Պետք չէ վախենալ, խուսափել առճակատումից


Պետք չէ վախենալ, խուսափել առճակատումից

  • 13-09-2012 15:01:09   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը

Վերջապէս՝ առճակատումը, տագնապը իրենց բարենպաստ հետեւանքները ունեցան։ Ճիշդ է, համայնքը երկուքի բաժնուած է, սակայն արթնութիւն մը, նոր հետաքրքրութիւն մը ծագած է համայնքային կեանքին նկատմամբ։ Անտարբերութիւնը հաւաքականութիւններուն մեծագոյն թշնամին է։ Նիսի պարագան, շատ դժուար ու ցաւալի ըլլալով հանդերձ, աւելի նախանձելի է, քան շատ մը այլ շրջաններու եկեղեցական շրջանակներունը։ Ուրեմն, դաս մը կայ քաղելիք, պէտք չէ վախնալ, խուսափիլ առճակատումէ։ Երբ անհրաժեշտ է։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի հայրապետական այցը Նիս՝ նոր էջ մը բացաւ տեղւոյն ներգաղութային կեանքին մէջ։ Համայնքին անդամներուն ստուար մեծամասնութիւնը այլեւս այլընտրանք մը ունի՝ հետեւիլ նախկին կրօնական կառոյցին կամ անդամագրուիլ նորաստեղծ ծխական ընկերակցութեան, որ ստեղծուած է նախաձեռնութեամբ՝ համոզումի տէր խումբ մը անձերու, որոնք մերժեցին նախկին ծուխին հակաեկեղեցական դիրքորոշումները, կրօնական ընկերակցութենէն ներս հատուածական վանողական կեցուածքները եւ հիմնուեցան համագաղութային, համայնքային վերանորոգուած յարաբերութիւններու վրայ, ուր մշակութայինը՝ ներառեալ կրօնական−եկեղեցականը, իր բնական սկզբունքային հիմնական տեղն ունի։ Այս չի նշանակեր, թէ Նիսի տագնապը լուծուած է։ Ո՛չ։ Այդ տագնապը այնքան խոր է, բազմակողմանի, որ դեռ տարիներ պիտի տեւէ։ Հաւանաբար խնդրի լուծման սկիզբը Նիսի եւ շրջակայքի հայութեան համար միջհամայնքային յարաբերութիւններու մէջ առաջին հերթին այլընտրանքի առիթ մը ստեղծելն էր՝ նոր ծուխ մը, նոր կառոյց մը, որ Կաթողիկոսի գալուստով հաստատուեցաւ։ Ֆրանսական տեղական իշխանութիւններուն պաշտօնապէս ներկայացուեցաւ, ընդունուեցաւ։ Նոյնը՝ Նիսի, Մոնաքոյի եւ Գոթ տ?Ազիւրի շրջանի քաղաքներու հայութեան պարագան է, որ դրական ձեւով պատասխանեց նորահաստատ ծուխի հրաւէրին՝ ներկայ գտնուելով Կաթողիկոսին այցելութեան ընթացքին զանազան միջոցառումներուն։ Այսպիսով, փակուղին բացուեցաւ։ Անոնց համար, որոնք իրենք զիրենք չէին վերագտներ այն գաղափարական կաղապարին մէջ, որ Նիսի նախկին «ծխական» ընկերակցութիւնը ստեղծած էր՝ կեղծ, շինծու աշխարհական−եկեղեցական բախումի տարազին տակ, այսօր գոյութիւն ունի նոր ծխական ընկերակցութիւն մը, որ մաս կը կազմէ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ եւ որ լիարժէք անդամ է Ֆրանսայի թեմին։ Այս այցելութեան առթիւ՝ շատերու համար վիճայարոյց էր Նիսի Ս. Աստուածածին հայ առաքելական եկեղեցին անտեսելու Կաթողիկոսին որոշումը։ Զայն չայցելելը։ Որքան ալ յարգելի պատճառներ առաջադրուին, ինչպէս՝ կարգալոյծ քահանայի մը այնտեղ պատարագելը, էջմիածնի եւ Ֆրանսայի թեմի հեղինակութիւնը չճանչնալը… Հարցումը տեղին է տալ՝ արդեօ՞ք Կաթողիկոսը պէտք է երթար տեղւոյն վրայ՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցի, պահանջելու, հաստատելու անոր պատկանելիութիւնը Ֆրանսայի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյն։ Միաժամանակ հասկցնելու նախկին ծուխի վարչականներուն եւ անոնց հետեւորդներուն, որ նոյնիսկ եթէ ներկայիս իրաւական պատճառներու բերումով եկեղեցւոյ բանալիները կը գտնուին նախկին ծուխի վարչութեան ձեռքը, եկեղեցին կառուցուած ըլլալով Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ ծիսակատարութեան համար եւ այսօր նախկին ծխական ընկերակցութիւնը այլեւս իրաւասութիւնը չունենալով այդ պաշտօնը կատարելու՝ բանալիները հարկադրաբար պէտք է յանձնուին նորաստեղծ ծխական վարչութեան, որպէսզի Նիսի համայնքը վերագտնէ հայկական եկեղեցական ծիսակատարութեան կարելիութիւնը Ս. Աստուածածին հայկական եկեղեցիին մէջ։ Որքան ալ իրաւացի ըլլան այս առարկութիւնները, մէկ բան յստակ է, որ նախկին ծուխի վարչութիւնը ժողովրդագրական առումով կորսնցուցած է իր ուժը։ Կիրակի օր՝ պատարագի ժամուն, Կաթողիկոսին դէմ բողոքելու համար հազիւ քսան հոգի ներկայացած էին։ Եթէ Կաթողիկոսը ծրագրէր այցելութիւն մը կատարել, դիմացի կողմը պիտի կարենար այլապէս շահագործել երեւոյթը՝ յայտարարելով, որ Կաթողիկոսը ճնշում կը բանեցնէ գրաւելու համար Ս. Աստուածածին եկեղեցին։ Սակայն երբ Կաթողիկոսը խուսափեցաւ հրահրելէ դիմացի կողմի կիրքերը, անոնք են, որ դիմեցին Կաթողիկոսին՝ որպէսզի գայ եւ եկեղեցւոյ մէջ օրհնէ հաւատացեալները։ Տասը տարի թեմական կառոյցի ձեւաւորման ընդդիմանալէ եւ եկեղեցական նուիրապետական կարգը ժխտելէ ետք՝ դժուար է որեւէ դրական երկխօսութիւն հաստատել։ Եւ իրականութիւնը ապացուցեց, որ ապարդիւն են բոլոր փորձերը, որովհետեւ նոյնիսկ Կիրակի օր՝ Սեպտեմբեր 9ի երեկոյեան, նախկին ծուխի պատուիրակութեան՝ Կաթողիկոսին հետ հանդիպումն ալ, ըստ երեւոյթին, որեւէ արդիւնք չէ տուած՝ դատելով այդ մասին յայտարարութեան բացակայութենէ։ Նիսի պարագան բարդ է ըսինք, որովհետեւ անկախ՝ եկեղեցւոյ նախկին կրօնական ընկերակցութենէն, անոր լծակից տասնեակ մը զանազան ընկերակցութիւններ կան՝ դպրոցական, ծնողական, մշակութային, «բարեսիրական», լրատուական, տարածքային… որոնք խմբուած էին Գոթ տ?Ազիւրի Հայկական Համայնքային Խորհուրդին շուրջ (Conseil Communautaire Arménien de la Côte d’Azur), որ կը ներկայանար իբր Նիսի եւ շրջանի հայութեան ներկայացուցչական մարմինը։ Եւ կաթողիկոսական այս այցելութեան առթիւ, Ֆրանսայի ընկերակցութիւնները համակարգող խորհուրդին (CCAF)՝ Կաթողիկոսին աջակցելու կոչով, Գոթ տ?Ազիւրի Հայկական Համայնքային Խորհուրդը հակասութեան մէջ գտնուեցաւ նաեւ CCAF−ի հետ։ Հետեւաբար, կորսնցուց Նիսի շրջանի մէջ, պետական մարմիններու դիմաց Հայերը ներկայացնելու մենաշնորհը եւ թերեւս ալ հեղինակութիւնը՝ նկատի ունենալով անոր ժողովրդականութեան նուազումը Կաթողիկոսին այցելութեան առթիւ։ Այս բոլորը կ?ապացուցեն այն, որ Նիսի տագնապը կը լուծուի քայլ առ քայլ։ Գալիքը ամենէն դժուար պահն է սակայն, երբ եկեղեցւոյ եւ Պարսամեան դպրոցի հողային սեփականութեան իրաւունքներու հարցը պիտի դրուի, որուն լուծումին միակ ճանապարհը անտարակոյս դատականը պիտի հանդիսանայ, որը հսկայական մսխում է ժամանակի, մարդուժի եւ դրամական միջոցներու։ Ժ.Չ. «ՆՅ»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը