ՀՀ նախագահի հանդիպումները Ֆրանսիայում


ՀՀ նախագահի հանդիպումները Ֆրանսիայում

  • 15-11-2012 11:41:33   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը

Նոյեմբերի 12ին, Ս. Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ վարչապետ Ժան-Մարք Էյրոյի հետ: Արդէն 20ամեայ յարաբերութիւններու պարզած վիճակին մասին երկու կողմերու դրուատական խօսքերէն ետք՝ անդրադարձ եղած է Հայաստանի մէջ անցեալ տարուընէ ի վեր գործող «Հայ-ֆրանսական գործարար ակումբ»ի կարեւորութեան: Բարձր գնահատուած են նաեւ Հայաստանի զարգացման ուղղուած ֆրանսական ծրագրերը, ինչպէս օրինակ՝ գիւղատնտեսութեան, սեփական հատուածի զարգացման, ջրային տնտեսութեան եւ այլ ոլորտներուն մէջ: Յատուկ անդրադարձ եղած է ուժանիւթի ոլորտին մէջ Ֆրանսայի հետ գործակցութեան, այդ բնագաւառէն ներս ֆրանսական ներդրումներուն կարեւորութեան: Ֆրանսայի վարչապետը պատրաստակամութիւն յայտնած է Հայաստանի մէջ ստեղծուող ազատ տնտեսական գօտիներուն մէջ ֆրանսական ընկերութիւններու մուտքը խրախուսելու հարցին մէջ: Անոնք խօսած են նաեւ հեռահաղորդակցութեան, մշակութային եւ կրթական մարզերէն ներս ընելիքներու մասին: ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԵՒ «ՖՐԱՆՍԱ−ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ԽՈՒՄԲԵՐՈՒՆ ՀԵՏ Նախագահ Սերժ Սարգսեան նոյն օրը հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Ազգային ժողովի նախագահ Գլօտ Պարթոլոնի հետ: Անոնց զրոյցին առանցքը կազմած է միջխորհրդարանական դիւանագիտութեան դերը: Նոյն իրիկունը, նախագահ Սարգսեան տեսակցեցաւ նաեւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի եւ Ծերակոյտի «Ֆրանսա-Հայաստան» բարեկամութեան խումբերու անդամներուն հետ: ԾԵՐԱԿՈՅՏԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ Հայաստանի նախագահը, Նոյեմբեր 13ին, հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախագահ Ժան-Փիէր Պէլի հետ: Խօսակիցները բարձր գնահատելով երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները, այդ յաջողութեան մէջ յատուկ դեր վերագրած են միջխորհրդարանական կապերուն, յատկապէս ընդգծած՝ «Ֆրանսա-Հայաստան» միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբերու գործունէութիւնը: Նախագահ Սարգսեան եւ Ժ.-Փ. Պէլ վեր առած են նաեւ ապակեդրոնացուած մակարդակով գործակցութիւնը, նշած են Հայաստանի եւ Ֆրանսայի 60է աւելի զուգորդ քաղաքներու եւ շրջաններու միջեւ հաստատուած բարեկամական կապերը, որոնց շրջանակներուն մէջ ամէն տարի կ?իրագործուին միացեալ բազմաթիւ ծրագիրներ կրթութեան, մշակոյթի, առողջապահութեան, զբօսաշրջութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ: Փարիզեան իր հանդիպումները աւարտելով՝ նախագահ Սարգսեան նոյն օրը մեկնեցաւ Լիոն, ուր հանդիպում ունեցաւ Լիոնի քաղաքապետ, ծերակուտական Ժերար Գոլոնի հետ: Երեկոյեան ալ, Հայաստանի նախագահը հանդիպում մը կ?ունենար ֆրանսացի գործարարներու հետ: ՆՅ
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը