ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ.Հունգարա-Ատրպէյճանական Խայտառակութիւնը Կ՛արդարացնէ Արցախի Անկախութեան Ձգտումը


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ.Հունգարա-Ատրպէյճանական Խայտառակութիւնը Կ՛արդարացնէ Արցախի Անկախութեան Ձգտումը

  • 12-09-2012 02:59:21   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ
Աշխարհի հայերը խիստ վրդոված են Ալիեւի կողմէ Ռամիլ Սաֆարովին (ատրպէյճանցի քսանապետի մը, որ 2004ին Պուտափեշտի մէջ տեղի ունեցող ՆԱԹՕի դասընթացքներու ընթացքին կացինահարելով սպաննած էր քնացած հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը) ներում շնորհելուն եւ հունգարական կառավարութան կողմէ զինք ազատ արձակելուն առնչութեամբ: Դժուար է որոշել, թէ ո՞ր երկիրը պէտք է աւելի շատ մեղադրել այս աղմկայարոյց եւ խայտառակ գործով՝ Հունգարիա՞ն, թէ Ատրպէյճանը: Մեղադրանքներու մէկ մասն ալ պէտք է ուղղել միջազգային հանրութեան, որ անտեսած է Արցախի հայերու բազմաթիւ բողոքները այն մասին, թէ անոնք այլեւս երբեք չեն կրնար ապրիլ Ատրպէյճանի բռնատիրական լուծին տակ: Երբ 2004ին Սաֆարով կատարեց իր բարբարոսական արարքը, ատրպէյճանցիները փառաբանեցին անոր ստոր ոճրագործութիւնը: Այդ ժամանակէն ի վեր, Ատրպէյճան հնարաւոր ամէն ինչ կ՛ընէր մղելու համար Հունգարիոյ կառավարութիւնը՝ կացինահարող մարդասպանը ազատ արձակելու, իսկ Հայաստանի իշխանութիւնները կը ձգտէին վստահ ըլլալ, որ Սաֆարով պիտի կրէ իր ցմահ բանտարկութիւնը: Հունգարիոյ ղեկավարները բազմիցս վստահեցուցին Հայաստանին, որ հակառակ Ատրպէյճանի յամառ ճնշումներուն, ատրպէյճանցի բանտարկեալը ազատ պիտի չարձակուի: Սակայն, Օգոստոս 31, 2012ին, առանց նախազգուշացումի, հունգարական իշխանութիւնները խախտեցին իրենց պաշտօնական երաշխիքը՝ Սաֆարովը յանձնելով Պաքուին: Ինչո՞ւ իրադարձութիւններու նման շրջադարձ տեղի ունեցաւ: Հնարաւոր բացատրութիւն կարելի է գտնել մէկ շաբաթ առաջ «Պլումպըրկ» գործակալութեան կողմէ հրապարակուած կարճ տեղեկատուութեան մէջ. «Ատրպէյճան բանակցութիւններու մէջ մտած է Հունգարիոյ հետ՝ անոր երեք միլիառ եուրօ արժողութեամբ պետական պարտատոմսերը գնելու համար… Ատրպէյճանի խնդրանքով, պարտատոմսերը կրնան վաճառուիլ Թուրքիոյ մէջ՝ արտայայտուած թրքական լիրայով, եւ կրնան վաճառուիլ մինչ Հունգարիան համաձայնութեան կու գայ Արտարժոյթի միջազգային հիմնադրամին հետ… Ատրպէյճանը համաձայն է ընդունելու շուկայականէն ցած տոկոսադրոյքներ Հունգարիոյ պարտքին առնչութեամբ»: Ակնյայտ է, որ Հունգարիան դաւաճանեց Հայաստանին «30 արծա»չով, տուեալ պարագային՝ 3 միլիառ եուրոյի (3.77 միլիառ տոլարի) դիմաց: Նման մեծ գումար կրնայ Հունգարիան տնտեսական կործանումէ փրկել, սակայն անիկա հունգարական պաշտօնեաները բարոյական սնանկացումէ չի կրնար փրկել: Հունգարիոյ համար Ատրպէյճանի քարիւղին գումարը աւելի թանկարժէք է, քան հայկական արիւնը: Իր չարամիտ գործարքը արդարացնելու համար Հունգարիան բացայայտեց Ատրպէյճանի արդարադատութեան փոխնախարար Վիլայաթ Զահիրովի Օգոստոս 15, 2012 թուագրութեամբ նամակը, որ կը հաստատէ, թէ Սաֆարովը Պաքուին յանձնելէ ետք Ատրպէյճան չի փոխեր անոր նկատմամբ կիրառուած պատիժը: Զահիրով վկայակոչած է Ատրպէյճանի քրէական օրէնսգիրքի 57.3 յօդուածը՝ հաւաստիացնելով, որ ցմահ ազատազրկման դատապարտուածը կրնայ ազատ արձակուիլ միայն այն պարագային, եթէ ան կրած է իր պատիժին առնուազն 25 տարիները: Զարմանալի չէ, որ Ատրպէյճան խախտեց ոչ միայն իր ստանձնած պարտաւորութիւնը Հունգարիոյ հանդէպ, այլ՝ նաեւ իր իսկ օրէնքները, երբ նախագահ Ալիեւ անմիջապէս ներում շնորհեց Սաֆարովին՝ Ատրպէյճանական օդանաւի ընկերութեան արտակարգ չուերթով Պաքու ժամանելէն անմիջապէս ետք: Ատրպէյճանցի սպային շնորհուած է քսանապետի կոչում, յատկացուած է անվճար բնակարան, վճարուած է անոր ութ տարուան չվճարուած աշխատավարձը, եւ քնացած հայը սառնասրտօրէն սպաննած մարդասպանը դիմաւորած են հերոսի նման: Նկատի առնելով այս խայտառակ զարգացումներուն հանդէպ Աշխարհի հայութեան խիստ վրդովումը, նախագահ Սերժ Սարգսեան Օգոստոս 31ին հրաւիրեց Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի արտակարգ նիստ՝ յայտարարելով, որ Հայաստան կը կասեցնէ Հունգարիոյ հետ իր դիւանագիտական յարաբերութիւնները եւ պաշտօնական բոլոր կապերը: Ապա ան կանչեց Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավարը եւ «յատուկ յանձնարարութիւն» տուաւ անոր: Նախագահ Սարգսեան խիստ ուղերձով դիմեց Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններուն, նախազգուշացնելով զանոնք, որ Հայաստանի յետագայ յարաբերութիւնները անոնց կառավարութիւններուն հետ կախուած պիտի ըլլան այս միջադէպին հանդէպ անոնց արձագանգէն: Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները արձագանգեցին՝ մտահոգութիւն յայտնելով Սաֆարովի ազատ արձակման եւ ներում շնորհելուն առնչութեամբ եւ բացատրութիւն պահանջեցին Հունգարիայէն եւ Ատրպէյճանէն: Նկատի ունենալով որ Ատրպէյճան, անկասկած, պիտի մերժէ իր «ազգային հերոս»ը Պաքուի մէջ բանտարկելու կամ ցմահ բանտարկութիւնը շարունակելու համար Հունգարիա վերադարձնելու որեւէ առաջարկ, հայերը պէտք է ձեռնամուխ ըլլան շարք մը նախաձեռնութիւններու, միջազգային հանրութեան ապացուցելու, որ Արցախը երբեք չի կրնար ընդունիլ կացինով զինուած մարդասպաններն ու անոնց պետական հովանաւորներու իշխանութիւնը: Հայերը պէտք է օգտագործեն արդարադատութեան վիժեցման հետեւանքով յառաջացած միջազգային կարեկցանքը, ամրապնդելու համար Արցախի անկախ պետականութեան հիմնաւորումը: Յառաջիկայ օրերուն եւ շաբաթներուն ընթացքին, հայերը պէտք է ճնշում գործադրեն Հունգարիոյ եւ Ատրպէյճանի վրայ՝ բողոքի ցոյցեր կազմակերպելով անոնց դեսպանատուներուն եւ հիւպատոսարաններուն առջեւ, պահանջելով բոլոր պետութիւններէն, ինչպէս նաեւ ՆԱԹՕէն, Եւրոմիութենէն եւ ԵԱՀԿէն դատապարտել Պուտափեշտի եւ Պաքուի կողմէ արդարադատութեան միջազգային չափանիշներուն խայտառակ խախտումը: Հայաստան պէտք է անյապաղ դադրեցնէ բանակցութիւնները Ատրպէյճանի հետ եւ ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը՝ կոչ ընելով միւս բոլոր պետութիւններուն հետեւելու իր օրինակին: Երբ Ալիեւը ստորագրեց Սաֆարովին ներումը, ան ակամայ հիմնաւորեց Արցախի անկախութեան պայքարը: Աշխարհի հայերը պէտք է միաւորեն իրենց ուժերը Հայաստանի քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական հզօրացման համար՝ կանխելու Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ այլ երկիրներու կողմէ յետագայ որեւէ թշնամական ոտնձգութիւն: ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
  -   Յօդուածներ