Յարութ Սասունեան.Հակաամերիկեան Ցոյցերը Հրահրուած Էին Վատ Շարժանկարի՞, Թէ՞ Վատ Քաղաքականութեան Պատճառով


Յարութ Սասունեան.Հակաամերիկեան Ցոյցերը Հրահրուած Էին Վատ Շարժանկարի՞, Թէ՞ Վատ Քաղաքականութեան Պատճառով

  • 25-09-2012 00:32:51   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Մուհամէտ մարգարէն ծաղրող եւ իսլամը վարկաբեկող ամերիկեան սիրողական շարժանկարը, անցեալ շաբաթ, ամբողջ աշխարհի մէջ, պատճառ դարձաւ հակաամերիկեան զանգուածային եւ կատաղի ցոյցերու սանձազերծման: Մոլեգնող ցոյցերը ունեցան մահացու աւարտ, երբ անյայտ յարձակողները գրաւեցին Լիպիոյ Պենկազի քաղաքին մէջ գտնուող Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսարանը` սպաննելով Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիստոֆըր Սթիւընսն ու երեք աշխատակիցներ: Շարք մը երկիրներու մէջ անվտանգութեան ուժերը սպաննեցին տասնեակ ցուցարարներ, քանի որ անոնք այրած էին ամերիկեան դրօշները եւ բարձրացած ԱՄՆ դեսպանատուներու պատերուն վրայ: Կրակի վրայ իւղ լեցուց սկզբնական հաղորդման մէջ հնչած այն կեղծ պնդումը, թէ շարժանկարը նկարահանած եւ ֆիանասաւորած են իսրայէլցիք: Իրականութեան մէջ, անիկա նկարահանուած էր Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ` եգիպտացի քրիստոնեայ դատապարտեալի մը կողմէ, որուն շարժանկարը խստօրէն քննադատած էր Լոս Անճելըսի Ղպտի եկեղեցւոյ եպիսկոպոս Սրապիոնը: Իսկական խնդիրը սակայն` գարշելի շարժանկարէն եւ անոր անխոհեմ բեմադրիչէն աւելի հեռուն կ’երթայ: Շարժանկարը ցուցարարներուն համար պարզապէս պատրուակ ծառայեց` արտայայտելու համար տասնամեակներու ընթացքին կուտակած իրենց հակաամերիկեան ցասումը Միացեալ Նահանգներու արատաւոր եւ անարդիւնաւէտ քաղաքականութեան հանդէպ: Սակայն ասիկա չարդարացներ ամերիկեան դիւանագէտներուն սպանութիւնն ու ԱՄՆ դեսպանատուներուն վրայ յարձակումները: Միացեալ Նահանգներու իրար յաջորդող վարչակազմերու լուրջ թերութիւններու բաւական երկար ցանկը կրնայ լրացնել բազմաթիւ հատորներ: Անկախ անկէ, թէ անիկա պիտի կոչուի «արաբական գարուն» կամ «դժգոհութեան ձմեռ», երրորդ աշխարհի պետութիւններու ոտնահարուած զանգուածները, ի վերջոյ, բռնկեցան հակաամերիկեան զայրոյթով` երկար ժամանակ հանդուրժելէ ետք Ուաշինկթընի կողմէ հովանաւորուող դաժան բռնակալները: Յաճախ ամերիկեան քաղաքական գործիչները կարճատեւ եւ անհեռատես նպատակներու հասնելու համար կը վնասեն Միացեալ Նահանգներու հեռագնայ շահերը: Միացեալ Նահանգներու ցաւալի այլ սխալ մը` օտարերկրեայ կաշառակեր ղեկավարներու գրպանները միլիառաւոր տոլարներով լեցնելն է` մարիոնէթներու վարչակարգերուն նեցուկ կանգնելու եւ անոնց բարեկամութիւնը գնելու համար: Ցաւօք, ամերիկեան այս շռայլութեան չնչին մասը կը հասնի աղքատներուն եւ կարիքաւորներուն: Ի վերջոյ, զանգուածները կը տապալեն բռնակալները եւ իրենց զայրոյթը կը թափեն Միացեալ Նահանգներու մօտակայ թիրախի` ամերիկեան դեսպանատան եւ դրօշին վրայ, զանոնք համարելով իրենց կեղեքման եւ թշուառութեան խորհրդանիշները: Այնուհետեւ Ուաշինկթընի մէջ երկարատեւ քոնկրէսական լսումներ տեղի կ’ունենան, քանի որ օրէնսդիրներուն մօտ հարց ծագած էր, թէ ինչո՞ւ այսքան շատ օտարերկրեայ ղեկավարներ դարձած են հակաամերիկեան, եւ անոնց կաշառակեր նախորդները ի՞նչ ըրած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին օգնութեան միլիառաւոր տոլարները: Փոխանակ քայլեր ձեռնարկելու` համոզուելու համար, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ յատկացուած օգնութիւնը կը հասնի հասարակութեան ամենակարիքաւոր խաւերուն, Քոնկրէսը յաճախ կը սպառնայ կասեցնել ամբողջ օգնութիւնը` նոր ղեկավարներուն դաս տալու համար, ատով իսկ անոնց ալ աւելի շատ թշնամացնելով: Առաւել խնդրահարոյցը այն վտանգաւոր դերն է, որ Միացեալ Նահանգներ կը խաղայ տարածաշրջանային հակամարտութիւններուն մէջ: Շահերու թիւրըմբռնման պատճառով ամերիկեան պաշտօնատարները շատ յաճախ կ’օգտագործեն իրենց երկրի ծանր կշիռը` ամէնուրեք խրուելով անհարկի պատերազմներու մէջ կամ կողմնակալ դիրք բռնելով, մինչդեռ հաւասարակշռուած մօտեցումը կրնար աւելի արդիւնաւէտ դարձնել հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման միջնորդութիւնը: Շրջահայեցութիւնը յատկապէս անհրաժեշտ է ընտրական տարուան ընթացքին, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահական թեկնածուները չափազանց կողմնակալ յայտարարութիւններ կ’ընեն քուէարկող տարբեր շրջանակներու շահերը ներկայացնելու համար: Անզգոյշ ելոյթ մը կրնայ հեռահար հետեւանքներ ունենալ` ձգելով Ամերիկայի վարկանիշը եւ վանելով միլիոնաւոր մարդոց ամբողջ աշխարհի մէջ: Արաբներու եւ մահմետականներու մեծ մասը համոզուած է, որ Ամերիկան անաչառ միջնորդ չէ եղած արաբա-իսրայէլական հակամարտութեան կարգաւորման մէջ: Անոր հետեւանքով, անոնք մեծ վրդովմունքով եւ խոր զայրոյթով համակուած են Միացեալ Նահանգներու հանդէպ: Իւրաքանչիւր սադրանք, ինչպիսին Ղուրանի այրումն է կամ հակամահմետական շարժանկարներու նկարահանումը, կը յառաջացնէ կատաղի հակազդեցութիւն: Քանի որ Միացեալ Նահանգներու օրէնքները կը պաշտպանեն անգամ ամենագարշելի խօսքերը, մարդիկ պէտք է գիտակցին, որ խօսքը հետեւանք ունի եւ պարզապէս, որովհետեւ որեւէ բան ըսելը օրինական է, չի նշանակեր, որ խոհեմ է ամէն բան ըսելը: Սակայն, յանուն արդարութեան, պէտք է նշել, որ աշխարհի ոչ բոլոր թշնամական գործողութիւններուն համար պէտք է մեղադրել Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը: Իւրաքանչիւր դաս, կրօն եւ ժողովուրդ ունի թշնամական գաղափարախօսութեամբ ոգեշնչուած ծայրահեղականներ, որոնց միակ նպատակը անխնայ ոչնչացնելն է: Ցաւօք, արեւմտեան իշխանութիւնները եւ հասարակութիւնները յաճախ սխալմամբ կը մեղադրեն բոլոր անոնց, որոնք ունին ծայրահեղականներու ռասայական եւ կրօնական նոյն պատկանելիութիւնը, ատով իսկ թշնամացնելով միլիոնաւոր խաղաղ քաղաքացիներ: Բարեբախտաբար, համալսարաններու մէջ` մասնագէտներու եւ պետական կառոյցներու մէջ` չզգացուիր փորձագէտներու պակաս, որոնք կրնան խորհուրդ տալ եւ դաստիարակել Միացեալ Նահանգներու ղեկավարները, որոնցմէ շատերը չունին տարրական գիտելիքներ միջազգային յարաբերութիւներու վերաբերեալ: Ատոր վառ օրինակն է նախագահ Ճորճ Պուշ կրտսերի զրոյցը իրաքցի երեք ամերիկացիներու հետ: Երբ նախագահը տեղեկացուցած են, որ Իրաքի մէջ առկայ են տարբեր տեսակի իսլամներ, ան իր հիւրերուն յայտնած է, որ չի գիտեր, թէ այդ երկրին մէջ սիւննիներ եւ շիաներ կային: «Ես կը կարծէի, որ իրաքցիները մահմետական են», պատասխանած է նախագահ Պուշ: Եթէ վատ շարժանկարները կրնան կարճատեւ բռնկումներ հրահրել, ուստի վատ արտաքին քաղաքականութիւնը կրնայ երկարատեւ վնաս հասցնել Միացեալ Նահանգներու ազգային շահերուն: Յարութ Սասունեան «Քալիֆորնիա Քուրիեր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Թարգմանիչ` Ռուզաննա Աւագեան
  -   Յօդուածներ