Մեցցօ Իգիթեան. Ջաւախքահայ Մշակոյթի Հովանաւորը, Հայրենասէրը, Գործարարն Ու Մարդը՝ Կամուրջ Ժողովուրդներու Բարեկամութեան


Մեցցօ Իգիթեան. Ջաւախքահայ Մշակոյթի Հովանաւորը, Հայրենասէրը, Գործարարն Ու Մարդը՝ Կամուրջ Ժողովուրդներու Բարեկամութեան

  • 02-07-2012 19:21:45   | Ռուսաստան  |  Յօդուածներ

Պատմական Հայաստանի չքնա՜ղ երկրամասերէն մէկուն՝ Ջաւախքի Ախալքալաք քաղաքը ծնած երիտասարդ եւ հայրենասէր այս անձնաւորութիւնը՝ Մեցցօ Իգիթեան, որ հայ մշակոյթի եւ ազգային զարթօնքի գլխաւոր հովանաւորներէն է այսօր՝ Մոսկուայի մէջ։ Աշուղ Ճիւանիի, Գուսան Հաւասիի, Վահան Տէրեանի ու Դերենիկ Դեմիրճեանի հայրենակիցն ու անոնց Սուրբ գործը շարունակողը, մեզ կ’ընդունի Ռուսիոյ մայրաքաղաքի “Ավտօզավոթսքայա”ի շրջանին մէջ գտնուող իր արեւտրական կեդրոնի գրասենեակներուն մէջ։ Ժպտադէմ ու սիրալիր, մանաւանդ Սփիւռքի հայերուն հանդէպ՝ որոնց հետ մօտէն շփուած է երկար տարիներ, Փարիզի մէջ իր ապրած տարիներուն, նամանաւանդ «Կարօտ» մշակութային փառատօններու կազմակերպման ընթացքին՝ Հայաստանի թէ Արցախի մէջ, 2008-էն սկսեալ։ Իր հրաւէրով է որ Մայր Հայրենիք այցելած եւ անուանի փառատօնէն մրցանակներու արժանացած են Շառլ Ազնաւուր, Ժերառ Տեփարտէօ, Վլատիմիր Սփիվաքով, Կոնստանդին Օրբելեան, Արթուր Աբրահամ, Արմէն Ճիկարխանեան, Իոսիֆ Կոպզոն, Նիքիթա Սիմոնեան եւ ուրիշներ։ Իր հօր յիշատակին համար կազմակերպած է «Կարօտ» փառատօնը, որ տեղի ունեցած է նաեւ՝ Քրեմլինի մէջ, եւ որուն ընթացքին հանդէս եկած է «Գոհար» երգի պարի համոյթը՝ որ կը հովանաւորուի Լիբանանահայ Խաչատուրեան եղբայրներուն՝ ընկեր Յարութի, ընկեր Նարի եւ ընկեր Շահէի կողմէ։ Մեցցօ Իգիթեան եւ Ժերար Տեփարտիօ Ծիծեռնակաբերդի Եղեռնի յուշակոթողին մօտ - «Կարօտ» փառատօնը, ինչպէս նաեւ հայ մշակոյթի զարգացման հիմնադրամի գործունէութիւնը, կ’իրականացնեմ հոգիիս համար՝ գուցէ անոցմով արտայայտելով հոգիիս կարօտները։ Գուցէ նաեւ նորաձեւ խօսք հնչէ, եթէ խօսիմ Արարատի մասին, բայց ես Հայաստանը երբ կը յիշեմ կամ կը կարօտնամ, Արարատը կը պատկերացնեմ։ Արարատը Հայաստանի խորհրդանիշը չէ միայն, այն այն մագնիսն է, որ իր շուրջը կը հաւաքէ համայն հայութիւնը»։ Հայ մշակոյթի զարգացման հիմնադրամի ամէնէն առաջին նախաձեռնութիւնը նուիրուած էր հայ գիրերու գիւտի 1600-ամեակին։ Իսկ 2008թ.ի Մայիս 16-ին Մոսկուայի մէջ կազմակերպուեցաւ «Կարօտ»ի առաջին միջազգային փառատօնը Քրեմլինի պետական պալատին մէջ։ Բացումը կատարեց Ռուսիոյ մշակոյթի նախարար Ալեքսանդր Աւտիեւ։ Միջոցառման շրջանակներուն յուշատախտակի բացում տեղի ունեցաւ Առնօ Բաբաջանեանի տան մէջ։ Ռուսական բանակի թատրոնին մէջ ելոյթ ունեցաւ Թաթուլ Ալթունեանի անուան երգի եւ պարի պետական համոյթը։ Գիտնականներու Տան մէջ՝ Սայաթ-Նովա աշուղական երգի համոյթը։ Կինոյի Տան մէջ՝ «Քրիստոնէական Հայաստան» ֆիլմի փրեմիերան։ Գրականագէտներու կեդրոնական Տան մէջ գրական երեկոյ տեղի ունեցաւ, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ Ա. Սահրատեանի թարգմանութեամբ Պարոյր Սեւակի «Անլռելի Զանգակատուն» պոէմի շնորհահանդէսը։ Իսկ Արմէն Ճիկարխանեանի թատրոնին մէջ բեմադրուեցաւ Պերճ Զէյթունցեանի «Դատարանն է գալիս» ներկայացումը։ 2009թ.ի «Կարօտ»ի գլխաւոր երեւոյթներէն էին՝ Մեծն ու վաղամեռիկ Մինաս Աւետիսեան գեղանկարիչի ստեղծագործութեանց ցուցահանդէսը Երեւանի մէջ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Մշակոյթի նախարարութեան կազմակերպութեամբ։ Ներկայ էին հանճարեղ արուեստագէտին որդիները՝ Արմանն ու Նարեկը։ Չորս օր շարունակ, հազարաւոր արուեստասէրներ ներկայ եղան ցուցահանդէսին, միաժամանակ յարգելով նաեւ յիշատակը հայ ժողովուրդի մեծագոյն զաւակներէն՝ Մինաս Աւետիսեանին։ Փառատօնին, իրենց ներկայութեամբ, առանձին փայլ տուին Մայեսթրօ Կոնստանդին Օրբելեան (ԱՄՆ-էն) եւ աշխարհի կռփամարտի ախոյեան Արթուր Աբրահամ (Գերմանիայէն)։ 2009թ.ի փառատօնին մասնակցեցաւ Հ.Հ. Ազգային Ժողովի Նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, իսկ Սեպտեմբեր 2-ին, Արցախի անկախութեան օրը տեղի ունեցաւ փառատօնի բացումը մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ՝ հովանաւորութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեանի։ Իսկ յաջորդ փառատօնին, իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարհի շատ երկիրներէն ժամանած արուեստի եւ մշակոյթի յայտնի գործիչներ՝ Փեթրօ Եուստաշ, Դանիէլ Տեքեր, Բեդրոս Կիրկորովը, Ռոնի Պարաք, Ալեքսէյ Փեթրենքօ, Էմմանուէլ Վիտորկան, Արա Գէորգեան եւ ուրիշներ։ Անշուշտ որպէս վաղեմի ծանօթներ, ֆրանսացի հայասէր դերասան Ժերար Տեփարտիօ այցելեց Հայաստան եւ Մեցցօ Իգիթեանին հետ, ծաղիկներ դրաւ Մեծ Եղեռնի յուշակոթողի անմար կրակին մօտ։ Կարելի է… հատորներ գրել եզակի այս անձնաւորութեան մասին, որ իր բազմաթիւ շինարարական ու գործարարական աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն մէջ, երբե՛ք չէ մոռցած Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը, հայ եւ ռուս ժողովուրդներու դարաւ՜որ բարեկամութեան հովանիին ներքոյ։ Համօ Մոսկոֆեան, Մոսկուա
  -   Յօդուածներ