ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ. Դատապարտելով Թուրքերուն Կողմէ Հայերուն Ջարդերը՝ 1909-ին Իսլամներու Մեծ Շէյխը Ֆեթուա Արձակած է


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ. Դատապարտելով Թուրքերուն Կողմէ Հայերուն Ջարդերը՝ 1909-ին Իսլամներու Մեծ Շէյխը Ֆեթուա Արձակած է

  • 20-08-2012 06:54:53   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Վերջերս անսպասելիօրէն աչքիս զարկաւ չափազանց կարեւոր իսլամական փաստաթուղթ մը, որ խստօրէն կը դատապարտէ թուրքերը` կրօնի քօղի տակ հայ քրիստոնեաները սպաննելու համար: Այս բացառիկ փաստաթուղթը ֆեթուա կամ կրօնական հրամանագիր է, որ արձակուած է 1909 թուականի Մայիսին Եգիպտոսի Մեծն շէյխ Սալիմ ալ-Պիշրիի կողմէ, եւ որ կը դատապարտէ թուրք իսլամաները Օսմանեան կայսրութեան խոշոր քաղաքներէն մէկուն` Ատանայի մէջ 30.000 հայ կոտորելու համար: Ալ-Ազհար մզկիթի շէյխ ալ-Պիշրի, Գահիրէի մէջ մահմետական աշխարհի իսլամական հետազօտութիւններու նշանաւոր կեդրոնի առաջնորդը այս ֆեթուան արձակած է իբրեւ հակազդեցութիւն 1909 Ապրիլին թուրք մուֆթիի (կրօնական առաջնորդ) արձակած հրամանագրի, որուն միջոցով ան թուրքերուն կոչ ուղղած է սպաննելու հայերը, քանի որ «անոնք դէմ էին իսլամներուն եւ Աստծոյ»: Համացանցի մէջ պատահաբար տեսնելով եգիպտական ֆեթուայի յիշատակումը, կապ հաստատեցի հայոց պատմութեան մասնագէտ, փրոֆ. Մոհամմատ Ռիֆաաթ ալ-Իմամի հետ, որուն հանդիպած էի վերջերս Գահիրէ կատարած իմ այցելութեան ժամանակ: Դոկտ. ալ-Իմամ սիրով ինծի ուղարկեց այս կարեւոր կրօնական փաստաթուղթի արաբական գրութեան բնագիրը, որմէ՝ առաջին անգամ՝ հայերէն թարգմանութեամբ հատուածները ներկայացուած են ստորեւ. «Տեղական թերթերուն մէջ տեսած ենք զարհուրելի լուրեր եւ նողկալի զեկոյցներ Օսմանեան կայսրութեան շարք մը գաւառներու իսլամներու մասին, որոնք յարձակած են քրիստոնեաներու վրայ եւ գազանաբար սպաննած զանոնք: Մենք չէինք կրնար հաւատալ այդ զեկոյցներուն եւ յոյս կը տածէինք, որ անոնք կեղծ էին, քանի որ իսլամը կ’արգիլէ հակասութիւնը, բռնութիւնները, արիւնահեղութիւնը, եւ մարդոց վնասելը անկախ անկէ, թէ անոնք իսլամ են, քրիստոնեայ թէ հրէայ: Օհ, իսլամներ` ապրող տարածաշրջանին մէջ, թէ՝ այլուր, զգուշացէք գործողութիւններէն, որոնք արգիլուած են Ալլահի կողմէ իր շարիաթին մէջ (իսլամական օրէնք), եւ խնայէք այն արիւնը, որ Ալլահը կ’արգիլէ թափել, եւ մի մեղանչէք որեւէ մէկուն դէմ, քանի որ Ալլահը չի սիրեր հակասութիւնները…։ Ձեր պարտքն է անոնց հանդէպ, որոնք կապուած են ձեզ հետ, որոնք իրենց անվտանգութիւնը վստահած են ձեզ եւ որոնք կը բնակին ձեզի հետ եւ ձեր կողքին են Ahlul Dhimma-էն (հրէայ եւ քրիստոնայ փոքրամասնութիւններ, որոնց իսլամ կրօնը կը պաշտպանէ), ինչպէս պարտադրուած է Ալլահի կողմէ` բարձրացնել անոնց, ինչպէս պիտի բարձրացնէք դուք ձեզ, պաշտպանելու անոնց այն ամէնէն, ինչէն պիտի պաշտպանէք դուք ձեզ եւ ձեր ազգակիցները, ձեր ուժը դարձուցէք անոնց ուժը, հպարտացէք եւ բարգաւաճէք ձեր ուժով, եւ պաշտպանեցէք անոնց վանքերն ու եկեղեցիները, ինչպէս պիտի պաշտպանէք ձեր մզկիթներն ու տաճարները: Ով վիրաւորէ անոնց կանանց, սուր քաշէ անոնց վրայ եւ ճնշէ զանոնք, ան կը ժխտէ Ալլահին տուած իսլամներուն խոստումը, որ իսլամներուն պարտաւորութիւնն է: Իմացած եղէք, որ եթէ այն, ինչ հասարակութիւնը կը լսէ` ճշմարիտ է, ուրեմն դուք զայրացուցած էք ձեր Ալլահը եւ անիկա չէ գոհացուցած ձեր մարգարէն ու Շարիաթը: Դուք ձեր իսլամ եղբայրները հեռացուցած էք իրենց կրօնէն, որուն մերժումը դարձած է սոսկալի` այս նողկալի արարքին պատճառով, խախտելով այն, ինչը արգիլուած է, եւ դուք կ’արձակէք ձեր կրօնէն անտեղեակ մարդոց լեզուները` սոսկալի բառեր ըսելու ընդդէմ բոլոր իսլամներու: Ուրեմն, լսեցէք, թէ ինչ ըսած է ձեր մարգարէն նման իրավիճակներու մասին, որուն մէջ դուք այժմ յայտնուած էք: Ան ըսած է,- «Ան որ կը սպաննէ դաշնակից անձ մը (անձ, որ ըստ համաձայնագրի միացած է իսլամին` օգնութեան եւ աջակցութեան նպատակով) չզգար Դրախտի բուրմունքը եւ եթէ անգամ զգայ զայն՝ ատիկա պիտի ըլլայ 40 տարուան հեռուէն»: Ան նաեւ ըսած է,- «Անձը, որ կը հարուածէ «dhimmi»-ին (հրէական կամ քրիստոնէական փոքրամաuնութեան անձ) պիտի մտրակուի կրակի ճիրաններուն մէջ Ահեղ դատաստանի օրը»: Այս փաստաթուղթէն ամբողջովին պարզ կը դառնայ, որ 1909-ի հայկական կոտորածները եւ անոր յաջորդած 1915-ի Ցեղասպանութիւնը իսլամ թուրքերու եւ հայ քրիստոնեաներու միջեւ եղած կրօնական բախման արդիւնք չէին: Ալ-Ազհարի Մեծն շէյխը արդարացիօրէն դատապարտած է թուրքերը` հայերու զանգուածային կոտորածին համար, որ կատարուած է ռասիստ բանթուրքական, եւ ոչ թէ բանիսլամական նկատառումներով` հայկական հողերն ու կալուածքները գրաւելու մտադրութեան հետ միատեղ: Թուրք մուֆթիներու (հոգեւորական) կողմէ արձակուած տարբեր ֆեթուաները նպատակ ունէին հրահրելու մոլեռանդ թուրք խուժանը` յարձակելու եւ սպաննելու անմեղ հայերը: Շէյխ ալ-Պիշրիի 1909-ի ֆեթուան յետագային ամրապնդուած է 1917-ին Մեքքայի Շարիֆ ալ-Հուսէյն Իպն Ալիի արձակած հրովարտակով` հրամայելով բոլոր մահմետականներուն պաշտպանել հայերը եւ «ապահովել այն ամէնով, ինչի կարիքը անոնք կրնան ունենալ ... որովհետեւ անոնք իսլամներու Պաշտպանուած ազգն են, որոնց մասին մարգարէ Մուհամմետը ըսած է,- «Ով որ անգամ պարան գողնայ անոնցմէ, ես պիտի ըլլամ անոր հակառակորդը Ահեղ դատաստանի օրը»: 2009-ին, երբ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կը յայտարարէր, թէ «իսլամները ցեղասպանութիւն չեն կատարած», ան միայն մասամբ ճիշդ էր: Ան պէտք է ըսէր,- «Լա’ւ իսլամները ցեղասպանութիւն չեն կատարած»: Երիտթուրքերու կուսակցութեան ղեկավարները, որոնք 1915-ին իրագործած էին Հայոց Ցեղասպանութիւնը, դատելով իսլամի սուրբ գրքի` Գուրանի ուսմունքներէն, հաւատացեալ մահմետականներ չէին: Անոնք պարզապէս ոճրագործներ էին, որոնք իսլամը իբրեւ յարմար պատրուակ օգտագործած էին զանգուածային ջարդեր իրականացնելու համար: Ալ-Ազհարի Մեծն շէյխի կարեկցող ֆեթուան դեռ այսօր ալ ճշմարիտ կը հնչէ, մանաւանդ այս օրերուն, երբ իսլամական աշխարհը կը նշէ Ռամատանի աւարտը: ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
  -   Յօդուածներ