւ յատկապէս հայ կաթողիկէ վարժարաններուն մէջ հայոց լեզուի ուսուցման պայմանները հետեւողականօրէն զարգացնելու անհարժեշտութեան մասին եւ կարեւորեց արեւմտահայերէնի շարունակականութեան ապահովումը` որպէս մշակութային մեծ հարստութեան մը շտեմարան եւ հոգեմտաւոր զարգացման միջավայր` միաժամանակ:
Հաւաքին մասնակից ուսուցիչները իրենց ելոյթներով հաստատեցին վարժարաններուն մէջ հայոց լեզուի ուսուցումը համակարգուած ծրագիրի մը ենթարկելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտեցին համատեղ աշխատանքի օգտակարութիւնը` այս մարզին մէջ առկայ խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ:
Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Արհիապատիւ Թեյրուզեան եպիսկոպոս: Ան գնահատեց ծրագիրներու կազմութեան գծով տարուած աշխատանքը, եւ թելադրեց շարունակել որոնումները եւ ուսումնասիրութիւնները` զարգացնելու համար հայ կաթողիկէ վարժարաններու ստանձնած կրթական առաքելութիւնը:
Իրենց տեսակին մէջ աննախադէպ այս ծրագիրները ներկայացնելով Հայ կաթողիկէ վարժարաններու հայերէնի ուսուցիչներուն, կ’ակնկալուի, որ անոնք ծառայեն այդ վարժարաններուն մէջ հայոց լեզուի ուսուցման պահանջներու կատարման` հանդիսանալով աշխատանքի հիմնական ուղեցոյց: Կ’ակնկալուի նաեւ, որ ծրագիրները օգտագործող ուսուցիչները իրենց դիտողութիւններն ու առաջարկները կատարեն անոնց մասին, գործածութեան լոյսին տակ, այդպիսով իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար անոր բարելաւման գործին:
ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ
Խնդրոյ առարկայ ծրագիրներուն հեղինակը Երեւանի Խ. Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի փրոֆեսոր, դոկտ. Ճուլիեթա Կիւլամիրեանն է: Անոնք ստեղծուած են դոկտ. Կիւլամիրեանի կողմէ Լիբանանի Հայ կաթողիկէ վարժարաններուն մէջ կատարուած հայոց լեզուի ուսուցիչներու մանկավարժական վերապատրաստութեան աշխատանքին զուգահեռ, հաշուի առնելով նոյն այդ աշխատանքի ընթացքին պարզուած խնդիրներն ու արձանագրուած փորձառութիւնը: Նշեալ աշխատանքները իրականացած էին երկու հանգրուանով, 2011 թուականին, ընդհանուրը 4 ամսուայ տեւողութեամբ, հովանաւորութեամբ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց: Անոր ընթացքին էր, որ դոկտ. Կիւլամիրեան ուսումնասիրեց Հայ կաթողիկէ վարժարաններուն մէջ հայոց լեզուի ուսուցման պայմանները եւ անոնց համեմատ կազմեց նշեալ ծրագիրները: Ծրագրի կազմութեան մէջ մեծապէս տեղ գտած են վերապատրաստական դասընթացքներուն հետեւած ուսուցիչներուն. դիտարկումներն ու առաջարկները, որոնք օգնած են, որ ծրագիրը առաւել համապատասխան ըլլայ հայ կաթողիկէ վարժարաններու պայմաններուն եւ պահանջներուն: Հաշուի առնուած են մանաւանդ հայ կաթողիկէ վարժարաններուն մէջ հայերէնագիտութեան զարգացման պահանջները, որոնք յստակ ձեւակերպում ստացան Ամենապատիւ Տէր Նեսրէս Պետորս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքի Քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ հայ կաթողիկէ վարժարանի առաքելութեան մասին հայրապետական պատգամին մէջ ( 2011, Պէյրութ):
Մանկապարտէզի 3 դասարաններուն համար նախատեսուած ծրագիրը կ'ընդգրկէ հայ հոգեկերտուածքի ձեւաւորումի եւ զարգացումի խնդիրներ` հաշուի առ¬նելով ինչպէս ազգային, այնպէս ալ համամարդկային արժէքները: Անիկա ուղղուած է մանկապարտէզի փոքրիկներու առողջ եւ երջանիկ մանկութեան ապահովումին, զգայարաններու եւ հոգեկան գործընթացներու զարգացումին, ընկերային-մշակութային յարաբերութիւններու ձեւաւորումին, ինքնաճանաչումին ու ինքնակողմնորոշումին, սեփական անձին գնահատումին, կենցաղային-աշխատանքային տարրական կարողութիւններուն ձեւաւորումին եւ զարգացումին, ուսումնական գործունէութեան նախապատրաստումին, կարդալու եւ գրելու տարրական կարողութիւններու ձեւաւորումին:
Նախակրթարանի Ա.էն Դ. դասարաններուն համար նախատեսուած ծրագիրը կը նպատակադրէ դպրոցականներուն մէջ հետաքրքրութիւն յառաջացնել հայոց լեզուի եւ հայ գրականութեան նկատմամբ, դաստիարակել մայրենի լեզուն անաղարտ պահելու, զայն իբրեւ ազգապահպանումի հիմնական գործօն ընդունելու ձգտում, ձեւաւորել հայեցի հոգեկերտուածք եւ լեզուամտածողութիւն, զարգացնել աշակերտներու բանաւոր եւ գրաւոր խօսքը, կատարելագործել կարդալու եւ կարդացածը հասկնալու կարողութիւնները, սորվեցնել հայոց լեզուի քերականութեան հիմնական դրոյթները, զարգացնել ազգային եւ համամարդկային արժէքներ եւ նպաստել ազգային ինքնակազմաւորումին: