Արամ Ա կաթողիկոս ընդունեց Լեռնալիբանանի Ասորի Ուղղափառ Առաջնորդ Մետր. Ճորճ Սալիպային այցելութիւնը
16-03-2011 15:06:17 | | Մամլո հաղորդագրություն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Երէկ առաւօտ Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լեռնալիբանանի Ասորի Ուղղափառ Առաջնորդ Մետր. Ճորճ Սալիպային այցելութիւնը:
Մետր. Սալիպա Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց Հնդկաստանի Ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետին եղբայրական ողջոյնները: Յայտնենք, որ վերջերս Մետր. Սալիպա այցելութիւն տուած էր Հնդկաստան: Այս առիթով լայնօրէն քննարկուեցան Հնդկաստանի Ուղղափառ եկեղեցիէն ներս գոյութիւն ունեցող դժուարութիւնները ու մանաւանդ Արեւելեան
Ուղղափառ եկեղեցիներու ներքին միասնականութիւնը ամրապնդըելու կարելիութիւնները:
Խորհրդակցութեան նիւթ դարձաւ նաեւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին առնչուած շարք մը հարցեր: Շաբաթ մը առաջ Վեհափառ Հայրապետը Կիպրոսի մէջ նախագահած էր ՄԱԵԽի Գործադիր Վարչութեան բացառիկ նիստին: