Գանատայի մէջ կը դատուի իր ընկեռները խաբած հայ մը


Գանատայի մէջ կը դատուի իր ընկեռները խաբած հայ մը

  • 21-03-2011 16:02:24   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա 75ամեայ Գասպար Պանիրեան անունով հայ մը որ իր կեանքի մեծ մասը Գանատայի մէջ անցուցած է, ունէր լաւ ընկեր մը Լեւոն Գորցեան, զոր շատ կը սիրէր եւ որուն վրայ մեծ վստահութիւն ունէր։ Սակայն Գորցեանի հետ ընկերութիւնը սուղի արժած է Գասպար Պանիրեանին։ Անոնց ընտանիքները իրարու ծանօթ էին տակաւին Հայաստանի մէջ։ »Յանկարծ ես տեսայ որ ան այլեւս իմ ճանչցած անձը չէր։ Ան շատ փոխուած էր եւ ես չեմ գիտեր թէ ի՞նչ կատարուեցաւ իրեն հետ«, ըսաւ Պանիրեան։ Ուրբաթ, 18 Մարտին, երբեմնի ընկերները դատարանի հակադիր կողմերու մէջ էին, ուր կը քննարկուէր մեծ մեքենայութեան մասին թղթածրար մը։ Գորցեան իւրացուցած է Պանիրեանի եւ 24 այլ հայերու խնայողութիւնները։ »Ան բազում մարդոց կեանքեր խորտակած է ու արժանի է որ պատիժը կրէ բանտի մէջ«, յայտարարեց այլ տուժող մը՝ Ալի Ռըզա։ Գորցեան որպէս արտօնեալ կալուածական միջնորդ ութ տարուայ ընթացքին խաբած է հայ համայնքի իր ընկերները եւ իւրացուցած 800 հազար տոլար։ Դատախազ Նիքոլ Մարթինօ պահանջեց որ Գորցեան առնուազն չորս տարուայ բանտարկութեան դատապարտուի։ Գորցեան իր խորհած »ինվէսթասիոն« դրութեամբ մարդոց կը խոստանար 24 տոկոսի եկամուտ։ Ան իր յաճախորդներուն կ’ըսէր որ դրամները կը տրուին իփոթէքային վարկի ձեւով՝ բնակարան գնողներուն։ Գորցեան առաջարկած է իր »սեփական« տունը, որպէս երաշխիք, սակայն ոստիկանութիւնը աւելի ուշ տեղեկացած է որ այդ տունը Գորցեանին չի պատկանիր։ Ճէքի Նալչայեան Գորցեանի զոհերէն մէկն է ու Գորցեան այս վերջինին սպառնալիքներ ուղղած է ելեկտրոնային նամակներով։ Նալչայեան ոստիկանութիւն կանչած է եւ անոնք զէնք գտած են Գորցեանի տունէն։ Այնուհանդերձ, Լեւոն Գորցեանի փաստաբանները կ’ըսեն որ ան վտանգ չի ներկայացներ եւ պէտք չէ բանտարկուի։ Գորցեանի դատավճիռը պիտի հրապարակուի յառաջիկայ Յունիսին։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը