ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ.Լոս Անճելըսի Շրջանի Երկու Քոնկրէսականներու Թէժ Բանավէճը Հայկական Հարցերու Շուրջ


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ.Լոս Անճելըսի Շրջանի Երկու Քոնկրէսականներու Թէժ Բանավէճը Հայկական Հարցերու Շուրջ

  • 09-10-2012 10:00:00   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Քոնկրէսականներ Հաուըրտ Պըրմըն եւ Պրետ Շըրմըն (երկուքն ալ` ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու ազդեցիկ յանձնաժողովի անդամ), Նոյեմբեր 6-ին կայանալիք ընտրութիւններուն, ընտրատարածքներու վերաձեւման պատճառով, ստիպուած են մրցելու իրարու դէմ: Երկու քոնկրէսականներն ալ դեմոկրատներ են, հրէական ծագում ունեցող ամերիկացիներ եւ երկուքն ալ` հայկական հարցերու երկարամեայ ջատագով: Այս թէժ մրցապայքարին 30-րդ քոնկրէսական ընտրատարածքի ընտրողները կանգնած են բարդ ընտրութեան առջեւ: Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբը Էնսինօ քաղաքի Ֆերահեան դպրոցի Աւետիսեան դահլիճին մէջ Սեպտեմբեր 29-ին կազմակերպած էր հանրային բանավէճ` հնարաւորութիւն ընձեռելով քոնկրէսականներուն հայկական հարցերու վերաբերեալ իրենց տեսակէտները ներկայացնելու ամերիկահայ ընտրողներուն: Հայ Դատի յանձնախումբի համանախագահ Նորա Յովսէփեանի ողջոյնի խօսքէն ետք համակարգող Զանգու Արմէնեան ներկայացուց երկու թեկնածուները: Բանավէճը սկիզբէն իսկ թէժացաւ, երբ քոնկրէսական Շըրմըն մատնանշեց, որ ան Քոնկրէսի մէջ բացառապէս եղած է հայկական խումբի անդամ, սակայն քոնկրէսական Պըրմըն եղած է ե'ւ թրքական, ե'ւ հայկական խումբերու անդամ: Քոնկրէսական Պըրմըն հակադարձեց` յայտարարելով,- «Քոնկրէսի մէջ շուրջ երեք տասնամեակ ծառայելու ընթացքին եղած եմ Հայ Դատի եռանդուն, հետեւողական եւ անկեղծ ջատագով: Ես յամառօրէն աշխատած եմ հասնելու ԱՄՆ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման: Իբրեւ Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ, ես մեծ ջանքեր թափած եմ` Յանձնաժողովի մակարդակով ցեղասպանութեան ճանաչման յաղթանակին համար»: Ան շարունակեց պնդել, որ իր առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ Ներկայացուցիչներու պալատին ճանչնալ տալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը` մինչեւ անոր 100-ամեակը, եւ ան անձամբ պիտի յորդորէ նախագահ Օպաման կատարելու Ցեղասպանութեան վերաբերեալ տուած իր խոստումը: Ցեղասպանութեան ճանաչման ձախողումը «բարոյական վիթխարի ստուեր կը ձգէ այս մեծ ազգին վրայ»,- նշեց քոնկրէսական Պըրմըն: Այնուհետեւ ան հպարտօրէն յայտարարեց,- «Ես կանգնեցուցած եմ վտանգաւոր զէնքերու փոխանցումը Ատրպէյճանին, քանի որ կուշտ եմ եւ յոգնած Ատրպէյճանի սպառազինութիւններու աճէն եւ ռազմատենչ հռետորութենէն: Այս շաբաթ իսկ ես նամակ գրած եմ պետական քարտուղար Հիլըրի Քլինթընին ամենագարշելի արարքի մասին. որքան կը յիշեմ նման բան չէ կատարուած աշխարհի ոեւէ առաջնորդի կողմէ. ես կը խօսիմ նախագահ Ալիեւի` ատրպէյճանցի կացինահարող մարդասպանին ներում շնորհելու որոշման մասին, որ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած էր անմեղ հայ զինուորը քնացած ժամանակ սպաննելու համար.... Ես Քլինթընէն պահանջած եմ, նախ` ՆԱԹՕ-ի բոլոր անդամներուն անունով դատապարտել Ալիեւի արարքը, եւ երկրորդ` կասեցնել Ատրպէյճանի մասնակցութիւնը ՆԱԹՕ-ի հովանաւորութեամբ իրականացուող յետագայ բոլոր ձեռնարկներուն»: Ի պատասխան բանավէճի վարողներ` «Քալիֆորնիա Քուրիեր» թերթի հրատարակիչ Յարութ Սասունեանի եւ «Ասպարէզ» թերթի անգլերէն բաժինի խմբագիր Արա Խաչատուրեանի բարձրացուցած հարցերուն` քոնկրէսականները անդրադարձան Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, Թուրքիոյ փոխհատուցումներու, Իսրայէլի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մերժման, Սուրիոյ եւ Վրաստանի մէջ հայ համայնքներու պաշտպանութեան, Թուրքիոյ Ինճիրլիքի ռազմաօդային կայանի օգտագործման համար, այդ հողամասերու հայ սեփականատէրերուն ԱՄՆ-ի վարձակալութեան վճարման, Թուրքիոյ մէջ եկեղեցիները քրիստոնեաներուն վերադարձնելու, Ատրպէյճանին Իսրայէլի զէնքերու վաճառքի, Արցախին Միացեալ Նահանգներու ֆինանսական օժանդակութեան, Ատրպէյճանի եւ Հունգարիոյ պատասխանատւութեան` կացինահարող մարդասպանը ազատ արձակելու համար, Արցախի անկախութեան, Հայաստանի հետ Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի համաձայնագրերու եւ Ամերիկայի մէջ թրքական Կիւլէն հանրակրթական դպրոցներու խնդիրներուն: Ստորեւ կը ներկայացուին հատուածներ անոնց ելոյթներէն. Քոնկրէսական Պըրմըն,- «Թուրքիան պէտք է գիտակցի, որ իրենք ստիպուած են առերեսուիլ իրենց սեփական պատմութեան հետ: Ես հրէա եմ: Այն մօտեցումը, թէ զգացմունքներու վիրաւորումէն խուսափելու համար մենք չենք ճանչնար Ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութիւնը, իմ կարծիքով, ահաւոր ստուեր կը ձգէ մեր երկրին վրայ»: Քոնկրէսական Շերման,- «Ցեղասպանութեան ժխտումը ցեղասպանութեան վերջին քայլն է, եւ առաջին քայլը` յաջորդ ցեղասպանութեան համար: Այդ պատճառով ալ շատ կարեւոր է, որ Ամերիկան ճանչնայ 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը: Ես կ'աշխատիմ ... որքան որ անհրաժեշտ է, սակայն յոյսով եմ հնարաւորինս արագ հասնելու Քոնկրէսի կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման.... Ժամանակն է ճնշում գործադրելու վարչակազմին վրայ, յատկապէս յառաջիկայ 38 օրերուն ընթացքին, դիմելու նախագահի երկու թեկնածուներուն` յստակ յայտարարութիւն ստանալով անոնց կողմէ.... Մենք պիտի իմանանք, թէ անոնք ինչ կը պատրաստուին ընել յաջորդ տարուան Ապրիլին»: Քոնկրէսական Պըրմըն քննադատեց պետական քարտուղար Հիլըրի Քլինթընը` Հայոց Ցեղասպանութիւնը իբրեւ «Պատմական բանավէճ» յիշատակելու համար: Ան ըսաւ,- «Ոչ մէկը Քոնկրէսի մէջ չի վիճարկեր, որ Ցեղասպանութիւնը տեղի չէ ունեցած: Անոնք կրնան վիճիլ «Ա~խ, մենք չենք կրնար վնասել Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները կամ անոնք մտերիմ են Թուրքիան ներկայացնող որոշ անձերու հետ... բայց հիմա այլեւս որեւէ տեղ ես չեմ լսեր, որ «ատիկա պատմական բանավէճ է» ... Շատ ցաւալի է, որ մեր երկրի ղեկավարութիւնը ետ կ'երթայ` բարձրացնելով այս հարցը.... Ատիկա տեղի ունեցած է: Զայն պէտք ընդունիլ: Գերմանացիները ընդունեցին ատիկա, եւ յատկապէս որեւէ հրէայի համար, այն տեսակէտը, թէ կարելի է խուսափիլ ժխտելով զայն կամ փորձել քօղարկել իբրեւ պատմական վիճելի հարց, էական մեծ սխալ մըն է»: ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիեր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր (շարունակելի) Թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
  -   Յօդուածներ