ՀՀ նախագահի հարցազրույցը «Ֆիկառօ» ֆրանսիական օրաթերթին


ՀՀ նախագահի հարցազրույցը «Ֆիկառօ» ֆրանսիական օրաթերթին

  • 15-11-2012 11:47:04   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը

Նոյեմբեր 13ի իր թիւին մէջ «Ֆիկառօ» աւելի քան կէս էջի վրայ զետեղած էր նախագահ Սարգսեանի հետ կատարուած հարցազրոյց մը: Ֆրանքեւհայկական բարեկամութեան, Սուրիոյ, Իրանի, Արցախի, Ցեղասպանութեան նիւթերուն կողքին, ամենէն յիշարժան կէտն է՝ «Ֆրանսա-Թուրքիա մերձեցումը կը մտահոգէ՞ ձեզ» հարցումին Հայաստանի նախագահին պատասխանը. “Ի հարկէ, ո՛չ: …Մենք կը փափաքինք, որ Թուրքիոյ՝ Ֆրանսայի եւ եւրոպական այլ երկիրներու հետ կապերը բազմապատկուին, որպէսզի Թուրքիա կարենայ այդ յարաբերութիւններու միջոցով ընդունիլ եւրոպական արժէքները: Ֆրանսայի նախագահները իրենց մէջ ուժ գտած են առերեսուելու պատմութեան հետ: Կրնամ միայն ողջունել այդ համարձակութիւնը: Մտադիր եմ խնդրելու նախագահ Հոլանտէն, որպէսզի ան պատմէ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, թէ ինքը անձամբ ի՛նչպէս դատապարտած է Հրեաներու տեղահանութիւնը եւ կեդրոնացման ճամբարները: Ասիկա կրնայ որպէս դաս ծառայել Թուրքիոյ իշխանութիւններուն”: ՆՅ
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը