Հարձակում ոստիկանատան վրա


Հարձակում ոստիկանատան վրա

  • 03-08-2012 15:30:17   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Երէկ երեկոյեան ժամերուն յարձակում մը տեղի ունեցաւ Էրուհ շրջանի Պիլկիլի գիւղի ոստիկանատան վրայ։ Ըստ հաղորդուած լուրերուն, ապահովութեան ուժերու եւ ահաբեկիչներու միջեւ բախումներ տեղի ունեցան եւ որպէս հետեւանք զինուոր մը նահատակուեցաւ, իսկ եօթը ուրիշ զինուորներ ալ վիրաւորուեցան։ Վիրաւորեալ զինուորները ուղղաթիռով փոխադրուեցան Սիիրթի զինուորական հիւանդանոց ու առաջին բժշկական օգնութիւնը ստանալէ ետք, տեղափոխուեցան քաղաքի պետական հիւանդանոց։ Անոնց կեանքին վտանգ չի սպառնար։ Կը նշուի որ յիշեալ շրջանէն ներս զինուորական գործողութիւնները կը շարունակուին։ «Մ»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը