Սիրիայի Ջինդերես քաղաքում ամենուր քրդական դրոշներ են
31-07-2012 16:17:16 | | Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մինչ Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդիմադիր ուժերու միջեւ բախումները կը շարունակուին, Սուրիոյ մէջ քիւրտերը արդէն վեցերորդ քաղաքը առին իրենց հսկողութեան տակ երկրի հիւսիսային շրջանի 6րդ քաղաքը՝ Ճինտէրէսը։ Իրաքցի քիւրտեր կը շարունակեն Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններու մէջ քրտական ինքնավարութիւն ստեղծելու գործողութիւնները։ Կը նշուի որ Սուրիոյ զինեալ ուժերը չարգիլեցին քիւրտ զինեալներու մուտքը՝ դէպի Ճինտէրէս, ուր ամենուրեք կախուեցան «Սուրիական Քիւրտիստան»ի դրօշներ։
Թրքական լրատուամիջոցներ վերջերս յայտնած էին որ Իրաքեան Քիւրտիստանէն եւ Թուրքիոյ քրտաբնակ շրջաններէն հազարաւոր քիւրտեր ինքնաշարժներով ու հետիոտն կþանցնին Սուրիոյ տարածք՝ Թուրքիոյ եւ Իրաքի հետ սահմանային գօտիի վրայ սուրիաբնակ քիւրտերու հետ համատեղ քրտական ինքնավարութիւն հռչակելու մտադրութեամբ։ Արտաքին Նախարարութիւնը խիստ լեզուով յայտարարած էր որ պիտի չարտօնեն որ Հիւսիսային Քիւրտիստան մը հաստատուի այս անգամ Սուրիոյ մէջ։
Թուրքիոյ զինեալ ուժերու հրամանատարութիւնը Սուրիոյ տարածքի օդերեւութաբանական մանրամասն տեղեկութիւններ պատուիրեց, որովհետեւ հաւանական ռազմական գործողութեան մը ընթացքին եղանակի ցուցանիշներու վերաբերեալ ստոյգ տուեալները ծայրայեղ կարեւոր են հրետանային ու հրթիռային հարուածներու ճշդութեան համար։
«Մ»