ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.Հակառակ Թրքական Ժխտումներուն՝ Հայկական Ջարդերու Մասին «Ֆաթուա»ն Կը Գրաւէ Աշխարհի Ուշադրութիւնը


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.Հակառակ Թրքական Ժխտումներուն՝ Հայկական Ջարդերու Մասին «Ֆաթուա»ն Կը Գրաւէ Աշխարհի Ուշադրութիւնը

  • 28-08-2012 12:49:11   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Եգիպտոսի Իսլամական գլխաւոր հոգեւորականին կողմէ արձակուած Ատանայի հայերու ջարդերուն համար թուրքերը դատապարտող 1909ի «ֆաթուա»ին մասին անցեալ շաբթուան սիւնակս լայն ուշադրութեան արժանացած է: Յօդուածը տեղադրուած է զանազան կայքերու վրայ, բազմաթիւ երկիրներու մէջ, ինչպէս՝ Փաքիստան, Հնդկաստան, Իսրայէլ, Ֆրանսա, Ռուսիա, Լիբանան, Հայաստան եւ Միացեալ Նահանգներ: Թէեւ սիւնակներս յաճախ կը թարգմանուին եւ կ՛արտատպուին թրքական լրատուամիջոցներու մէջ, սակայն անցեալ շաբթուան յօդուածը գերազանցեց բոլոր մրցանիշները: Անիկա ամփոփ ձեւով յայտնուեցաւ թրքական տասնեակ թերթերու եւ կայքերու մէջ: Բացի ատկէ, յայտնի սիւնակագիր Թահա Աքէօլ, ծաւալուն հերքում մը հրապարակեց «Հիւրրիյէ»չ թերթին, «Սի.Էն.Էն. Թիւրք» լրատուական գործակալութեան եւ այլ հրատարակութիւններու մէջ: Աքէօլ աջակողմեան լրագրող մըն է, որ «գորշ գայլեր»ու առաջնորդ, ծայրայեղ ազգայնական Ալփասլան Թիւրքէշի նկատմամբ իր հաւատարմութիւնը շեղեց դէպի նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ եւ անոր ղեկավարած իսլամական Արդարութիւն եւ բարգաւաճում (AKP) կուսակցութեան կողմը: Աքէօլ զիս կը նկարագրէ որպէս «Հայկական Սփիւռքի կատաղի ղեկավարներէն մէկը» եւ «ռազմատենչ Դաշնակ»: Թուրք ընթերցողներուն իմ «արմատական» հայ ըլլալս ապացուցելու համար, Աքէօլ մէջբերում կը կատարէ աւելի շուտ հրապարակուած իմ յօդուածէն, ուր նշած էի, թէ հայերը օր մը կրնան վերատիրանալ Արեւմտեան Հայաստանի, երբ չնախատեսուած զարգացումներ տեղի ունենան տարածաշրջանին մէջ՝ ստեղծելով իշխանութեան անզօրութիւն: Արեւմտեան Հայաստանի վերաբերեալ իմ հայեացքները դատապարտելու գործին մէջ Աքէօլին միացած է նաեւ նախկին թուրք դեսպան Օմեր Էնկին Լիւթեմ: Դեսպան Լիւթեմ, զիս անուանելով հանդերձ «ծայրայեղ ազգայնական», զիս միաժամանակ կը ներկայացնէ որպէս անձնաւորութիւն մը, որ «մեծապէս յարգուած է եւ որուն յօդուածները յաճախ կ՛ընթերցուին սփիւռքահայերու կողմէ: Անոր գրութիւններու արժէքի կողքին, ան այն մարդն է, որուն հետ լրջօրէն պէտք է վերաբերիլ՝ հայկական Սփիւռքին վրայ անոր ունեցած ազդեցութեան պատճառով»: Աքէօլ իր յօդուածին մէջ սովորական ժխտողական մարտավարութիւն կը կիրառէ՝ նուազեցնելով Ատանայի հայ զոհերուն թիւը եւ հայկական ջարդերը կեղծօրէն ներկայացնելով իբրեւ հայերու եւ թուրքերու միջեւ եղած բախումներ: Իրականութեան մէջ, 30 հազար հայ կոտորուած է Ատանայի մէջ, թուրք խուժանին կողմէ, որուն կատաղութեան աստիճանի հասցուց Իսմայիլ Հաքքըն՝ Ատանայի հարեւանութեամբ գտնուող Պահչէ գիւղաքաղաքի մուֆթին (իսլամ հոգեւորական-Խմբ.): Աքէօլի կողմէ տրուած փաստերու կոպիտ խեղաթիւրումը կը հակասէ Օսմանեան կայսրութեան Նախարարներու խորհուրդի՝ 1909ի Յուլիս 31ի որոշումին, որ ջարդերու ամբողջ պատասխանատուութիւնը դրած է միայն գաւառական թուրք պաշտօնեաներու ուսերուն: Ապարդիւն փորձելով իր խեղաթիւրուած հայեացքները աւելի վստահելի դարձնել՝ Աքէօլ կը յայտարարէ, թէ ինք խորհրդակցած է փրոֆ. Քեմալ Չիչեքի՝ վարկաբեկուած Թրքական պատմութեան կաճառի տնօրէնին հետ, որ «անցեալ ամիս գիրք հրատարակած է՝ «Վերադարձ Ատանայի 1909 Թուականի Դէպքերուն» խորագիրով»: Ի դէպ, գիրքը լոյս տեսած է մէկ տարի առաջ, եւ Չիչեք անոր հեղինակը չէ, այլ՝ խմբագիրը մէկ հատորի, որ բաղկացած է 2009ի Անգարայի համաժողովին ներկայացուած բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններէ: Ի պատասխան Աքէօլի այն հարցումին, թէ արդեօք թուրք մուֆթին «ֆաթուա» արձակա՞ծ է՝ Չիչեք, իբր թէ, յայտարարած է. «Ես ուսումնասիրած եմ Ատանայի դատարանի արձանագրութիւնները: Հայերը այն ժամանակ եւս այսպիսի պնդումներ ըրած են, սակայն այդպիսի փաստաթուղթեր կամ վկաներ չեն յայտնաբերուած: Նման «ֆաթուա» բացարձակապէս գոյութիւն չունի»: Հակառակ Չիչեքի պնդումներուն, կան շարք մը յիշատակումներ, որոնք կը հաստատեն թուրք մուֆթի Իսմայիլ Հաքքըի կողմէ արձակուած «ֆաթուա»ին փաստը՝ այդ գազանութիւնները օրինականացնելու նպատակով: Չանաքալի «Մարտ 18» համալսարանի փրոֆեսէօր, դոկտ. Ալի Օսման Օզթուրք 2009ին, «Milli Folklor» ամսագիրին մէջ գրած է հետեւեալը. «Կառավարութիւնը Պահչէի մուֆթին կախած է Տորթէօլի մէջ, որովհետեւ ան «ֆաթուա» արձակած էր՝ յայտարարելով, որ «հայերուն արիւնն ու ունեցուածքը հալալ են (կրօնքի կողմէ արտօնուած)»: Ֆրանսահայ պատմաբան Ռէյմոն Գէորգեան եւս թրքական «ֆաթուա»ին մասին նշած է իր «Հայոց Ցեղասպանութիւնը. ամբողջական պատմութիւն» մեծածաւալ գիրքին մէջ՝ վկայակոչելով երկու աղբիւրներ. Զ. Տաքեթ Ֆերիմանի «Երիտթուրքերը եւ 1909ի Ապրիլին Ատանայի ու Փոքր Ասիոյ մէջ Ողջակիզումի մասին իրականութիւնը» աշխատութիւնը եւ Թրքական խորհրդարանական յանձնաժողովի դատաւորներ Ֆայք Պէյի ու Յարութիւն Մոստիչեանի ներկայացուցած զեկոյցը: Դոկտ. Վահագն Տատրեան նոյնպէս անդրադարձած է թրքական տարբեր քաղաքներու մէջ մուֆթիներու կողմէ արձակուած քանի մը «ֆաթուա»ներու, ինչպէս՝ Պահչէի մուֆթիինը, որ «դաժանութեան ուժով եւ չափով գերազանցած է իր մնացած բոլոր գործընկերները»: Այնուհետեւ, Տատրեան մէջբերած է գերմանական «Berliner Tageblatt» թերթը, ուր ներկայացուած է ականատես գերմանացի ճարտարագէտներու պատմութիւնները. «Մուֆթին կը հրահրէր եւ կը քարոզէր Պահչէի եւ անոր շրջակայքի մոլեռանդ ու յանցագործ ամբոխը»: Ի շահ իրեն, Աքէօլ չի ժխտեր եգիպտական «Ազհար»ի վեհանձն Մեծ շէյխ Սալիմ Պիշրիի արձակած «ֆաթուա»ն: Աքէօլ հնարաւոր կը համարէ այն, որ արաբ շէյխը նման «ֆաթուա» արձակած ըլլայ: Ես կրնամ անոր հաւաստել, թէ այդպիսի «ֆաթուա» գոյութիւն ունի, քանի որ ձեռքիս տակ է այդ փաստաթուղթի պատճէնը, որմէ, թարգմանաբար, հատուածներ հրապարակուած էին անցեալ շաբթուան յօդուածիս մէջ: Աքէօլ նաեւ կ՛ընդունի, որ Պահչէի թուրք մուֆթին կախած են՝ Ատանայի մէջ անոր կատարած ոճրագործութիւններուն համար: Աւելի քան հարիւր տարի անց, «Ազհար»ի Մեծ շէյխի «ֆաթուա»ն կը մնայ ամէնէն արժէքաւոր փաստաթուղթը, յատկապէս՝ այս փոթորկալից ժամանակաշրջանին: Հայաստանի կառավարութիւնը, եկեղեցւոյ առաջնորդները եւ քաղաքացիական խումբերը պէ՛տք է այս առաքինի «ֆաթուա»ին եւ Մեքքայի շարիֆին կողմէ 1917ին արձակուած կարեկցող հրովարտակին պատճէնները տարածեն աշխարհի բոլոր իսլամական պետութիւններուն մէջ, անոնց դեսպաններուն, լրատուամիջոցներուն եւ մզկիթներուն մէջ, յատկապէս՝ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ արաբական աշխարհին մէջ: ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրՀակառակ Թրքական Ժխտումներուն՝ Հայկական Ջարդերու Մասին «Ֆաթուա»ն Կը Գրաւէ Աշխարհի Ուշադրութիւնը ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Եգիպտոսի Իսլամական գլխաւոր հոգեւորականին կողմէ արձակուած Ատանայի հայերու ջարդերուն համար թուրքերը դատապարտող 1909ի «ֆաթուա»ին մասին անցեալ շաբթուան սիւնակս լայն ուշադրութեան արժանացած է: Յօդուածը տեղադրուած է զանազան կայքերու վրայ, բազմաթիւ երկիրներու մէջ, ինչպէս՝ Փաքիստան, Հնդկաստան, Իսրայէլ, Ֆրանսա, Ռուսիա, Լիբանան, Հայաստան եւ Միացեալ Նահանգներ: Թէեւ սիւնակներս յաճախ կը թարգմանուին եւ կ՛արտատպուին թրքական լրատուամիջոցներու մէջ, սակայն անցեալ շաբթուան յօդուածը գերազանցեց բոլոր մրցանիշները: Անիկա ամփոփ ձեւով յայտնուեցաւ թրքական տասնեակ թերթերու եւ կայքերու մէջ: Բացի ատկէ, յայտնի սիւնակագիր Թահա Աքէօլ, ծաւալուն հերքում մը հրապարակեց «Հիւրրիյէ»չ թերթին, «Սի.Էն.Էն. Թիւրք» լրատուական գործակալութեան եւ այլ հրատարակութիւններու մէջ: Աքէօլ աջակողմեան լրագրող մըն է, որ «գորշ գայլեր»ու առաջնորդ, ծայրայեղ ազգայնական Ալփասլան Թիւրքէշի նկատմամբ իր հաւատարմութիւնը շեղեց դէպի նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ եւ անոր ղեկավարած իսլամական Արդարութիւն եւ բարգաւաճում (AKP) կուսակցութեան կողմը: Աքէօլ զիս կը նկարագրէ որպէս «Հայկական Սփիւռքի կատաղի ղեկավարներէն մէկը» եւ «ռազմատենչ Դաշնակ»: Թուրք ընթերցողներուն իմ «արմատական» հայ ըլլալս ապացուցելու համար, Աքէօլ մէջբերում կը կատարէ աւելի շուտ հրապարակուած իմ յօդուածէն, ուր նշած էի, թէ հայերը օր մը կրնան վերատիրանալ Արեւմտեան Հայաստանի, երբ չնախատեսուած զարգացումներ տեղի ունենան տարածաշրջանին մէջ՝ ստեղծելով իշխանութեան անզօրութիւն: Արեւմտեան Հայաստանի վերաբերեալ իմ հայեացքները դատապարտելու գործին մէջ Աքէօլին միացած է նաեւ նախկին թուրք դեսպան Օմեր Էնկին Լիւթեմ: Դեսպան Լիւթեմ, զիս անուանելով հանդերձ «ծայրայեղ ազգայնական», զիս միաժամանակ կը ներկայացնէ որպէս անձնաւորութիւն մը, որ «մեծապէս յարգուած է եւ որուն յօդուածները յաճախ կ՛ընթերցուին սփիւռքահայերու կողմէ: Անոր գրութիւններու արժէքի կողքին, ան այն մարդն է, որուն հետ լրջօրէն պէտք է վերաբերիլ՝ հայկական Սփիւռքին վրայ անոր ունեցած ազդեցութեան պատճառով»: Աքէօլ իր յօդուածին մէջ սովորական ժխտողական մարտավարութիւն կը կիրառէ՝ նուազեցնելով Ատանայի հայ զոհերուն թիւը եւ հայկական ջարդերը կեղծօրէն ներկայացնելով իբրեւ հայերու եւ թուրքերու միջեւ եղած բախումներ: Իրականութեան մէջ, 30 հազար հայ կոտորուած է Ատանայի մէջ, թուրք խուժանին կողմէ, որուն կատաղութեան աստիճանի հասցուց Իսմայիլ Հաքքըն՝ Ատանայի հարեւանութեամբ գտնուող Պահչէ գիւղաքաղաքի մուֆթին (իսլամ հոգեւորական-Խմբ.): Աքէօլի կողմէ տրուած փաստերու կոպիտ խեղաթիւրումը կը հակասէ Օսմանեան կայսրութեան Նախարարներու խորհուրդի՝ 1909ի Յուլիս 31ի որոշումին, որ ջարդերու ամբողջ պատասխանատուութիւնը դրած է միայն գաւառական թուրք պաշտօնեաներու ուսերուն: Ապարդիւն փորձելով իր խեղաթիւրուած հայեացքները աւելի վստահելի դարձնել՝ Աքէօլ կը յայտարարէ, թէ ինք խորհրդակցած է փրոֆ. Քեմալ Չիչեքի՝ վարկաբեկուած Թրքական պատմութեան կաճառի տնօրէնին հետ, որ «անցեալ ամիս գիրք հրատարակած է՝ «Վերադարձ Ատանայի 1909 Թուականի Դէպքերուն» խորագիրով»: Ի դէպ, գիրքը լոյս տեսած է մէկ տարի առաջ, եւ Չիչեք անոր հեղինակը չէ, այլ՝ խմբագիրը մէկ հատորի, որ բաղկացած է 2009ի Անգարայի համաժողովին ներկայացուած բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններէ: Ի պատասխան Աքէօլի այն հարցումին, թէ արդեօք թուրք մուֆթին «ֆաթուա» արձակա՞ծ է՝ Չիչեք, իբր թէ, յայտարարած է. «Ես ուսումնասիրած եմ Ատանայի դատարանի արձանագրութիւնները: Հայերը այն ժամանակ եւս այսպիսի պնդումներ ըրած են, սակայն այդպիսի փաստաթուղթեր կամ վկաներ չեն յայտնաբերուած: Նման «ֆաթուա» բացարձակապէս գոյութիւն չունի»: Հակառակ Չիչեքի պնդումներուն, կան շարք մը յիշատակումներ, որոնք կը հաստատեն թուրք մուֆթի Իսմայիլ Հաքքըի կողմէ արձակուած «ֆաթուա»ին փաստը՝ այդ գազանութիւնները օրինականացնելու նպատակով: Չանաքալի «Մարտ 18» համալսարանի փրոֆեսէօր, դոկտ. Ալի Օսման Օզթուրք 2009ին, «Milli Folklor» ամսագիրին մէջ գրած է հետեւեալը. «Կառավարութիւնը Պահչէի մուֆթին կախած է Տորթէօլի մէջ, որովհետեւ ան «ֆաթուա» արձակած էր՝ յայտարարելով, որ «հայերուն արիւնն ու ունեցուածքը հալալ են (կրօնքի կողմէ արտօնուած)»: Ֆրանսահայ պատմաբան Ռէյմոն Գէորգեան եւս թրքական «ֆաթուա»ին մասին նշած է իր «Հայոց Ցեղասպանութիւնը. ամբողջական պատմութիւն» մեծածաւալ գիրքին մէջ՝ վկայակոչելով երկու աղբիւրներ. Զ. Տաքեթ Ֆերիմանի «Երիտթուրքերը եւ 1909ի Ապրիլին Ատանայի ու Փոքր Ասիոյ մէջ Ողջակիզումի մասին իրականութիւնը» աշխատութիւնը եւ Թրքական խորհրդարանական յանձնաժողովի դատաւորներ Ֆայք Պէյի ու Յարութիւն Մոստիչեանի ներկայացուցած զեկոյցը: Դոկտ. Վահագն Տատրեան նոյնպէս անդրադարձած է թրքական տարբեր քաղաքներու մէջ մուֆթիներու կողմէ արձակուած քանի մը «ֆաթուա»ներու, ինչպէս՝ Պահչէի մուֆթիինը, որ «դաժանութեան ուժով եւ չափով գերազանցած է իր մնացած բոլոր գործընկերները»: Այնուհետեւ, Տատրեան մէջբերած է գերմանական «Berliner Tageblatt» թերթը, ուր ներկայացուած է ականատես գերմանացի ճարտարագէտներու պատմութիւնները. «Մուֆթին կը հրահրէր եւ կը քարոզէր Պահչէի եւ անոր շրջակայքի մոլեռանդ ու յանցագործ ամբոխը»: Ի շահ իրեն, Աքէօլ չի ժխտեր եգիպտական «Ազհար»ի վեհանձն Մեծ շէյխ Սալիմ Պիշրիի արձակած «ֆաթուա»ն: Աքէօլ հնարաւոր կը համարէ այն, որ արաբ շէյխը նման «ֆաթուա» արձակած ըլլայ: Ես կրնամ անոր հաւաստել, թէ այդպիսի «ֆաթուա» գոյութիւն ունի, քանի որ ձեռքիս տակ է այդ փաստաթուղթի պատճէնը, որմէ, թարգմանաբար, հատուածներ հրապարակուած էին անցեալ շաբթուան յօդուածիս մէջ: Աքէօլ նաեւ կ՛ընդունի, որ Պահչէի թուրք մուֆթին կախած են՝ Ատանայի մէջ անոր կատարած ոճրագործութիւններուն համար: Աւելի քան հարիւր տարի անց, «Ազհար»ի Մեծ շէյխի «ֆաթուա»ն կը մնայ ամէնէն արժէքաւոր փաստաթուղթը, յատկապէս՝ այս փոթորկալից ժամանակաշրջանին: Հայաստանի կառավարութիւնը, եկեղեցւոյ առաջնորդները եւ քաղաքացիական խումբերը պէ՛տք է այս առաքինի «ֆաթուա»ին եւ Մեքքայի շարիֆին կողմէ 1917ին արձակուած կարեկցող հրովարտակին պատճէնները տարածեն աշխարհի բոլոր իսլամական պետութիւններուն մէջ, անոնց դեսպաններուն, լրատուամիջոցներուն եւ մզկիթներուն մէջ, յատկապէս՝ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ արաբական աշխարհին մէջ: ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ ատարակիչ եւ խմբագիր Թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
  -   Յօդուածներ