Հոգեշահ խոսքեր՝ Թուրքիայի նկատմամբ


Հոգեշահ խոսքեր՝ Թուրքիայի նկատմամբ

  • 12-07-2012 15:22:32   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Առջի օր, Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլուի հետ իր հանդիպումին ընթացքին, Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարը՝ Լ. Ֆապիւս Թուրքիոյ նկատմամբ հոգեշահ խօսքեր արտասանեց, Պատժելիութեան օրէնքի թաղման մասին Անգարայի ապահովութիւն ներշնչող գրեթէ անթաքոյց հաւաստումներ կատարեց: Սակայն հազիւ 48 ժամ ետք, նախագահ Հոլանտ՝ նոյն օրինագիծին մասին բոլորովին հակառակ ու ընտրապայքարի շրջանի իր խոստումներուն յանձնառու յայտարարութիւններ ունեցաւ, թէ՛ առանձնապէս՝ հայկական շրջանակներուն եւ թէ՛ հրապարակաւ՝ AFP լրատու գործակալութեան միջոցաւ: Իրարու բոլորովին հակոտնեայ այս երկու կեցուածքները շփոթի՞ մատնած են Անգարան, թէ՞ քուլիսային բոլորովին տարբեր խաղ մը կայ, որ մեզի՝ Հայե՛րս պիտի զարմացնէ,- առայժմ դեռ շատ յստակ չէ: Սակայն յստակ եւ տարօրինակ է՝ Անգարայի պաշտօնական շրջանակներու պահած լռութիւնը։ Արդարեւ, նախագահ Հոլանտի Շաբաթ՝ Յուլիս 7ի այդ յայտարարութենէն ի վեր՝ թրքական կողմէն պաշտօնական ոչ մէկ մեկնաբանութիւն կատարուած է: Ճիշդ է, որ թուրք մամուլը զարգացումներուն արձագանգեց եւ կը շարունակէ արձագանգել: Սակայն այդ լրատւութիւնը կը կատարուի գրեթէ առանց դոյզն մեկնաբանութեան: Առաւելագոյնը, կարելի էր կարդալ նման տողեր՝ «երբ Տաւութօղլուի այցելութեամբ՝ ջանք կը գործադրուի, որ Ֆրանսայի հետ յարաբերութիւնները իրենց նախկին մակարդակը վերագտնեն, Հոլանտ՝ Սարքոզիի օրերը յիշեցնող կեցուածք կը ցուցաբերէ»: Այսքան: Սակայն որպէս պաշտօնական հակազդեցութիւն՝ ոչի՛նչ: Միայն Յուլիս 10ին, «Հիւրրիյէթ», առանց ստոյգ անուն նշելու, կը գրէր, թէ թրքական դիւանագիտական կարգ մը աղբիւրներ (ընդգծումը մերն է - «ՆՅ») Հոլանտի այդ քայլը կը մեկնաբանեն որպէս «հայկական Սփիւռքը գոհացնելու ուղղուած քայլ»: Ու թերթը կ?աւելցնէր նաեւ, թէ այդ նոյն աղբիւրները չեն կարծեր, որ երբ երկու կողմերէն (ֆրանսական եւ թրքական - «ՆՅ») այսքան բարի կամք կը դրսեւորուի՝ յարաբերութիւններու վերականգնման ուղղութեամբ, խնդրոյ առարկայ օրինագիծը մօտ օրէն օրակարգի նիւթ ըլլայ: «ՆՅ»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը