Ճաբոնի կառավարութիւնը պարտաւոր է արկածահար աթոմակայաններէն հեռացնել յղի կիները


Ճաբոնի կառավարութիւնը պարտաւոր է արկածահար աթոմակայաններէն հեռացնել յղի կիները

  • 17-03-2011 18:38:15   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Ամերիկայի Գոլոմպիա համալսարանի տնտեսագէտ Տակլըս Ալմոնտ յայտարարեց թէ Ճաբոնի կառավարութիւնը պարտաւոր է արկածահար աթոմակայաններէն հեռացնել յղի կիները։ Իր խօսքերով, Չէռնոպիլի աթոմակայանի պայթումէն ետք Շուէտի մէջ ճառագայթումի մակարդակը անվնաս կը նկատուէր, սակայն ճառագայթումը ժխտական անդրադարձ ունեցաւ այդ տարի ծնած երախաներու վրայ։ Ճառագայթները, որոնք մթնոլորտի մէջ հաւաքուած էին ամպի տեսքով, անձրեւի հետ միասին իջան երկիր։ Շուէտի մէջ կատարուած ուսումնասիրութեան համաձայն, այն երախաները, որոնց մայրերը Չէռնոպիլի աղէտի օրերուն կը գտնուէին յղութեան շրջանին մէջ, մտային հարցեր ունեցած են. անոնց մտային կարողութիւնները շատ ցած մակարդակի վրայ են։ Այժմ, Ֆուքուշիմայի աղէտէն ետք, գիտնականներ կոչ կ’ուղղեն որ Ճաբոն անյապաղ վտանգի գօտիէն հեռացնէ յղի կիները, որովհետեւ ճառագայթումը աներեւակայելիօրէն շատ աւելի մեծ տարածքներ կ’ընդգրկէ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը