Անգարայի մէջ կազմակերպուեցաւ Չէրքէսներու կարգ մը պահանջատիրութեան մասին ցոյց մը


Անգարայի մէջ կազմակերպուեցաւ Չէրքէսներու կարգ մը պահանջատիրութեան մասին ցոյց մը

  • 14-03-2011 16:53:58   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա »Չէրքէս Ժողովուրդներու Նախաձեռնութիւն կոչուած մարմնի մը նախաձեռնութեամբ նախընթաց օր Անգարայի մէջ կազմակերպուեցաւ Չէրքէսներու կարգ մը պահանջատիրութեան մասին ցոյց մը, որու ընթացքին Չէրքէսներն ալ ուզեցին որ մայրենի լեզուով ուսուցում ու ձայնասփիւռ տրուի իրենց։ Թուրքիոյ զանազան վայրերէն Անգարա ժամանած հարիւրաւոր Չէրքէսներ Քըզըլայի հրապարակին վրայ հանրահաւաք իրականացուցին պարզելով Թրքական դրօշակ, նաեւ դրօշակներ Ատիկէի, Աբխազիոյ ու Տաղստանի։ Ցուցարարները հանրահաւաքէն վերջ քալեցին դէպի Ապտի Իփէքճի հանրապարտէզ։ Արձակեցին լոզունգներ որոնցմով կը պահանջէին որ իրենց մայրենի լեզուով դպրոց, ինչպէս նաեւ ձայնասեիւռ ու հեռատեսիլ ունենան։ Ցուցարարներուն առջեւէն կը քալէր ձի հեծած ու Չէրքէսներու աւանդական տարազը հագած ցուցարար մը։ Ցուցարարները Չէրքէսներու յատուկ երաժշտութիւն նուագեցին։ Ելոյթ ունեցաւ Նախաձեռնութեան կազմակերպիչներէն Քէնան Գափլան, որ ըսաւ որ միայն բարձրաձայն պոռացողներուն ձայնը չէ որ պէտք է լսուի, պէտք է ականջ տալ նաեւ անոնց որոնք շատ բարձր չեն պոռար։ Ան ըսաւ որ Չէրքէսները չեն ուզեր կորսնցնել իրենց լեզուն, մշակոյթն ու ինքնութիւնը։ »Մենք կ’ուզենք որ մեր մանուկներն ալ կարենան խօսիլ մեր մայրենի լեզուն, Պետութիւնը Չէրքէսներուն ալ պէտք է ապահովէ մայրենի լեզուով ուսուցման ու ձայնասփիւռի կամ հեռատեսիլի կարելիութիւններ«, ըսաւ Չէրքէսներու խօսնակը։ Ահաւասիկ նոր անակնկալ զարգացում մը Թուրքիոյ մէջ։ Որքան որ գիտենք, մինչեւ այսօր բնաւ չէր խօսուած Չէրքէսներու յատուկ մայրենի լեզուի մը մասին եւ հիմա կարգը անոր եկած է։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը