24-07-2012 15:32:30 | | Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
ՍԱՐԳԻՍ ՊԱԼԵԱՆԸ ՀԱՅ ԷՐ
Անցեալ Շաբաթ օր «Հիւրրիյէթ»ի մէջ հրատարակուած էր վերջին Սուլթանական մզկիթներու մասին յօդուած մը, ուր յօդուածագիր Սէֆա Էօզգայա դիտել կուտար որ կառուցուած ամենավերջին Սուլթանական մզկիթը Ապտիւլհամիտ Բ.ի կողմէ 1885-1886 թուականներուն Իտալացի ճարտարապետ Սարգիս Պալեանի շինել տրուած է։
Այս սխալ լուրին դէմ այնպիսի բողոքներ տեղացին որ «Հիւրրիյէթ» այսօր հրատարակած է ճշդում մը ու յայտնած է որ Սարգիս Պալեանը Իտալացի չէր, այլ Հայ էր։
«Մ»