Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցութիւնը Ասիոյ Քրիստոնեայ Եկեղեցիներու Համաժողովի Ընդհանուր Յանձնաժողովին


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցութիւնը Ասիոյ Քրիստոնեայ Եկեղեցիներու Համաժողովի Ընդհանուր Յանձնաժողովին

  • 19-03-2011 12:57:52   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - 6-10 Մարտ 2011, Ասիոյ Քրիստոնեայ Եկեղեցիներու Ընդհանուր Յանձնաժողովը իր ժողովը գումարեց Զանգմայի մէջ (Թայլէնտ)։ Ժողովին իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ Թեհրանի Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանը, որ ներկաներուն փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ողջոյններն ու յաջողութեան բարեմաղթութիւնները եւ ապա ներկայացուց Հայ Եկեղեցին ու իրանահայ համայնքը։ Ժողովին ներկայացուեցան Հաւատք, Առաքելութիւն եւ Միութիւն եւ Միջ-եկեղեցական Կազմաւորում Միաւորներուն գործունէութեան զեկոյցները։ Ընդհանուր Յանձնաժողովը նաեւ քննարկեց վարչական եւ տնտեսական Միաւորներու առաւել աշխուժացման օրակարգերը։ Ժողովական աշխատանքներուն առընթեր, Սեպուհ Սրբազան հանդիպում ունեցաւ Ասիոյ Եկեղեցիներու Համաժողովի Ընդհանուր Քարտուղար Վեր. Դոկտ. Հենրիէթ Հութապաթ Լեպանգի հետ։ Յայտնենք, թէ Ասիոյ Քրիստոնեայ Եկեղեցիներու Համաժողովին կ'անդամակցին Ասիոյ 22 երկիրներու Եկեղեցիները։ Համաժողովը կազմուած է 1957ին եւ երախտարժան գործ կը կատարէ Ասիոյ Եկեղեցիներու յարաբերութիւններու սերտացման եւ համատեղ գործակցութեան բնագաւառին մէջ։ 2010ի Ապրիլին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հետեւողական ջանքերուն շնորհիւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Համաժողովին անդամակցեցաւ Իրանի իր երեք թեմերուն միջոցաւ։
  -   Մամլո հաղորդագրություն