ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ.Հայաստան Պէտք Է Հակազդէ Անշարժ Գոյքի Ձեռքբերման Դիմաց Թուրքիոյ Արգելքին


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ.Հայաստան Պէտք Է Հակազդէ Անշարժ Գոյքի Ձեռքբերման Դիմաց Թուրքիոյ Արգելքին

  • 06-08-2012 07:46:26   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Թրքական «Սապահ» թերթը կը նշէ, որ Թուրքիոյ նախարարներու խորհուրդը այժմ կը վերջնականացնէ Մայիս ամսուն, խորհրդարանին կողմէ ընդունուած այն օրէնքը, որ կ՛արգիլէ վեց երկիրներու՝ Հայաստանի, Քուպայի, Նիճերիոյ, Հիւսիսային Քորէայի, Սուրիոյ եւ Եմէնի քաղաքացիներուն, ձեռք բերել անշարժ գոյքեր Թուրքիոյ մէջ: Սակայն ո՛չ մէկ բացատրութիւն կայ այն մասին, թէ ինչո՞ւ այս երկիրները «սեւ ցանկ» անցած են: Այս օրէնքը կ՛ապացուցէ թուրք պաշտօնատարներուն յարատեւ թշնամական վերաբերմունքը, ինչ որ կը հակասէ անոնց մեղրածոր խօսքերուն, որ՝ իբր թէ անոնք կը փափաքին կարգաւորել Հայաստանի հետ իրենց յարաբերութիւնները: Իր քաղաքացիներուն նկատմամբ սահմանափակումները ուսումնասիրելէ ետք, Հայաստանի Ազգային ժողովը պէտք է փոխադարձ քայլերու ձեռնարկէ՝ հայկական կալուածներու ձեռքբերումով հետաքրքրուած Թուրքիոյ քաղաքացիներուն դէմ: Առաջարկուած թրքական օրէնքը կրկնակի սադրիչ բնոյթ ունի, որովհետեւ մինչ արգելք կը դնէ Հայաստանի քաղաքացիներուն վրայ՝ անիկա կ՛ընդլայնէ Թուրքիոյ մէջ ներդրումներ կատարելու իրաւունք ունեցող երկիրներուն ցանկը՝ 53էն հասցնելով 129ի, եւ կ՛արտօնէ եւս 52 երկիրներու քաքաղաքացիներուն ներդրումներ կատարել՝ որոշ սահմանափակումներով: Նոր օրէնքը նոյնիսկ կալուածներ գնել կ՛արտօնէ թուրքիոյ մէջ այն քաղաքացիներուն, որոնց կառավարութիւնները կ՛արգիլեն թրքական ներդրումները: Թուրքիոյ անշարժ գոյքի շուկային մէջ օտարերկրեայ ներդրումներուն նկատմամբ սահմանափակումներուն թուլացումը լրացուցիչ 300 միլիառ տոլար եկամուտ պիտի բերէ յաջորդ 10 տարիներուն, կը գրէ «Սապահ»ը: Ահա՛ որոշ երկիրներու նկատմամբ սոյն նոր օրէնքով սահմանուած սահմանափակումները. Չինաստանի, Դանիոյ, Արեւելեան Թիմորի, Ֆիճիի եւ Իսրայէլի քաղաքացիները կրնան գնել միայն մէկ բնակարան Թուրքիոյ մէջ: Միւս կողմէ՝ Յորդանանի բնակիչները կրնան գնել երկու տուն եւ մէկ ընկերութիւն: Ռուսերը եւ ուքրանիացիները կրնան գնել անշարժ գոյք՝ Թուրքիոյ որեւէ շրջանի մէջ, բացառութեամբ՝ Սեւ ծովի ափէն, իսկ վրացիները չեն կրնար անշարժ գոյք գնել ծովափնեայ եւ սահմանամերձ գօտիներուն վրայ: Յունաստանի քաղաքացիներուն չ՛արտօնուիր գոյք գնել Էկէյեան ծովի եւ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ, բացառութեամբ՝ թրքական ծագում ունեցողներէն: Աֆղանիստանի, Եգիպտոսի, Լաթվիոյ, Մարոքի եւ քանի մը այլ Ափրիկեան երկիրներու քաղաքացիներուն չի թոյլատրուիր գնել գիւղատնտեսական հող, խաղողի այգիներ կամ բանջարանոցներ: Ալպանացիները կրնան բնակարան կամ ընկերութիւն գնել, բայց՝ ոչ հող: 16 այլ երկիրներու քաղաքացիներ, ներառեալ՝ Իրանի, Պաղեստինի եւ Հնդկաստանի, նախքան Թուրքիոյ մէջ անշարժ գոյք ձեռքբերելը, պէտք է Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութենէն արտօնութիւն ստանան: Իրաքցիները, միւս կողմէ, պէտք է արտօնութիւն ստանան Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն: Օտարերկրացի անհատ թէ ընկերութիւն մը չի կրնար գնել շրջանի մը հողերուն 10 տոկոսէն աւելին, կամ Թուրքիոյ ամբողջ տարածքին վրայ՝ 30 հեքթարէ աւելի: Օրէնքը նաեւ կ՛արգիլէ օտարերկրացիներուն գնել կամ վարձել անշարժ գոյքեր՝ ռազմակամ նշանակութիւն ունեցող կամ անվտանգութեան գօտիներուն վրայ: Թուրքիոյ տարածքին, առանց պայմաններու կամ սահմանափակումներու գոյք ձեռք բերելու իրաւունք ունեցող 129 երկիրեներու շարքին են Ատրպէյճանը, Պանկլատէշը, Պելոռուսը, Պրունէյը, Ղազախստանը, Քոսովոն, Քուէյթը, Ղրղզստանը, Լիբանանը, Լիպիան, Օմանը, Փաքիստանը, Քաթարը, Սէուտական Արաբիան, Սուտանը, Տաճիկիստանը, Թուրքմէնիստանը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները եւ Իւզպեքիստանը: - Ի՞նչ քայլերու պէտք է ձեռնարկէ Հայաստանը՝ թրքական այս նոր օրէնքին ի պատասխան: Հայաստանի սահմանադրութեան 31րդ յօդուածը կը նշէ. «Հողի սեփականութեան իրաւունքից չեն օգտւում օտարերկրեայ քաղաքացիները եւ քաղաքացիութիւն չունեցող անձինք, բացառութեամբ՝ օրէնքով նախատեսուած դէպքերի»: ՀՀ կառավարութեան կողմէ Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ) ներկայացուած հաշուետուութեան համաձայն՝ «Օտարերկրացիներին թոյլատրւում է օգտագործել հողը՝ հայկական գործընկերոջ հետ վարձակալութեան պայմանագրերի հիման վրայ: Աւելին, օտարերկրացիներն իրաւունք ունեն գնել հայկական հողի վրայ կառուցուած անշարժ գոյք, եւ շահագործել վերականգնուող եւ չվերականգնուող բնական պաշարները՝ Կառավարութեան կողմից տրուած կոնցեսիոն պայմանագրերի հիման վրայ»: ԱՀԿին ներկայացուած Հայաստանի հաշուետուութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ «Օրէնսդրութիւնը Կառավարութեանը լիազօրութիւն է շնորհում սահմանափակել եւ արգելել օտարերկրեայ ներդրումները՝ ազգային անվտանգութեան նպատակներով»: Կարեւոր է իմանալ թիւը օտարերկրացի անհատներուն եւ ընկերութիւններուն, որոնք հող կը վարձեն կամ շէնքեր ու գործառնութիւններ ունին Հայաստանի մէջ, անոնց անունները, քաղաքացիութիւնը, վայրերը, չափերը եւ շուկայական արժէքները…: Այս վարձակալութիւններէն քանի՞ հատը կը պատկանի թուրք քաղաքացիներու: Այս հարցերու բարձրացումը պատշաճ է, որովհետեւ անցեալին, Հայաստանի պաշտօնեաները նշած են, թէ կարիք չկայ սահմանափակումներ կիրառելու այն օտարերկրացիներուն նկատմամբ, որոնք կը ցանկանան ներդրումներ կատարել Հայաստանի անշարժ գոյքերու ոլորտին մէջ: Թէեւ հասկնալի է, որ Հայաստան կը խրախուսէ օտարերկրեայ ներդրումները, սակայն յայտնի չէ, թէ արդեօք խոցելի սահմանամերձ շրջանները բացառուա՞ծ են վարձակալուելէ այնպիսի օտարերկրացիներու կողմէ, ինչպիսիք են ատրպէյճանցիները եւ թուրքերը՝ ազգային անվտանգութեան նկատառումներէ մեկնելով: Կան նաեւ հողեր, որոնք կը պարունակեն թանկարժէք մետաղներու եւ հանքային նիւթերու ռազմական որոշ նշանակութիւն ունեցող պաշարներ: Անոնք պէտք չէ վարձակալութեան տրուին օտարերկրացիներու, որոնք թշնամի ազգի քաղաքացիներ են: Ի պատասխան թրքական նոր օրէնքին, որով կ՛արգիլուի Հայաստանի քաղաքացիներուն անշարժ գոյք գնել Թուրքիոյ մէջ, Հայաստանը պէտք է անյապաղ ընդունի օրէնք մը, որ կ՛արգիլէ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն անշարժ գոյք գնել կամ վարձել: Ո՛չ մէկ բացառութիւն պէտք է ընդունուի: Հայերը պէտք չէ շատ անհանգստանան այն բանին համար, որ չեն կրնար Թուրքիոյ մէջ հող գնել: Յուսանք, որ օր մը անոնք ետ կը ստանան իրենց հողերը՝ առանց վճարելու ատոնց համար: ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Թարգմանեց՝ ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
  -   Յօդուածներ