Ֆրանսահայ Ավետարանական եկեղեցիների 82-րդ Սինոդոսը


Ֆրանսահայ Ավետարանական եկեղեցիների 82-րդ Սինոդոսը

  • 24-07-2012 07:40:03   |   |  Հասարակութիւն
Հինգշաբթի՝ Մայիս 17ին, Հաւատամքի ընթերցումէն ետք, Վեր. Ժոէլ Միքայէլեան՝ բարի գալստեան իր պատգամին ընդմէջէն մեզի փոխանցեց իր յորդորները, կեդրոնանալով Փիլիպպեցիի 3.16-ի մէջբերումին վրայ՝ «Քալենք՝ համաքայլ», որու կը յաջորդէ «Ի՞նչպէս վերաբերիլ ուրեմն այլազանութեան եւ մեր տարբերութիւններուն նկատմամբ» հարցումը, ինչ որ, աւելի ընդհանուր կերպով, կը յարուցէ շրջագիծի եւ սահմաններու հարցը: «Ո՞ր սահմանները յարգել, որպէսզի մեր տարբերութիւնները դառնան հարստութիւններ, եւ ոչ թէ հակամարտութիւններու եւ պառակտումներու աղբիւրներ»: Եզրայանգում. «քալել՝ համաքայլ, կը նշանակէ բաղակցել՝ միութիւն եւ տարբերութիւն»: Ահաւասիկ այն գլխաւոր մարտահրաւէրը որ կը ցցուի մեր դիմաց, մինչեւ 2014 յետաձգուած հովուական փոփոխութիւններու շրջանակին մէջ: Ապա, քարտուղար Ժան-Քրիսթոֆ Հալաճեան կատարեց սինոդոսական յանձնաժողովի աշխատանքներուն հաշուետւութիւնը: Խօսք տրուեցաւ նաեւ երեք ուսանողներու որոնք կը հետեւին աստուածաբանութեան. Վիգէն Ազնաւուրեան, Թիմոթէ Տանիէլ եւ Փօլ Սիվաճեան մեզ լուսաբանեցին իրենց ընթացքին եւ հեռանկարներուն մասին: Ապա, մեր գանձապահը Սամուէլ Քէհէեան կատարեց Միութեան գանձատրման հաշուետւութիւնը: Ներկայիս, Միութիւնը կը գանձատրէ 7 պատուելիներ եւ պիտի փափաքէր այդ թիւը շուտով հասցնել 8ի: Սամուէլ Քէհէեան յայտնեց նաեւ թէ այլեւս կը փափաքի հեռանալ իր գրաւած պաշտօնէն: Սինոդոսական յանձնաժողովը առաջարկեց Փիէր Գույումճեանի եւ Դանիէլ Յակոբեանի անունները, ինչ որ ընդունուեցաւ Սինոդոսին կողմէ: Այսուհետեւ անոնք միասնաբար պիտի ապահովեն Միութեան գանձապահի պաշտօնը: Երեկոյթը յատկացուեցաւ «Ըլլալ Աւետարանական եւ Հայ՝ 2012ին. գրաւարկներ եւ մարտահրաւէրներ» վիճարկումին: Ուրբաթ, Մայիս 18ին, իւրաքանչիւր եկեղեցի (10 եկեղեցի) ներկայացուց իր եկեղեցական կեանքը, որմէ ետք՝ խօսքը տրուեցաւ ընկերակցութիւններուն՝ «Ակունք» (Source), «Ֆոնթանէլ», UCJA եւ Յոյս՝ Հայաստանի համար: Մեր կազդուրման կայանները ներկայիս գանձատրման շատ լուրջ խնդիրներու դէմ յանդիման են: Ունին ծանր պարտքեր, այդ կայանները յաճախողներու թիւին նուազումին պատճառաւ: Ասիկա, այսօր, մեծ մտահոգութիւն է մեզի համար: Ապա հետեւեցան զանազան՝ առաքելութեան, Եւրոպայի դաշնակցութեան եւ Համաշխարհային խորհուրդի հաշուետւութիւնները: Դադարէ մը ետք, քննարկեցինք՝ Միութեան պաշտօնաթերթ՝ «Բանբեր»ի եւ Օրացոյցին պարզած վիճակը: «Բանբեր» մեծ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ: Ահա, թէ ինչո՛ւ անհրաժեշտ է բաժանորդագրուիլ անոր, եթէ կ?ուզենք որ ան շարունակէ գոյատեւել: Հետեւեցաւ հովուական փոփոխութիւններու շուրջ վիճարկումի կարեւոր պահը: Իւրաքանչիւրը արտայայտեց իր հարցադրումներն ու առաջարկները, թէ՛ ծառայութեան ժամանակամիջոցին եւ թէ փոփոխութիւններու գործադրութեան պայմաններուն շուրջ: Երեկոյթը յատկացուած էր Արի Թօփուզխանեանի դասախօսութեան, որու նիւթն էր հայ տպագրութեան 500ամեակը: Այս առթիւ, նաեւ հաճոյքն ունեցանք ունկնդրելու՝ Սահակ-Մեսրոպ երգչախումբը: Սինոդոսական յանձնաժողովի անդամներուն ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ օր: Սինոդոսական յանձնաժողովի անդամ 4 պատուելիներն են՝ Միութեան նախագահ Վեր. Ժոէլ Միքայէլեան, փոխնախագահ Վեր. Ժիլպէր Լեւոնեան, ինչպէս նաեւ պատուելիներ Էլի Ժալուֆ եւ Թիէրի Քաթանճեան: Չորս շրջաններու ներկայացուցիչ աշխարհական անդամներն են. Սերժ Քէշիշեան՝ Մարսիլիոյ շրջանէն, Փասքալ Փորթուքալեան՝ Վալանս-Մոնթելիմարի շրջանէն, Զաւիէ Տիւշէ՝ Լիոն-Տէսինի շրջանէն եւ Ժիլպէր Արմէնեան՝ Փարիզեան շրջանէն: Խորին շնորհակալութիւն Պօմոնի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ՝ իր վերապահած հիւրասիրութեան համար: Այսպէսով, Եկեղեցին պահպանեց իր երրեակ «Ա»ը: ԺԻԼՊԷՐ ԱՐՄԷՆԵԱՆ «Բանբեր», Մայիս−Յունիս−Յուլիս
  -   Հասարակութիւն