ՑՈՅՑԸ ՆԵՐՍԷՆ ԴԻՏՈՒԱԾ


ՑՈՅՑԸ ՆԵՐՍԷՆ ԴԻՏՈՒԱԾ

  • 25-09-2012 10:06:04   |   |  Յօդուածներ

Թուլութիւնը անկարողութեան նշան է։ Նայա՛ծ։ Երբեմն ալ շատ արդիւնաբեր կ?ըլլայ։ Երբ առիթ կու տայ հակառակորդին դաժանութիւնը երեւան հանելու։ Եթէ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը արգելք հանդիսացած ըլլար Սաֆարովի յանձնումին, հայութիւնը Ազէրպայճանի գահակալին գազանային դիմագիծը միջազգայնօրէն դատապարտելու առիթէն պիտի զրկուէր։ Եթէ նախագահ Հոլանտ մերժէր Ալիեւի Ֆրանսա այցելութիւնը, Ֆրանսահայութիւնը պիտի զրկուէր Արցախի դատը Ֆրանսային եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն ներկայացնելու եւ Սաֆարովի հարցով Ալիեւի ցեղապաշտ եւ հայատեաց վարչակարգը ընդգծելու այս ոսկի առիթէն։ Քարոզչական պայքարի զէնքեր, որոնք որքան ալ առեղծուածային թուին, թշնամի հակառակորդին կողմէ հայութեան ձեռքը տրուած են՝ իր վրայ կրակելու համար։ Սակայն, հակառակ այս անսպասելի նուէրներուն, նորէն ալ՝ Ֆրանսահայ ընկերակցութիւնները Համակարգող խորհուրդի (CCAF) կազմակերպած ցոյցը՝ Ալիեւի Ֆրանսա այցելութեան առթիւ, մնաց ներհայկական։ Անընդունակ՝ ուրիշներէն լսելի դառնալու։ Հայութիւնը բողոքեց առանց հասանելի ըլլալու ֆրանսացի քաղաքացիներուն, ֆրանսական մամլոյ գործակալութիւններուն՝ մէկ−երկու բացառութեամբ միայն։ Ազգային ժողովի «Ֆրանսա−Հայաստան» խորհրդարանական խումբի քանի մը երեսփոխաններն ալ այդ բացառութեան մաս կը կազմէին։ Անո՛նք ալ՝ մի՛շտ նոյները։ Բոլորին շրթունքներուն վրայ էր՝ ո՞ւր են միւսները՝ հայ, ֆրանսացի, եւրոպացի, հունգարացի, մտաւորական, արուեստագէտ… արդարատենչ ֆրանսացի ժողովուրդը։ Ո՞ւր են արդարութեան, ազատութեան, մարդկային իրաւունքներու պաշտպան՝ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւննե՛րը՝ Ամնէսթի էնթերնասիոնալ, Մարդկային Իրաւունքներու Լիկան, Առանց Սահմանի Լրագրողները…։ Ցոյցին լոզունգներէն մէկը՝ «Ալիեւ, դո՛ւրս Ֆրանսայէն» մնաց Ֆրանսահայունը եւ չդարձաւ Ֆրանսացիինը։ Դեռ աւելի ի՞նչ պէտք է պատահէր. զինուորական մը քունին մէջ կացինով՝ միայն հայ ըլլալուն համար սպաննուած է՝ Հունգարիոյ մէջ, ՕԹԱՆ−ի կազմակերպած «Գործընկերութիւն խաղաղութեան համար» ծրագրի շրջագօտիին մէջ։ Ոճրագործը՝ Սաֆարով, ազէրպայճանցի, ցկեանս բանտակութեան դատապարտուած ըլլալով հանդերձ, ներում կը ստանայ Ազէրպայճանի նախագահէն եւ կը պարգեւատրուի իր ցեղապաշտ արարքին համար։ Այսքանով չբաւարարուելով՝ Ալիեւին Լուվրի մէջ Իսլամական արուեստի ցուցահանդէսի բացումը կատարելու պատիւն ալ շնորհուած է։ Ան որ անգութօրէն ջարդած է Ջուղայի գերեզմատան 4.000 խաչքարերը։ Դեռ աւելի ի՞նչ պէտք էր ֆրանսացի մեր հայրենակիցներուն խիղճը շարժելու համար, մարդկային իրաւունքի պաշտպան կազմակերպութիւններուն զօրակցութիւնը ունենալու։ Ահաւասիկ բուն հարցը. ինչո՞ւ լռութիւն կամ անտարբերութիւն։ Ա՞յս աստիճան անճարակ ենք, կամ ֆրանսական իրակութենէ կտրուա՞ծ։ 100.000 հաշուող փարիզահայութեան համար նման բացառիկ առիթի կարենալ միայն 1.000 հոգի «զօրակոչ»ի ենթարկել, այսինքն՝ 1%, ինքնին ուրիշ ախտանշան մըն է. կը նշանակէ, թէ կազմակերպչական լուրջ հարց մը կայ, որուն ախտաճանաչումը պէտք է կատարուի։ CCAF յայտարարութեամբ կոչ կ?ընէր բոլոր ժողովրդավար, մարդկային իրաւունքներու պաշտպան անձերուն, որ արտայայտեն իրենց ընդվզումը (Le CCAF appelle l’ensemble des démocrates et des défenseurs de droits de l’homme à exprimer leur indignation)։ Ի՞նչ է պատճառը ֆրանսական հասարակութեան ցուցաբերած այս անտարբերութեան։ Մասնագիտական հաղորդակցութեան լուրջ խնդիր մը կայ։ Առաջին քայլը հաւանաբար ցոյցի ընթացքին ամպիոնէն խօսք առնող անձնաւորութիւններու խնդիրն է։ Որքան ալ յաջող ըլլան բեմէն խօսք առնողները եւ ճարտասան, ամէն ցոյցի նոյն անձերը բեմէն տեսնելը, յոգնեցուցիչ է եւ սպառիչ։Այս առումով, Ալիեւի դէմ ցոյցին պարագային, միակ նորութիւնը Յարութիւն Մարտիրոսեանի երեւոյթն էր, որուն խօսքն ալ իրապէս բովանդակալից էր։ Բայց կայ աւելին։ Ամէն կազմակերպութիւն ունի իրեն յատուկ լսարանը։ Արդէն տարիներէ ի վեր գիտենք, որ CCAF−ի եւ Հայ Դատի գրասենեակի լսարանը ցոյցերու ընթացքին կը հաւաքէ 500էն 4.000 հոգի։ Իւրաքանչիւր միջոցառման ատեն մէկ խօսնակ բաւարար է կազմակերպիչներուն դիրքորոշումը յայտնելու։ Պէտք չունին նոյն կազմակերպութենէն չորս−հինգ հոգի բեմ բարձրանալու։ Իսկ աւելին ձեռք բերելու համար, ֆրանսական լրատու միջոցներու եւ հասարակութեան ուշադրութիւնը գրաւելու համար՝ պէտք է բեմ հրաւիրել ֆրանսական մարդկային իրաւանց կազմակերպութեան ղեկավարներ, հանրաճանաչ լրատու միջոցներու խմբագիրներ, …արուեստագէտներ, մշակութային գործիչներ, որոնք իրենք իրենց լսարանն ունին, իրենք իրենց միջավայրը, մասնագիտական կապերը։ Ալիեւի դատապարտումը Հայերու սեփականութիւնը չէ՝ համամարդկային պարտականութիւն է։ Պէտք է յանձն առնուի ուրիշներու ալ կողմէ։ Ալիեւի դէմ ցոյցին գլխաւոր նպատակը, ինչպէս կարգ մը խօսնակներ ալ յիշեցին, եւրոպական պետական շրջանակները եւ հասարակական կարծիքը համոզելն էր, որպէսզի ճանչցուի Արցախի անկախութիւնը եւ առաջքն առնուի անմարդկային ոճիրի։ Ցեղապաշտ բռնակալին հետ կարելի չէ բանակցիլ։ Հետեւաբար էական էր «Արցախի միջազգային ճանաչում»ի պահանջը։ Փոխարէնը կը հնչէր հայութեան ուղղուած՝ «Ղարաբաղը մե՛րն է, Պաքուինը չէ՛»ն (Karabagh est à nous, pas à Bakou)՝ անցորդներուն անտարբերութեան արժանանալով, քմծիծաղ յառաջացնելով։ Համոզիչ չէ, պահանջատիրական չէ, մանկական է։ Արցախը՝ Ֆրանսահայունը չէ՛, Արցախցիի՛նն է։ Ժ.Չ.
  -   Յօդուածներ