Օգտաշատ ու հետաքրքրական զրոյց Խաժակ Սրբազանի հետ


Օգտաշատ ու հետաքրքրական զրոյց Խաժակ Սրբազանի հետ

  • 17-03-2011 18:41:30   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Երէկ Խմբագրատան մէջ պատիւն ունեցանք ընդունելու այցելութիւնը ԱՄՆ-ի Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշն. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար մեր ժրաջան ազգայիններ1300372083էն, Պէյօղլուի Թաղային Խորհուրդի անդամ Պօղոս Եըլանը։ Ինչպէս յայտնի է, Խաժակ Սրբազան Կիրակիէն ի վեր քաղաքս կը գտնուի մասնակցելու համար Քաղաքական Առաջնորդներու Միջազգային Համագումարի մը, որ երկու օր շարունակուեցաւ Հիլթըն պանդոկի սրահներուն մէջ։ Առաջնորդ Սրբազանը Իսթանպուլէն պիտի անցնէր Հայաստան, մասնակցելու համար Ս. Էջմիածնի մէջ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի Մարտ ամսուան նիստին։ Նոյն ժողովին պիտի մասնակցէր նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Արամ Սրբազան։ Խաժակ Սրբազանի հետ մօտաւորապէս մէկուկէս ժամ ունեցանք շատ օգտաշատ ու հետաքրքրական զրոյց, եւ տեսանք որ գրեթէ բոլոր հարցերու մէջ ունէինք նոյն մտածումներն ու ախտաճանաչումները։ Մեր թանկագին հիւրը, որ Իսթանպուլի Ս. Խաչ Դպրեվանքի արժանաւոր սանն է եւ որ այսօր նախախնամական դեր կը կատարէ Ամերիկայի Արեւելեան աշխարհի լայն տարածութիւններուն վրայ, սպառիչ տեղեկութիւններ տուաւ Ամերիկահայ հոգեւոր ու ընկերային կեանքի մասին։ Իսթանպուլի մէջ Սրբազան Հայրը նախորդ օր այցելած էր նաեւ Պատրիարքարան, հանդիպում ունեցած էր Արամ Սրբազանին հետ, նաեւ այցելած էր Մեսրոպ Պատրիարք Հօր, մօտէն տեսնելու համար Նորին Սրբազնութեան առողջական վիճակը։ Խաժակ Սրբազան մեզի փոխանեց Պատրիարք Հօր առողջական վիճակին մասին իր տպաւորութիւններն ու մտածումները։ Առաջնորդ Սրբազանը այցելած էր նաեւ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցի ու հանդիպում մը ունեցած էր Թաղականներուն հետ՝ գլխաւորութեամբ Ատենապետ Պր. Աբիկ Հայրապետեանի։ Այնուհետեւ մեր խօսակցութեան գլխաւոր առանցքն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական ընտրութեան հարցը եւ մենք գոհունակութեամբ տեղեկացանք որ Խաժակ Սրբազանն ալ կը մտածէր որ Իսթանպուլահայութեան համար լաւագոյն լուծումը պիտի ըլլայ Աթոռակից Պատրիարքի մը ընտրութիւնը ու ասոր համար տակաւին ժամանակն ալ անցած չէ։ Խաժակ Սրբազան յայտնեց թէ մեր Խմբագրապետը ատենին ճիշդ ճամբայ ցոյց տուած էր առաջարկելով Աթոռակից Պատրիարք մը ընտրելու լուծումը։ Խօսեցանք նաեւ հոգեւորական հասցնելու տագնապին մասին։ Մեր հիւրը ու մեր Խմաբագրապետը համաձայն էին այն կէտին վրայ թէ Սփիւռքը չկրցաւ հասցնել իր հոգեւորականները, հոգեւորականներ որոնք ծնունդ առած ըլլային Արեւմտահայ բարքերէն, քաջածանօթ ըլլային Սփիւռքեան ոգիին ու ապրելակերպին։ Այս պակասին պատճառաւ ալ շարունակ Մայր Աթոռէն է որ հոգեւորական կը խնդրուի։ Մեր Խմբագրապետը դիտել տուաւ որ այսօր ալ տակաւին մենք կը վայելենք երբեմնի Ս. Խաչ Դպրեվանքի հասցուցած բերքը, բայց ինչ մեղք որ անկէ վերջ չկրցանք գետին պատրաստել նոր հոգեւորականներու պատրաստութեան համար։ Խաժակ Սրբազան գովասանքով խօսեցաւ մեր թերթին իմացական ու մտաւորական կեցուածքին մասին եւ յայտնեց թէ պատրաստ է պարբերաբար զանազան յօդուածներով աշխատակցելու մեզի, բան մը զոր մենք անմիջապէս ընդունեցինք իբր խոստում։ Ինչպէս յայտնի է, Մայր Աթոռի մէջ աշխատանք կը տարուի որպէսզի Էջմիածնական բոլոր թեմերէ ներս հասարակաց կանոնագրութիւն մը ընդունուի ու գործադրուի։ Առաջնորդ Սրբազանը այս մասին ալ կարեւոր բացատրութիւններ տուաւ մեզի։ Բարի ճանապարհ ու յաջողութիւն մաղթեցինք մեր արժէքաւոր հիւրին, խնդրելով իրմէ որ Վեհափառ Հայրապետին եւս փոխանցէ մեր բարեմաղթութիւններն ու յարգանքի զգացումները։ Խաժակ Սրբազան երեք օր պիտի մնայ Մայր Աթոռի մօտ, ապա Փարիզի վրայով պիտի վերադառնայ Նիւ Եորք։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը