Ամերիկայի մէջ »Հայոց ցեղասպանութեան« զոհերուն փոխհատուցում վճարելու դատի գլխաւոր դիմողը


Ամերիկայի մէջ »Հայոց ցեղասպանութեան« զոհերուն փոխհատուցում վճարելու դատի գլխաւոր դիմողը

  • 14-03-2011 16:33:04   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Ամերիկայի Սան Տիէկօ քաղաքի մէջ 95 տարեկանին մահացաւ Մարտին Մարութեան, որ »Հայոց ցեղասպանութեան« զոհերուն փոխհատուցում վճարելու դատի գլխաւոր դիմողը կը հանդիսանար։ Մարութեան »ցեղասպանութեան« զոհերու ժառանգներուն փոխ-հատուցում վճարելու դատի գլխաւոր դիմողներէն մէկն էր։ Գործընթացի արդիւնքով »Նիւ Եորք Լայֆ« 1915ի զոհերու ժառանգներուն փոխ-հատուցեց մօտաւորապէս 20 միլիոն տոլար։ Նշենք որ ներկայ դրութեամբ, Ամերիկայի, Ֆրանսայի եւ Յունաստանի ապահովագրական ընկերութիւնները »ցեղասպանութեան« զոհերու ժառանգներուն փոխհատուցած են մօտաւորապէս 52 միլիոն տոլար։ Դատական գործընթացի փաստաբան Վարդգէս Եղիաեան յայտարարեց թէ Մարութեանին կը հետաքրքրէին ո՛չ թէ դրամները, այլ պատմական ճշմարտութեան վերականգնումը։ »Մարութեանն է որ բացաւ »ցեղասպանութեան« զոհերու հազարաւոր ժառանգներու ճամբան, որոնք կրցան փոխհատուցում ստանալ«, ըսաւ փաստաբանը։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը