Սիրիական ազատ բանակը պատրաստ է պաշտպանել նաև հայերին


Սիրիական ազատ բանակը պատրաստ է պաշտպանել նաև հայերին

  • 24-07-2012 14:58:35   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը

Սուրիական ընդդիմադիր ազատ բանակի ներկայացուցիչները յայտարարեցին թէ մտադիր են գրաւելու Հալէպ քաղաքը։ Այս մասին խօսեցաւ ընդդիմադիր շարժման գնդապետ Ապտէլ Ճապար ալ Օքայտի, շեշտելով որ Հալէպի մէջ բնակող ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւններ անհանգստութիւններ պէտք չէ ունենան իրենց այս գործողութեան առընչութեամբ։ «Հայ թէ ասորի, քիւրտ թէ տրուզ՝ Սուրիական ազատ բանակը բոլորն ալ պիտի պաշտպանէ», ըսաւ սուրիացի գնդապետը։ Իր խօսքերով, սուրիական ընդդիմութիւնը կը պատրաստուի պաշտպանել նաեւ Էսատի ցեղակից ալեւիները։ Սուրիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչ Նազարէթ Էլմաճեան նշեց որ քաղաքի մէջ իրավիճակը տակաւին հսկելի է Էսատի հաւատարիմ ուժերու կողմէ։ Հարցեր կան գլխաւորաբար երեք թաղերու մէջ, որոնք սակայն հայաշատ չեն։ Սուրիոյ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւն կազմակերպութեան տուեալներով, Սուրիոյ մէջ բախումներու հետեւանքով զոհուած է 17 հազար 192 մարդ։ Արաբական լրատուամիջոցներ կը նշեն որ զոհեալներու միջեւ 11 հազար 897ը խաղաղ բնակիչներ են, իսկ 4348ը անվտանգութեան աշխատակիցներ։ Զոհերու միջեւ կան եօթը հայեր, որոնցմէ երկուքը սուրիական բանակի զինուորներ էին։ Ներքին բախումներու պատճառով մեծ թիւով սուրիացիներ կը լքեն երկիրը, յայտնուելով այլ երկիրներու մէջ, որպէս փախստական։ Վերջերս հայեր ալ կը լքեն Սուրիան։ Հայաստանի մէջ փախստականի կարգավիճակ կամ ապաստան ստանալու մասին Սուրիայէն եկած դիմումները կը քննարկուին արագացուած ընթացակարգով, առնուազն տասը օրուայ մէջ։ «Մ»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը