«Կիլիկիա» թանգարանը հարստացաւ թանկարժէք հին ժամացոյցներու հաւաքածոյով


«Կիլիկիա» թանգարանը հարստացաւ թանկարժէք հին ժամացոյցներու հաւաքածոյով

  • 15-03-2011 16:20:35   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանը աւելի հարստացաւ թանկարժէք հին ժամացոյցներու հաւաքածոյով: Սոյն հաւաքածոն նուիուրուեցաւ Միլանոյի (Իտալիա) մէջ հաստատուած ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Հրանդ Բամպակեանի կողմէ: Յիշեալ հաւաքածոն կը բաղկանայ 73 թանկարժէք ժամացոյցներէ, որոնք կը պատկանին 16–19րդ դարերուն եւ կը կրեն այդ շրջաններու լաւագոյն վաճառանիշերը: Հանգուցեալ Հրանդ Բամպակեան մասնագէտ ըլլալով հին ժամացոյցներու անձամբ անոնց նկարահանումը կատարած է եւ ֆրանսերէն լեզուով մանրամասն տեղեկութիւններ հայթայթած իւրաքանչիւր ժամացոյցի մասին յատուկ քաթալոկով մը: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայութեամբ յիշեալ ժամացոյցները զետեղուեցան «Կիլիկիա» թանգրանին մէջ, որուն նաեւ մէկ սրահին բարերան է Հրանդ Բամպակեանը: Վեհափառ Հայրապետը հանգուցեալ բարերարի եղբօր Տէր եւ Տիկին Վազգէն եւ Վարդ Բամպակեանին գրած նամակին մէջ ըսաւ. «Յատուկ ուրախութեամբ կ'ուզենք Ձեզի յայտնել, որ Ձեր սիրելի եղբօր եւ Մեծի Տանն Կիլիիոյ Կաթողիկոսութեան սիրելի բարեկամ ու բարերար Հրանդին նուիրած թանկարժէք ժամացոյցները արդէն իսկ զետեղուած են Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ: Վստահ ենք որ այցելուները հիացումով պիտի դիտեն հնագիտական մեծ արժէք ունեցող ժամացոյցներու հաւաքածոն: Արդարեւ, Մենք մօտէն ճանչցանք Հրանդը իր բազմակողմանի տաղանդներով ու իր մէջ միշտ գնահատեցինք հայ եկեղեցւոյ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու մեր մշակութային արժէքներուն նկատմամբ իր ցուցաբերած բարձրագոյն աստիճանի հաւատարմութիւնը ու նախանձախնդրութիւնը: Թող Աստուած երկնքի թագաւորութեան մէջ հանգչեցնէ Հրանդին եւ իր Տիկնոջ՝ Անահիտին հոգիները»:
  -   Մամլո հաղորդագրություն