Մովսէս Հերկելէան.«Հայ կերպարուեստը մրցունակ է միջազգային գետնի վրայ»
16-05-2011 15:43:43 | | Հարցազրոյցներ
Հարցազրոյց Noah՛s Ark Gallery-ի Տնօրէն Արուեստաբան Մովսէս Հերկելէանի Հետ
Ռամկավար Մամուլ
Մայիս 16, 2011
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պրն. Հերկելէան, կրնա՞ք նախ որոշ տեղեկութիւններ տալ Մոնաքոյի 2011թ-ի արուեստի
միջազգային ցուցահանդէսին ու ձեր ցուցասրահի մասնակցութէան մասին:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Քաջալերուելով 2010թ-ի Մոնաքոյի "Եատուկ Թողարկում" (Special Edition) միջազգային ցուցահանդէսին մեր արձանագրած նիւթա-բարոյական եաջողութիւններէն` այս տարի եւս որոշեցինք մասնակցիլ "Մոնաքօ 11" միջազգային ցուցահանդէսին: Մենք
բաւական կապեր ստեղծեցինք հրատարակութիւններու հետ` որոնցմէ ամենէն նշանակալիցը "Լիւքս Իմմօ" (Luxe Մովսէս Հերկելէան Immo) արուեստի հրատարակութիւնն է: Երկու տարուան
բաց պայմանագիր մը կնքեցինք, ուր եթէ երկուստէք դժգոհութիւններ չունենանք,
պայմանագիրը վերանորոգուած կը նկատուի: Այս արուեստի ամսաթերթը ունի 18700
մասնագէտ-բաժանորդներ (արուեստաբաններ, արուեստագէտներ, ճարտարապետներ):
Այն կը տարածուի աշխարհի 23 երկիրներու 370 քաղաքներու մէջ ու կը հրատարակուի 4
լեզուներով (անգլերէն, ֆրանսերէն, իտալերէն եւ ռուսերէն): Անոր ընթերցողներուն
ընդհանուր թիւը կը գնահատուի 2.5 միլիոն: Այնտեղ հրատարակուած յօդուածներէս
վերջինը Մոնաքոյի մեր տաղաւարի մասին է: Հոն պիտի ներկայացնեմ առաւելաբար հայ եւ
ռուս արուեստագէտներ: Նախկին Խ. Միութէան արուեստը զիրենք աւելի կը հետաքրքրէ,
իբրեւ նորութիւն միջազգային արուեսին մէջ: Բացառուած չէ որ գրեմ նաեւ օտար
արուեստագէտներու մասին: Պատուէր մը արդէն ունիմ Ճէյն Սեյմուրէն:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Այս տարի եւս, ինչպէս անցէալ տարուան Մոնաքոյի հռչակաւոր
ցուցահանդէսին, Noah Ark-ը եւ հայկական կերպարուեստը մեծ եաջողութէան հասան
եատկապէս Վահրամի ստեղծագործութիւններուն պատճառով, որոնք արժանացան բարձր
գնահատանքի եւ աննախընթաց գինով վաճառուեցան: Ինչպէ՞ս կը բացատրէք այս
երեւոյթը:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Այո, անցէալ տարուան Մոնաքոյի "Եատուկ Թողարկում" ցուցահանդէսին
արդիւնքները իսկապէս փայլուն էին: Հետաքրքրութէան եւ գնահատման գլխաւոր
պատճառը այն է որ նախկին Խ. Միութենէն եկած կերպարուեստը ինչ-որ նորութիւն կը
պարունակէ իր մէջ, իսկ այդ նորութիւնը անհեթեթի ուժգին դրսեւորումն է որ կու գայ
խորհրդային կացութաձեւի, անտրամաբանական դրութենէն: Թէեւ անհեթեթը գոյութիւն
ունէր գերիրապաշտ արուեստին մէջ` սակայն այդպէս ուժեղ, ձեւով չէր արտայայտուած:
Հայ կերպարուեստը մրցունակ է միջազգային գետնի վրայ: Մենք թէ՛ որակ ու թէ՛ քանակ
ունինք: Ասիկայ չի՛ վերաբերիր միայն անոնց որոնք Noah՛s Ark-ը կը ներկայացնեն:
Ուրիշներ ալ կան, բայց անոնց համար համապատասխան շուկայ չունինք: Շուկայ չըլլալու
պատճառն այն է որ մենք չենք կազմակերպուած, նախ պետականօրէն չունինք ազգային
մշակութային քաղաքականութիւն: Իսկ մշակման գործին յարկ է որ Սփիւռքի
մասնագէտները եւս մասնակցին: Իբրեւ ազգ եւ պետութիւն` ո՛չ մեր դիրքը բարձր կը
գնահատուի, ո՛չ ալ մեր հանքերը մեծ արժէք մը կը ներկայացնեն: Տնտեսապէս ու
ռազմապէս ալ զօրաւոր չենք, բայց հզօր ենք մշակութապէս: Այո՛, մրցունակ ենք
մշակոյթով: Պէտք է ուժ տանք մշակոյթին: Noah՛s Ark-ին իրագործումը լումայ մըն է այս
բոլորին մէջ: Ուրիշներ ալ կրնան հայկական մշակոյթը միջազգային գետնի վրայ լաւապէս
ներկայացնել, եթէ եանդգնօթիւնը ունենան իրենց վարկը ու նիւթական
կարողականութիւնը «ռիսք»-ի ենթարկելու: Րոքֆելըր կ'ըսէ՛. «Ոչինչ ռիսքի ենթարկողը, ոչինչ
կը շահի»:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ինչպէս գիտենք, որպէս արուեստաբան, Luxe Immo-էն առաջ կ'աշխատակցէիք
Ամերիկայի Fine Arts-ին, Monday Morning-ին եւ այլ թերթերու, ամսագրերու: Որոշ
տեղեկութիւններ կրնա՞ք տալ այդ մասին:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Իրականութէան մէջ Luxe Immo-ի խմբագրապետը, Տէյուիտ Տիւպուայ, զիս
գտաւ Նիւ Էորքի մէջ հրատարակուող ,Fine Artsե-ի միջոցով, որ կը տարածուի ամբողջ
աշխարհի մէջ ու միջազգային ցուցահանդէսներուն կը բաժնուի: Հոն է որ Տիւպուայ
կարդացած էր Վահրամ Դաւթէանի մասին յօդուածս: 2002թ-էն սկսէալ, Նիւ Էորքի Art
Expo-ին կը մասնակցինք եւ մեզի հետ հարցազրոյցնէր կ'ունենա՛ն Art world News-ի, Art
Business News-ի եւ նմանօրինակ այլ հրատարակութիւններ: ,Fine Artsե-ի խմբագրապետը
եւս` Վիքթոր Գորպս, ցանկացաւ հարցազրոյց մը ունենալ հետս` Խ.Միութէան "ապսուրտ"-
գերիրապաշտ արուեստի մասին: Այս նիւթին շուրջ քիչ մը զրուցելէ ետք, ան նախընտրեց
առանձին յօդուած գրել` Վահրամ Դաւթէանի մասին: Յօդուածս բարձր գնահատանքի
արժանացաւ, որմէ ետք պայմանագիր կնքեցինք շարունակելու համար
աշխատակցութիւնս:
Իսկ ինչ կը վերաբերի Լիբանանի Monday Morning-ին` ապա հանգուցէալ Մըլհէմ Քարամ`
իր մահէն առաջ այցելեց մեր ցուցահանդէսը` ու երբ Fine Arts-ի յօդուածը տեսաւ`
առաջարկեց աշխատակցիլ նաեւ Monday Morning-ին: Այսինքն ձեւով մը անուղղակիօրէն
առաքելութիւն տրուած է ինծի այս թերթերուն մէջ հայ արուեստը ներկայացնելու եւ
ծանօթացնելու:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Հայ կերպարուեստի, գեղանկարչութէան ներկայացումը Մոնաքոյի նման
միջազգային ցուցահանդէսներու մէջ` ինչպիսի՞ ապագայ կը խոստանայ:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ամէն ինչ կախէալ է մեր կազմակերպուածութենէն: Եթէ մենք չենք ուզէր
կազմակերպուիլ` չենք կրնար արդիւնքներու հասնիլ, նուաճումներ արձանագրել: Իբրեւ
սկիզբ` շատ գեղեցիկ եւ արդիւնաւէտ եղաւ Սփիւռքի նախարարութէան կազմակերպած
հայ կերպարուեստի գործիչներու համա-հայկական խորհրդաժողովը: Այդ ուղղութէամբ
Սփիւռքի նախարարութիւնը, աշխատանքներ կը տանի որպէսզի կ'ազմակերպէ երկրորդը,
աւելի ընդարձակ` ուր եատուկ որոշումներ առնուին ու կազմուի հայ արուեստագէտներու
միութիւն մը: Խմբուինք հայրենիքի շուրջ, որպէսզի գործակցաբար կարողանանք
զարգացնել թէ՛ հայրենի եւ թէ՛ Սփիւռքի մշակոյթը լայն: Եւ ինչու չէ մշակոյթը
օգտագործենք նաեւ քաղաքականութէան եւ տնտեսութէան մէջ: Այսինքն` մեր ազգային
վարկը բարձրացնենք, ամրապնդենք մշակոյթի ճամբով:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Շնորհակալութիւն ձեր տուած բացատրութիւններուն եւ շահեկան
տեղեկութիւններուն համար:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Շնորհակալութիւն նաեւ քեզի. միութէան մը չափ գործ կը կատարես`
մանաւա՛նդ անթեղուած հայերու հարցն ու պահանջները ներկայացնելու եւ ծանօթացնելու
մէջ:
Հարցազրոյցը վարեց` ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԷԱՆ
Պէյրութ, Լիբանան