Այն ժողովուրդը որ իր պատմութիւնը լաւ չի գիտեր, դատապարտուած է


Այն ժողովուրդը որ իր պատմութիւնը լաւ չի գիտեր, դատապարտուած է

  • 14-03-2011 16:46:52   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Թուրք Պատմութեան Կաճառի նախկին Նախագահ պատմաբան Եուսուֆ Հալաճօղլու Մէ-Հէ-Փէ կուսակցութենէն Գոնիայի երեսփոխանական թեկնածու ընտրուած է, այս կերպով ան հիմա կը մտնէ նաեւ քաղաքական գործունէութեան մէջ՝ ընտրելով Մէ-Հէ-Փէի շարքերը։ Այս առիթով ան Գոնիայի մէջ ելոյթ մը ունեցաւ ու առաջին անգամ ըլլալով ըրաւ հրապարակում մը։ Ըսաւ որ հայկական ցեղասպանութեան պնդումները ջրելու համար նախապէս իրենց տարած աշխատանքին մէջ յաճախ չկրցան գործածել պետական յատկացումներ, ատոր փոխարէն միակ անձը որ իրենց դրամական օգնութիւն ըրաւ, ՄԷ-Հէ-Փէի կուսակցապետ Տէվլէթ Պահչէլին էր։ Հալաճօղլու իր ելոյթին մէջ պնդեց որ պատմութիւնը ժողովուրդներու ապագան է եւ այն ժողովուրդը որ իր պատմութիւնը լաւ չի գիտեր, դատապարտուած է կորուստներ ունենալու։ Այս կերպով է որ կորսնցուցինք Կրետէ կղզին, հիմա այս կերպով է որ կրնանք նաեւ կորսնցնել Կիպրոսը, ըսաւ Հալաճօղլու։ Հալաճօղլու խօսքը կրկին կապելով հայոց ցեղասպանութեան պնդումներուն, նշեց թէ իրենք են որ առաջին անգամ ջրեցին հայոց կողմէ յառաջ քշուած ցեղասպանութեան ձաբռտուքները, իրենք ասիկա փաստեցին գիտական տուեալներով։ Հալաճօղլու ըսաւ որ 1914-ին Թուրքերը չեն գործած այն սպանդը որուն մասին կը խօսուի շարունակ, եթէ ուրիշ երկիրներու արխիւներուն ալ նայուի, պիտի տեսնուի որ այդպիսի սպանդ մը չէ կատարուած հայերու դէմ, ըսաւ Հալաճօղլու։ Ան դարձեալ թիւեր տալով Օսմանեան շրջանի հայ բնակչութեան մասին, պնդեց թէ հայերը սպաննուած չէին ու Թուրք ժողովուրդը պէտք է լաւ գիտնայ իր պատմութիւնը։ Եթէ պատմութիւնը չգիտնանք, ապագայ ալ չենք կրնար ունենալ, ըսաւ Հալաճօղլու։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը