Թուրքիայից ահաբեկիչներ են ներխուժում Սիրիա


Թուրքիայից ահաբեկիչներ են ներխուժում Սիրիա

  • 31-07-2012 16:13:08   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը

Սուրիոյ թէ՛ կառավարական եւ թէ ընդդիմադիր ուժերը կը յայտարարեն թէ իրենց հսկողութեան տակ առած են Հալէպի հարաւ-արեւելեան Սէլահ Էլ Տին թաղամասը։ Քաղաքի մէջ սուր կռիւներ կը շարունակուին։ Ընդդիմադիր ուժերը տակաւին 20 Յուլիսին հսկողութեան տակ առած էին քաղաքի կարգ մը թաղամասերը։ Սուրիոյ Արտաքին Նախարար Վալիտ Մուալէմ այդ օրերուն կը մեղադրէր Քաթարը, Սէուտական Արաբիան, Թուրքիան ու կարգ մը այլ երկիրներ, որոնք արգելք կը հանդիսանան բախումները կասեցնելու եւ կþօգնեն ապստամբ ուժերուն, զէնք տրամադրելով անոնց։ Միջազգային լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն թէ 30 Յուլիսին սուրիացի ընդդիմադիր ուժերը գրաւեցին Հալէպի Անատանի անցակէտը, որ ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւն ունի եւ որ կը գտնուի քաղաքի հիւսիս-արեւմտեան հատուածի մէջ։ Ապստամբներու ղեկավար Ապտիւլ Նասէրի խօսքերով, անցակէտի գրաւումով պիտի կարենան հսկել քաղաքէն դէպի Թուրքիոյ սահմանը տանող ճամբան։ Արտաքին Նախարար Վալիտ Մուալէմ Իրանի իր պաշտօնակից Ալի Էքպէր Սալէհիի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարած էր որ ահաբեկիչներ Թուրքիայէն մուտք կը գործեն Սուրիա ու ծանր քննադատութիւններ ուղղած էր Թուրքիոյ իշխանութիւններու հասցէին։ «Սուրիոյ մէջ ձերբակալուած ահաբեկիչները լիպիացիներ, թունուսցիներ, եգիպտացիներ են։ Անոնց միջեւ կան նաեւ Էլ Գայիտէի անդամներ։ Բոլորն ալ Թուրքիայէն Սուրիա անցած են», յայտարարեց Մուալէմ։ Բախումներու հետեւանքով 200 հազար մարդ լքեց Հալէպը։ Բանակը հրասայլերով ու ծանր հրետանիներով կը պայքարի, փորձելով հակակշռի տակ առնել քաղաքի հսկողութիւնը։ Կը հաղորդուի որ 2011ի Մարտէն սկսեալ քաղաքացիական ներքին պատերազմի պատճառով աւելի քան 20 հազար բնակիչներ իրենց կեանքը կորսնցուցած են եւ անոնցմէ գրեթէ 12 հազարը խաղաղ բնակիչներ են, իսկ աւելի քան 5 հազարը՝ անվտանգութեան աշխատակիցներ։ «Մ»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը