Թուրքիան անհանգստացած է.Սիրիայի քրդերը պատրաստվում են հիմնել «Քիւրտիստան»


Թուրքիան անհանգստացած է.Սիրիայի քրդերը պատրաստվում են հիմնել «Քիւրտիստան»

  • 24-07-2012 15:15:43   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մուհարրէմ Ինճէ Ահազանգ Հնչեցուց Երկու օրէ ի վեր ռումբի նման պայթած է այն լուրը ըստ որու Սուրիոյ Քիւրտերը, օգտուելով Պէշար Էսատի դէմ հռչակուած ազատագրումի պայքարէն, կը պատրաստուին հիմնել Քիւրտիստան մը։ Ինչպէս մեր միւս սիւնակներուն մէջ դիտել տուած ենք, Իրաքի Քիւրտիստանէն վերջ այս մէկը պիտի ըլլայ Թուրքիոյ սահմանամերձ երկրորդ Քիւրտիստան մը։ Եթէ այսպիսի Քիւրտիստան մը իրականանայ, շատեր ատկէ պատասխանատու պիտի նկատեն Թուրքիոյ Արտաքին Նախարարութիւնը, որ Պէշար Էսատին դէմ գալու իր ռազմավարութեան մէջ չէր նախատեսած Քիւրտիստանի մը հիմնումը։ Մայր Ընդդիմադիր Կուսակցութիւնը, Ճէ-Հէ-Փէ, չէր կրնար փախցնել կառավարութիւնը քննադատելու այս առիթը այս նիւթի շուրջ։ Ճէ-Հէ-Փէի Կուսակցապետի Տեղակալներէն Մուհարրէմ Ինճէ երէկ Եալովայի մէջ լրագրողներու համար իֆթարի սեղան մը սարքեց ու իֆթարէն առաջ զրոյց ունեցաւ լրագրողներուն հետ։ Ան անդրադարձաւ Քիւրտիստանի հարցով ստեղծուած նոր տագնապին։ Ինճէ ըսաւ որ Թուրքիա, դրացիներու հետ զէրօ խնդիր ունենալու կէտէն այժմ հասած է զէրօ դրացի ունենալու կէտին։ Ասիկա Ահմէտ Տավուտօղլուի ու վարչապետ Էրտողանին ամէնէն խօլ ծրագիրն էր։ Հիմա Թուրքիոյ գլուխը փորձանքի մատնուած է։ Թուրքիա մտած է անելի մը մէջ, ըսաւ Ինճէ։ Մուհարրէմ Ինճէ պնդեց որ Վարչապետ Էրտողանը Իրաքի մէջ պատահածներուն նկատմամբ ալ պէտք է հակազդեցութիւն ցոյց տայ։ «Այսօր Սուրիոյ մէջ Սուրիացիները զիրար կը սպաննեն, բայց Իրաքի մէջ ալ նոյնը չպատահեցա՞ւ, Իրաքի մէջ 1,5 միլիոն Մահմետականներ Ամերիկացիներու ռումբերուն տակ սպաննուեցան, այն ատեն ո՞ւր էր Էրտողանը, հարցուց Ինճէ։ Սուրիոյ խնդրին մէջ Էրտողան սթափեցաւ, բայց ինչո՞ւ աւելի առաջ Իրաքի խնդրին մէջ չսթափեցաւ։ Մենք, որքան ատեն որ մեզի վնաս չեն պատճառեր, մեր այս դրացի երկիրներուն հետ կուզենք որեւէ խնդիր չունենալ»։ Ինճէ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին պնդեց որ կառավարութիւնը արտաքին քաղաքականութեան մէջ մեծ ձախողութիւններ ունեցաւ։ «Հիմա նոր Քիւրտիստան մը կուգայ, Սուրիոյ Քիւրտիստանը մեր դրան առջեւ է։ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը այն չէ զոր պիտի ճշդեն քանի մը արկածախնդիրներ եւ Օսմանցիի մտայնութիւն ունեցողներ։ Այսօր այս կէտին հասած ենք անոր համար որ Ա-Գէ-Փէ տասը տարիէ ի վեր արտաքին քաղաքականութիւնը Արտաքին Նախարարութենէն առաւ ու զայն փոխադրեց Ա-Գէ-Փէի Կեդրոնատեղին, ըսաւ Ինճէ»։ «Մ»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը