Կը վախնա՞յ արդեօք Արա Աբրահամեան »խաղաղ աթոմ«էն


Կը վախնա՞յ արդեօք Արա Աբրահամեան »խաղաղ աթոմ«էն

  • 23-03-2011 18:06:36   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Ռուսական »Վլասթ« պարբերականին տուած հարցազրոյցի ընթացքին Ռուսաստանի Հայերու Միութեան եւ Համաշխարհային Հայկական Քոնկրէսի նախագահ Արա Աբրահամեան ճաբոնական աղէտի համայնապատկերի մէջ անդրադարձաւ Հայաստանի աթոմակայանին ու առհասարակ »խաղաղ աթոմ«ին։ Կը վախնա՞յ արդեօք Արա Աբրահամեան »խաղաղ աթոմ«էն։ Պատասխանելով այս հարցումին Արա Աբրահամեան ըսաւ որ ամիս մը առաջ հաստատապէս պիտի ըսէր որ չի՛ վախնար, բայց հիմա իրավիճակը մտահոգիչ է։ »Ես դէմ չեմ աթոմային ուժանիւթին, սակայն աշխարհը զարգացած է՝ նկատի առնելով բնութեան մարտահրաւէրները«, ըսաւ Աբրահամեան եւ խօսելով Մեծամօրի մասին, ան նկատեց որ Հայաստան աթոմակայանը կառուցած է սովետական չափանիշներով, առանց »տանիք«ի, ինչպէս Չէռնոպիլի աթոմակայանն էր։ »Վերատեսութեան պէտք է ենթարկել աթոմակայանի պաշտպանութեան չափորոշիչները«, նշեց Աբրահամեան։ Ան պնդեց որ հայկական աթոմակայանի պաշտպանութեան մակարդակը ցած կը մնայ ճաբոնական Ֆուցիշիմայէն ու ինք չի հաւատար թէ Մեծամօրը պիտի կարենայ տոկալ 8 բալ սաստկութեամբ երկրաշարժի մը։ Հետեւաբար, անհրաժեշտութեան պարագային Հայաստան պէտք է փակէ աթոմակայանը, դիտել տուաւ Աբրահամեան։ Նշենք որ կարգ մը փորձագէտներու կարծիքով, Մեծամօրը որ կառուցուած է Երեւանէն 30 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, կրնայ բանիլ մինչեւ 2016 թուական։ Թերեւս այդ հանգամանքը նկատի ունենալով է որ Հայաստանի իշխանութիւնները կը պատրաստուին նոր աթոմակայան մը կառուցանել։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը