24-07-2012 11:34:40 | | Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
ՍՈՒՐԻՈՅ բազմաթիւ քաղաքներուն, այլեւս նաեւ՝ Հալէպի մէջ, մինչ Յուլիս 22ին բուռն կռիւները կը շարունակուէին, Քաթարի մայրաքաղաքը՝ Տոհան կը հիւրընկալէր Արաբական լիկայի երկիրներու՝ Սուրիոյ տագնապի յատուկ նախարարական յանձնաժողովը, որ ստիպողական ժողովի կանչուած էր: Մասնակիցները անգամ մը եւս Պաշար ալ-Ասատը հրաւիրեցին հրաժարելու, եւ՝ շուտո՛վ, նաեւ կոչ ընելով անոր, որ եթէ հիմա հեռանայ, իրենք պիտի կարենան երաշխաւորել իր ապահով ելքը: Սուրիոյ սահմաններուն իսկական խուճապի մթնոլորտ մը կը տիրէ:
ՖՐԱՆՍԱՅԻ Հանրապետութեան նախագահը՝ Հոլանտ, շարունակելով Ժագ Շիրաքի ճամբէն, Յուլիս 22ին՝ «Վել տ?Իվ»ի Հրեաներու տարագրութեան տարելիցին (1942 Յուլիս 17) առթիւ յայտարարեց, թէ պատահածը՝ «Ֆրանսայի մէջ, Ֆրանսացիներու կողմէ գործուած ոճիր մը»ն էր:
ԱՄՆ-ՈՒ Տէնվէր քաղաքին արուարձաններէն մէկուն մէջ, շաբաթավերջին, շարժարուեստի «Պաթման» հերոսի շարքէն վերջին՝ "The Dark Knight Rises" ժապաւէնի ցուցադրութեան ատեն, մարդասպան մը խուժած է շարժանկարի սրահէն ներս եւ սկսած կրակել աջ ու ձախ: 12 հոգի մեռած է, աւելի քան 40 հոգի ալ վիրաւորուած է: Աւելի հաւանական կը նկատուէր, որ ժապաւէնին հերոսէն ազդուած խենթի մը արարքն ըլլայ:
«ՆՅ»