ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ԵՐԿՈՒ ՎՐԱՑԱՀԱՅԵՐ ՄԵՌԱՆ ՀՐԴԵՀԻ ՊԱՏՃԱՌՈՎ


ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ԵՐԿՈՒ ՎՐԱՑԱՀԱՅԵՐ ՄԵՌԱՆ ՀՐԴԵՀԻ ՊԱՏՃԱՌՈՎ

  • 15-03-2011 17:28:10   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Փարիզի հանրակացարաններէն մէկուն մէջ նախընթաց գիշեր առտուան կանուխ ժամերուն, հրդեհ մը բռնկեցաւ, պատճառ դառնալով Վրաստանի երկու քաղաքացիներու մահուան։ Անոնք վրացահայ ամուսիններ են. 32ամեայ Թամազ եւ 27ամեայ Տիանա Տալոյեանները։ Զոհեալներու ծնողքը յայտնեցին որ հրդեհը բռնկած էր առտուան ժամը 4.00ին։ Ընդհանուր առմամբ հրդեհի հետեւանքով եօթը անձեր մեռան, 21 անձեր ալ վիրաւորուեցան։ Զոհեալ հայազգի ամուսիններու զաւակները՝ 8ամեայ Թէնկիզ եւ 10ամեայ Մարիամ փրկուեցան։ Անոնք ներկայիս դարմանումի տակ առնուած են Փարիզի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը