Միջազգային լուրեր մի քանի տողով


Միջազգային լուրեր մի քանի տողով

  • 12-10-2012 00:50:12   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ վարչապետուհին՝ Անկելա Մերքէլ, կարեւոր եւ բարդ այցելութիւն մը կը կատարէր Աթէնք՝ Հոկտեմբեր 9ին: Այս այցը 2009էն՝ պարտքերու տագնապի սկիզբէն ի վեր, Գերմանիոյ վարչապետուհիին առաջինն էր: Յոյն իր պաշտօնակցին՝ Սամարասի հետ տեսակցութենէն ետք, Մերքէլ յայտարարած է, թէ "շատ բան կատարուած է: Բայց դեռ շատ բան կայ ընելիք: Յունաստան եւ Գերմանիա սերտօրէն պիտի գործակցին"։ Մերքէլ խրախուսած է Յոյները՝ շարունակելու իրենց ջանքերը՝ կարենալ մնալու համար Եւրոյի գօտիին մէջ: Մինչ այս տեսակցութիւնը տեղի կ?ունենար, դուրսը աւելի քան 30.000 Յոյներ բողոքի արգիլեալ ցոյց մը կը կատարէին Գերմանիոյ վարչապետուհիին այցելութեան դէմ, զոր իրենց իշխանութիւններուն կողմէ պարտադրուող խստակեցութեան գլխաւոր պատասխանատուն կը նկատեն: Լուրջ բախումներ ալ տեղի ունեցած են ապահովութեան ուժերուն եւ ցուցարարներուն միջեւ: ՍՈՒՐԻԱ-ԹՈՒՐՔԻԱ սահմանին վրայ նոր միջադէպեր պատահած են: Ինչպէս նախորդ անգամներուն, կրկին սուրիական ռումբեր ինկած են Թուրքիա, եւ Անգարա ալ հակադարձած է: Միայն թէ ներկայիս, թրքական կողմը պատերազմական լուրջ պատրաստութիւններու ձեռնարկած է: Երեքշաբթի՝ Հոկտեմբեր 9ին, Անգարա առնուազն 25 հատ F-16 ռազմական սաւառնակներ տեղափոխած է Սուրիոյ սահմանին մօտերը՝ «պատրաստ ըլլալու համար ամէն հաւանականութեան»: Թուրքիոյ Խորհրդարանին առջեւ՝ վարչապետ Էրտողան ըսած է, թէ «այս քայլը յարձակողական նպատակներով չի կատարուիր, այլ՝ խոհեմութեան»: Պոլսոյ մէջ, անցեալ շաբաթ, աւելի քան 5.000 հոգի՝ մեծ մասամբ Քիւրտեր, ինչպէս նաեւ ձախակողմեան կամ խաղաղասիրական կազմակերպութեանց անդամներ, ցոյց մը կատարած են՝ բողոքելու համար թրքական մարտական տրամադրութիւններուն դէմ եւ վանկարկած են «Մի՛ դպչիր Սուրիոյ»: Միւս կողմէ, վերջին շաբաթներու սուրիական յարձակումներուն մասին ալ կ?արժէ խորհրդածել, թէ ինչո՞ւ 19 ամիսէ ի վեր տեւող Սուրիոյ քաղաքացիական այս պատերազմին՝ մինչ գէթ մէկ փամփուշտ իսկ չէր իյնար սահմանին միւս կողմը՝ Թուրքիա, յանկարծ քանի մը օրուան մէջ իրերայաջորդ կերպով ռումբեր սկսած են տեղալ: Սուրիոյ գլխուն խաղացուող խաղին մէկ արարն է… վստահաբար: ՀՈՒՆԳԱՐԻՈՅ վարչապետ Օրպանի պահպանողական Ֆիտեսց կուսակցութիւնը մէկ շաբթուան մէջ յաջորդական երկու պարտութիւն կրած է Ընկերվարական MSZP կուսակցութենէն: Վերջին պարտութիւնը եղած է թաղապետական մասնակի ընտրութիւններուն, երբ Ֆիտեսց իր բերդը համարուող Սոփրոնի մէջ պարտութիւն կրած է: ՀՈՒԿՕ ՇԱՎԷԶ, Հոկտեմբեր 7ին, Վենեզուելայի նախագահ վերընտրուած է ձայներու 54,42%ով: Իր գլխաւոր մրցակիցն էր՝ ընդդիմութեան միացեալ ներկայացուցիչը՝ Հենրիքէ Գաբրիլէս Ռատոնսքի, որ ստացած է 44,97%: Չորս այլ փոքր թեկնածուներ ալ բաժնուած են մնացեալ ձայները: ՆՅ
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը