Սեպտեմբեր 18ին, Ազէրպայճանի դեսպանութեան մօտ, նախագահ Իլհամ Ալիեւի Ֆրանսա այցելութեան դէմ, Ֆրանսայի Հայ Ընկերակցութիւնները Համակարգող Խորհուրդին (CCAF) կողմէ կազմակերպուած Փարիզի ցոյցին, ներկայ էին մօտ 1500 ցուցարարներ։ Ոստիկանական խիստ հսկողութեան տակ, անոնք իրենց բողոքը յայտնեցին Ֆրանսայի մէջ Ալիեւի վերապահուած պետական ընդունելութեան՝ Լուվրի մէջ Իսլամական արուեստներու ցուցահանդէսի բացում եւ նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի կողմէ պաշտօնական ընդունելութիւն…։ Պահանջեցին Ալիեւի կողմէ մարդասպան Սաֆարովի ազատ արձակման եւ անոր հերոսացման անընդունելի արարքին անսակարկ դատապարտումը՝ միջազգային ատեաններուն, Եւրոպական պետութիւններուն կողմէ։ Ներկայ էին հայ դատին համակիր՝ Ֆրանսայի խորհրդարանէն փոքրաթիւ երեսփոխաններ՝ Ֆրանսուա Ռոշըպլուան, Ռընէ Ռուքէ, Վալերի Պուայէ, Ֆրանսուա Փուփոնի եւ հայ համայնքի քաղաքական եւ կրօնական կազմակերպութիւններու ղեկավարներ։ Երեսփոխանները բեմէն դատապարտեցին Ալիեւի կողմէ անմարդկային ոճիրի պաշտպանութիւնը եւ փառաբանումը, զօրակցութիւն յայտնեցին Արցախի հանրապետութեան եւ խոստացան Ազգային ժողովին մէջ այս երեւոյթը դատապարտող յայտարարութիւն մը քուէարկել տալ։ Խօսք առին նաեւ CCAF-ի եւ Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատուները, մինչ ցուցարարները կը բացագանչէին՝ «Ալիեւ՝ մարդասպա՛ն», «Ալիե՛ւ, Ֆրանսայէն կորսուէ՛», «Ղարաբաղը մե՛րն է»...
ՆՅ