10-07-2012 15:59:33 | | Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Պաթմանի Չաղտաշ թերթն ալ հաղորդեց որ Հայերը կը պատրաստուին ուխտագնացութեան երթալ 2973 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող Հայկական Մէրէթօ Մարաթուկ վանքը։ Այս ուխտագնացութիւնը պիտի կատարուի 28 Յուլիսին։ Փուրշէնկի բարձունքի բնակիչներուն հետ միասին Հայերը ամէն տարի կը կատարեն ուխտագնացութիւն մը։ Այս տարուան ուխտագնացութիւնը պիտի զուգադիպի Իսլամներու Րամազանին։ Ազիզ Տաղճը ըսած է որ այս ուխտագնացութիւնը պիտի կատարուի բաւական դժուար մագլցումով մը, բայց անպայման պիտի կատարուի։
«Մ»