Ադրբեջանի կառավարության համար հայերի սպանությունն ընդունելի երեույթ է
13-09-2012 14:50:32 | ԱՄՆ | Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Ազէրպայճանցի մարդասպան Սաֆարովի՝ Հունգարիոյ կողմէ արտայանձնումի եւ Ազէրպայճանի մէջ անոր հերոսացումի լուրին կը շարունակէ անդրադառնալ համաշխարհային մամուլը։ Ամերիկեան The New York Times-ը կը գրէ, որ Հունգարիոյ եւ Ազէրպայճանի այդ քայլերը դատապարտուած են թէ՛ Ուաշինկթընի եւ թէ՛ Մոսկուայի ու եւրոպական երկիրներու կողմէ։ Ըստ թերթին՝ նշուած իրադարձութիւնը ոչ միայն արդարադատութեան եւ օրէնքի գերակայութեան պարզագոյն սկզբունքներու խախտում է, այլեւ վտանգաւոր ուղերձ մըն է ամբողջ աշխարհին առ այն, որ Ազէրպայճանի կառավարութեան համար՝ Հայերու սպանութիւնը ընդունելի երեւոյթ մըն է։
New York Times-ի համաձայն՝ Կովկասի մէջ առկայ լարումի աճին նպաստած է այլ իրադարձութիւն մը եւս՝ առաջին ակնարկով աննշան։ Ազէրպայճանի մէջ ԱՄՆ-ու դեսպան Ռիչըրտ Մորնինկսթար ծաղկեպսակ դրած է Հէյտար Ալիեւի յուշարձանին եւ խոնարհած է անոր առջեւ, հակառակ որ այս վերջինը կը հերքուի ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցչին կողմէ։ Ըստ թերթին՝ ամերիկեան դեսպանին այս խորհրդանշական քայլը երկու սխալ ուղերձ կը յղէ. առաջին՝ ԱՄՆ-ը կ?աջակցի բռնապետութիւններուն, ինչպէս որ արդէն իսկ ցոյց տուած էր Մերձաւոր Արեւելքի շարք մը երկիրներու մէջ, եւ երկրորդ՝ Միացեալ Նահանգները հասկացնել կու տայ Հայաստանին եւ իր դաշնակից Ռուսաստանին, որ մարդկային իրաւունքներէն եւ ժողովրդավարութենէն աւելի՝ միջինարեւելեան եւ կասպեան նաւթը կը հետաքրքրէ ԱՄՆ-ը։
«ՆՅ»