Հասան Ջեմալը՝ «1915. Հայոց ցեղասպանություն» վերնագրով գրքի հեղինակն է
13-09-2012 14:44:26 | ԱՄՆ | Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր դերակատարներէն Ճէմալ Փաշայի թոռը՝ Հասան Ճէմալ, «1915. Հայոց Ցեղասպանութիւն» տիտղոսով գիրք լոյս կ?ընծայէ:
Հ. Ճէմալ «Միլլիյէթ» թերթի յօդուածագիրներէն է: Վերջին տարիներուն, Հայոց Ցեղասպանութեան մասին արդար եւ յանդուգն մատիտ շարժողներու սեղմ ցանկին միացած է: Անցեալ տարի՝ Մարտին, Լոս Անճըլըսի մէջ, մասնակցած էր ՀԲԸՄ-ի «Տէր Զօրէն Ծիծեռնակաբերդ» ձեռնարկին: 2008-ին այցելած էր Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը: Հանդիպում ունեցած էր Արմէն Գէորգեանի հետ, որ իր մեծ հայրը՝ Ճէմալը սպաննողներէն մէկուն թոռն է. 1922-ին Թիֆլիսի մէջ զայն գնդակահարած են Պետրոս Տէր-Պօղոսեան եւ Արտաշէս Գէորգեան:
Հասան Ճէմալ կը պաշտպանէ այն դիրքորոշումը, թէ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը մերժելը համազօր է մարդկութեան դէմ գործուած այդ ոճիրին մեղսակցութեան»:
«ՆՅ»