Տարօրինակ յայտարարութիւն պետական պաշտօնեայէ մը


Տարօրինակ յայտարարութիւն պետական պաշտօնեայէ մը

  • 15-03-2011 17:36:03   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Պաթմանէն կը հաղորդուի որ Ճէվատ Սինէթ անուն հայ հայրենակից մը, որ հաշմանդամներու ի նպաստ կատարուած օժանդակութենէն օգտուելու համար դիմում կատարած էր, մերժուեցաւ, իրեն ըսին որ »Դուն հայ ես, չես կրնար օգտուիլ այս օժանդակութենէն«։ Ճէվատ Սինէթ 21 Սեպտեմբերին դիմում կատարած էր որպէսզի հաշմանդամներու քարտ ստանայ վարչապետարանի Ընկերային Ծառայութիւններու բաժնէն, բայց հոն պաշտօնավարող պաշտօնեան ըսաւ որ Սինէթին անձնագրին մէջ գրուած է որ ան Քրիստոնեայ է։ »Դուն հայ ես, քեզի չենք կրնար օգնել«, ըսաւ պաշտօնեան։ Սինէթ, ցեղապաշտ խտրականութեան այս վերաբերումին դէմ բողոքեց Պաթմանի Դատախազութեան մօտ, բայց դատախազութիւնը արձակեց այն վճիռը թէ պաշտօնեային դէմ հարցաքննութիւն կատարելու պէտք չկայ։ Սինէթ դիմեց նաեւ Մարտինի Եղեռնադատ Ատեանին, բայց հոնկէ ալ արդիւնք չկրցաւ ստանալ, այս պատճառաւ ալ որոշեց իր փաստաբանին միջնորդութեամբ դիմում կատարել Եւրոպայի Մարդու Իրաւունքներու Ատեանին մօտ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը