Հալեպի հայկական թաղամասերը կռիվների ուղղակի թատերաբեմեր չեն


Հալեպի հայկական թաղամասերը կռիվների ուղղակի թատերաբեմեր չեն

  • 31-07-2012 16:10:00   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Բերիոյ թեմի Ազգային Առաջնորդարանի մամլոյ բանբեր Ժիրայր Րէիսեան յայտնեց որ Հալէպի հայկական թաղամասերը կռիւներու ուղղակի թատերաբեմեր չեն։ Ան նշեց սակայն որ այդ թաղամասերուն մէջ ալ կրակոցներ կարձանագրուին։ Րէիսեանի խօսքերով, Հալէպի հայկական հաստատութիւնները նիւթական վնասներու չեն ենթարկուած։ Ըստ իրեն, Հալէպէն հայերու մեծաթիւ մեկնումներ չկան, իսկ առժամաբար մեկնողներ կան։ Միւս կողմէ կը նշուի որ Հայաստանի մօտ Սուրիոյ դեսպանութեան խորհրդական եւ մշակութային ու հիւպատոսական հարցերու պատասխանատու Մուհամմէտ Հաֆըզ 30 Յուլիսին չներկայացաւ աշխատանքի։ Հայաստանի մամուլի մէջ լուրեր կը շրջէին այն մասին թէ Սուրիոյ գլխաւոր հիւպատոս Մուհամմէտ Հուսամն է որ հրաժարական ներկայացուցած էր, յայտնելով որ կը լքէ Էսատի կառավարութիւնը ու կþանցնէր ընդդիմութեան շարքերը։ Լուրը ճշդուեցաւ ու յայտնի դարձաւ որ հրաժարեալ դիւանագէտը ո՛չ թէ Հուսամն է, այլ Հաֆըզը։ Յայտնենք որ պաշտօնէ հրաժարած ու ընդդիմութեան միացած են Յունական Կիպրոսի, Իրաքի ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մօտ Սուրիոյ դեսպանները։ «Մ»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը