ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁ ԿԸ ԴԻՄԱՒՈՐԵՆՔ ՝ ՓՈՐՁԱՔԱՐԵՐՈՒ ԱՌՋԵՒ ԿԱՆԳՆԱԾ
20-09-2012 08:23:01 | | Յօդուածներ
Վաղը արդէն 21 տարին կը լրացնէ Հայաստանի երրորդ Հանրապետութիւնը:
Ընդհանրապէս՝ հպարտանալու, ցնծութեան առիթներ են տարեդարձներու նշումները:
Մեր պարագային՝ հպարտանալու՝ այո՛, ցնծութեան՝ ո՛չ:
…Հպարտանալու՝ որովհետեւ, ի բաց առեալ 1920ի փոքր փակագիծը, դարերէ վերջ տիրացանք ազատ, անկախ պետութեան՝ թէկուզ այդ բառերուն ոչ ամբողջական իմաստով, աշխարհագրական եւ ռազմավարական պատճառներով: Եւ ահաւասիկ, աւելի քան երկու տասնամեակէ ի վեր՝ Հայաստան կը գրաւէ իր տեղը միջազգային համայնապատկերին մէջ: Լիիրաւ անդամ է քաղաքական, տնտեսական թէ այլ միջազգային բազմաթիւ կազմակերպութիւններու, ուր ունի իր ըսելիք խօսքը: Կը հպարտանանք, երբ Հայաստան միջազգային յաջողութիւններ կ?արձանագրէ մշակութային կամ մարզական բնագաւառներու մէջ:
…Հպարտանալու՝ որովհետեւ, եթէ նոյնիսկ ուղղակի չառընչուի Հայաստանի անկախութեան, շնորհիւ իրեն՝ ետ առնուած է Արցախի մեր պապենական հողերուն կարեւոր մէկ մասը:
Բայց նշեալ հպարտառիթ ազդակները բաւարա՞ր երաշխիք են իրատեսութեամբ դիտողի աչքին՝ համոզուելու համար, որ մեր երազներու հայրենիքը այլեւս բոլորած է իր արբունքի շրջանը՝ դառնալու համար պարթեւ երիտասարդ. կարելի՞ է լաւատես ըլլալ անոր ապագային նկատմամբ:
Յոռետեսութիւնը շինիչ մօտեցում չէ, ճիշդ է: Սակայն ինքնախաբէութենէ ծնունդ առած անտեղի կամ կեղծ լաւատեսութիւնը ուղղակի՛ աւերիչ է: Այնքան ատեն որ «ձեռնոց»ներ անցընելով պիտի խօսուի Հայաստանը աւերող ժանտախտի մասին, որ է՝ արտագաղթը եւ այլ յարակից հարցեր, եթէ աշխատանք պիտի չտարուին անոնց չքացման ուղղութեամբ, պարզ ցնորք մը պիտի մնայ գեղեցիկ վաղորդայններու սպասումը:
Ինչո՞ւ արտագաղթ: Որո՞նք են պատճառները: Ի՞նչ պատահած է եւ կը շարունակէ պատահիլ, որպէսզի հազիւ քանի մը միլիոննոց երկրի մը հարիւր հազարաւոր զաւակները փախուստի դիմեն իրենց հայրենիքէն: Հո՛ս է, որ կը գտնուի ախտաճանաչումին խտացեալ պատասխանը: Ամէն, ամէն ինչ կը բովանդակուի այդ պատասխանին մէջ՝ սակաւապետութիւն, կաշառակերութիւն, կամայականութիւն… Եւ մանաւանդ՝ թո՛ղ չարդարացուին նման չարիքներ՝ բնական աղէտներու, գայլ-դրացիներու եւ այլ պատճառաբանութիւններով:
Ընդհակառակն, սպառնական այդ դրացնութիւնները ա՛լ աւելի միասնութեան, զօրակցութեան, ներքին ճակատի վրայ ամրանալու պէտք է մղած ըլլային Հայաստանի ժողովուրդը: Այդպէս չեղաւ: Թէ՛ քաղաքական, թէ՛ ընկերային ոլորտներու մէջ՝ խոր ճեղքեր յառաջացան, բնականաբար՝ տնտեսականին վրայ իրենց հսկայ անդրադարձներով: Ծնունդ առին ներքին «գայլիկ»ներ ալ: Եւ ահա հետեւանքը:
Այսօր, մինչ մայր հայրենիքը կը դիմագրաւէ այս հարցերը, գայլ-դրացիները մի՛շտ հոն են՝ կազմ ու պատրաստ. կը սպասեն յարմար առիթի։ Եւ ներկայի իրադարձութիւնները, ինչպէս՝ «Սաֆարովի գործողութիւն»ը, այդ կը փաստեն։ Հայաստան կը թեւակոխէ իր 22-րդ տարին՝ շատ բարդ պայմաններու մէջ, զգօնութեան ու միասնութեան բարձր հրամայականով՝ գայլին եւ ժանտախտին դէմ: Երկուքն ալ, աւելի քան երբեք, սպառնական են այսօր: Այլեւս բացառուած է սխալելու իրաւունքը, եթէ չենք փափաքիր նոր տարեդարձներ նշել՝ այսօրուա՛ն ալ կարօտով:
«ՆՅ»